Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Այս մասին հաղորդեց Քրեմլինի կայքը:
«Շարունակուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած կացութեան քննարկումը: Վերահաստատուած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմ համաձայնութիւններու հետեւողական գործադրութեան կարեւորութիւնը:
«Միեւնոյն ժամանակ նշուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի դերը շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման գործին մէջ:
«Անդրադարձ կատարուած է Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման որոշ արդիական հարցերու», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:


