Իրանը, Ազրպէյճանն ու Ռուսիան մտադիր են միացեալ ներդրումներ կատարել Ռեշթ-Ասթարա երկաթուղիի նախագիծի կառուցման մէջ, որ համահունչ Է Հիւսիս-հարաւ միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի իրականացման: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:
«Դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւնները խթանելու հարցին մէջ Իրանի կառավարութեան եռանդուն դիւանագիտութեան համահունչ` Իրան վճռական է Չինաստանի եւ Ռուսիոյ հետ տարանցիկ առեւտուրը ընդլայնելու նկատմամբ», ըսած է Իրանի ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան փոխնախարար Շահրիար Աֆանտիզատէ:
Ան նաեւ յայտնած է, որ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումի ընթացքին պիտի քննարկուի Ռեշթ-Ասթարա երկաթուղիի շինարարութեան մէջ ներդրումներու հոլովոյթը: