Վրաստանը կը պատրաստուի միանալու Եւրոպայի միասնական վճարային գօտիին (ՍԵՓԱ): «Նովոսթի Կրուզիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի:
Հարկային սպասարկման եւ մատակարարներու ներդաշնակեցման այս կառոյցը հասանելի է 36 երկիրներու մէջ, ներառեալ Եւրոպական Միութեան անդամ 27 երկիրները, ինչպէս նաեւ Բրիտանիոյ, Իսլանտայի, Նորվեկիոյ, Լիխթենշթայնի, Զուիցերիոյ, Մոնաքոյի, Սան Մարինոյի, Անտորայի եւ Վատիկանի մէջ:
Միացումը վրացի յաճախորդներուն կ՛արտօնէ Եւրոպական Միութեան որեւէ կէտի մէջ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ շարք մը երկիրներու մէջ անկանխիկ վճարումներ կատարել եւրոյով:
«Այլեւս կարիք պիտի չըլլայ թղթակից դրամատուն կամ միջնորդ օգտագործելու` դէպի Եւրոպական Միութիւն փոխանցումներ կատարելու համար», բացատրած է Ղարիպաշվիլի: «Ատիկա շատ օգտակար պիտի ըլլայ մեր քաղաքացիներուն համար», աւելցուցած է վարչապետը:
Ղարիպաշվիլի նշած է, որ եւրոպական միասնական վճարային տարածքին միանալը «Եւրոպական Միութեան համարկման առնչուած է»:
Անոր համաձայն, հոլովոյթին մասնակից են Ազգային դրամատունը, տնտեսութեան նախարարութիւնը եւ կառավարական այլ գերատեսչութիւններ: Բացի ատկէ, երեք օրինագիծեր, որոնք կ՛արտացոլեն օրէնսդրութեան համապատասխան փոփոխութիւնները, պիտի ուղարկուին Վրաստանի խորհրդարանին կողմէ հաստատուելու:
ՍԵՓԱ-ն սկսած է գործել 2008 թուականին` վարկային փոխանցումներու համար: Համակարգը եւրոյի գօտիին մէջ ամբողջութեամբ սկսած է գործել 2014 թուականին, իսկ մինչեւ 2016 սկսած է գործել այդ գօտիէն դուրս եղող երկիրներու մէջ, որոնք հարթակի անդամներ են: