Իրաքի մէջ Սատըրական հոսանքի ղեկավար սէյիտ Մուքթատա Սատըր քաղաքական կեանքէն «վերջնականապէս» իր հեռացումը եւ հոսանքին պատկանող բոլոր հաստատութիւններուն փակումը յայտարարեց:
Սատըր երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Վերջնական հեռացում կը յայտարարեմ, եւ փակումը բոլոր հաստատութիւններուն, եւ բոլորը ինծի հետ կապ չունին»:
«Միայն ուզեցի սրբագրել աղաւաղումները, որոնց գլխաւոր պատճառը շիիական քաղաքական ուժերն են` նկատի ունենալով, որ անոնք մեծամասնութիւնն են, եւ միայն ուզեցի զանոնք իրենց ժողովուրդին մօտեցնել, որպէսզի անոնք զգան անոր տառապանքները», աւելցուց ան:
Սատըրի յայտարարութեան հրապարակումէն ետք անոր համակիրները ներխուժեցին Իրաքի դարպասներէն ներս: Ապահովական ուժերը ցուցարարներուն կոչ ուղղեցին` անմիջապէս հեռանալու կեդրոնական Պաղտատի Կանաչ շրջանէն:
Հոսանքի հարիւրաւոր համակիրներ նաեւ ներխուժեցին Կանաչ շրջանին մէջ գտնուող նախագահական պալատ:
Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազեմի ցուցարարներուն վարչապետարան ներխուժման պատճառով նախարարաց խորհուրդի նիստերու ցնոր տնօրինում առկախումը յայտարարեց: Երէկ աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ Պաղտատի մէջ ցուցարարներուն վրայ ապահովական ուժերուն կրակոցին պատճառով արձանագրուած են 12 զոհեր, վիրաւորուած են հարիւրաւորներ:
Մինչ այդ, Իրաքի միացեալ գործողութիւններու հրամանատարութիւնը Պաղտատի մէջ յայտարարեց ամբողջական կրակմարի դրութիւն, որ ուժի մէջ մտաւ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին:
Սատըր կիրակի օր քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններուն կոչ ուղղած էր «հրաժարելու իրենց վարած կառավարական դիրքերէն` լուծելու համար Իրաքի տագնապը»:
Նախքան այդ, Սատըրը պահանջեց խորհրդարանը լուծարել եւ կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարել. սիւննիներու «Համակարգումի շրջանակ»-ը համաձայն գտնուեցաւ կանխահաս ընտրութիւններուն, սակայն ճշդեց նախապայմաններ, որոնց կարեւորագոյնը սահմանադրութիւնն ու երկրին մէջ պետական կառոյցներու յարգումն էր:
Իրաքի երեք ղեկավարները` նախագահ Պարհամ Սալեհ, վարչապետ Մուսթաֆա Քազեմի եւ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Հալպուսի երկու օր առաջ իրաքեան քաղաքական ուժերուն կոչ ուղղած էին` միասնաբար ազգային երկխօսութեան սեղան նստելու` երկիրը հարուածող քաղաքական սուր տագնապներուն լուծում մը գտնելու համար:
Իրաք հոկտեմբեր 2021-ին խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններու կայացումէն ի վեր քաղաքական սուր տագնապ կը դիմագրաւէ. քաղաքական կողմերու միջեւ խորհրդակցութիւններուն նոր վարչապետի նշանակման շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած: Այդ պատճառով ալ Սատըրական հոսանքի խորհրդարանի անդամները սէյիտ Մուքթատա Սատըրի հրամանով հրաժարեցան խորհրդարանէն: