Գերմանիոյ կառավարութիւնը մտահոգ է ածուխի մատակարարումներուն առնչուած խնդիրներով` Հռենոս գետի ջուրի ցած մակարդակին պատճառով աշնան ու ձմրան ելեկտրակայաններու աշխատանքին համար, եւ երկիրի արեւելեան շրջաններ քարիւղի մատակարարումներուն առնչուած խնդիրներով: Այս մասին կը նշուի փաստաթուղթի մը մէջ, որուն ծանօթացած է «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Եւրոպայի մեծագոյն տնտեսութիւնը կը փորձէ կրճատել ռուսական ուժանիւթէն իր կախեալութիւնը: Սակայն Հռենոս գետի ջուրի խիստ ցած մակարդակի շաբաթները խափանած են գումակային աշխատանքը եւ խորացուցած Գերմանիոյ ուժանիւթային գլխացաւը, որովհետեւ արդիւնաբերութիւնը ժամանակաւորապէս անցած է ածուխի եւ քարիւրի` ռուսական կազի ներածման կտրուկ անկումին պատճառով:
Փաստաթուղթը յղում կը կատարէ Հռենոսի մէջ ջուր ցած մակարդակին, որուն պատճառով նուազած է գետի ճամբով փոխադրուող ածուխի քանակը:
Կացութեան էական բարելաւում չ՛ակնկալուիր, կ՛ըսէ լրատու գործակալութիւնը, իսկ ծանրաբեռնուած երկաթուղային համակարգը չի թեթեւցներ կացութիւնը:
Գերմանիոյ նախարարաց խորհուրդը չորեքշաբթի օր հաստատած է երկիրի երկաթուղային ցանցերուն կողմէ ուժանիւթի փոխադրման առաջնահերթութեան մասին օրէնքը:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի նաեւ, որ քարիւղի մատակարարումները կրնան հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ խնդիր դառնալ:
«Քարիւղի վերամշակման «Շվետթ» եւ «Լէունա» գործարանները տարեվերջին պիտի հրաժարին ռուսական խողովակաշարերու քարիւղէն` Եւրոպական Միութեան կողմէ հաստատուած քարիւղի արգելքին պատճառով, ինչ որ նուազագոյնը պիտի յանգեցնէ գիներու բարձրացման», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:
«Լէունա» եւ «Շվետթ» գործարանները կրնան աշխատիլ 75 առ հարիւր հզօրութեամբ, կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:
«Շվետթ»-ը կը մատակարարէ արեւելեան Գերմանիոյ մեծ մասը, ներառեալ Պերլինի օդակայանը: Տարածաշրջանը արեւմտեան շրջաններէն վերամշակուած արտադրանքով ապահովելու փորձերը նոյնպէս կրնան փոխադրամիջոցային խնդիրներու բախիլ երկաթուղիի վրայ նեղ հատուածներու պատճառով, կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:
«Երկաթուղային փոխադրումներուն մէջ փոխադրամիջոցային հզօրութիւններու մեծ պահանջարկը եւ բացը կը յանգեցնեն քարիւղի մթերքներու գումակային աշխատանքի բարդ կացութեան: Վերամշակման գործարաններէն որոշ ապրանքներ կարելի չէ տեղափոխել», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:


