«Ազրպէյճանի վերականաչապատում եւ ջրային տնտեսութիւն» բաց բաժնետիրական ընկերութեան ներկայացուցիչները 22 օգոստոսին տեղական փորձագէտներու մասնակցութեամբ ստուգած են Սարսանգի ջրամբարը:
Ազրպէյճանական պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ստուգման նպատակը Սարսանգի ջրամբարին մէջ թեքնիք հսկողութիւն կատարելն էր, ներկայ կացութեան ծանօթանալը, Թարթառ գետէն եկող եւ ջրամբարէն բաց ձգուող ջուրի ժամանակացոյցին հետեւիլը եւ այլն:
Աղբիւրը կը նշէ. «Հանդիպումն ու բանակցութիւնները անցած են փոխըմբռնման եւ կառուցողականութեան պայմաններու մէջ»: Ըստ լրատու գործակալութեան, համաձայնութիւն գոյացած է, որ հետագային նման հանդիպումներն ու այդ տարածք այցելութիւնները շարունակուին:
Սարսանգի ջրամբարը կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան տարածքին մէջ, իշխանութիւնները չեն մեկնաբանած, թէ ազրպէյճանցիներուն ինչպէ՛ս արտօնութիւն տրուած է այցելել ջրամբարի տարածք:
Արցախի տեղեկատուական շտաբը այս առնչութեամբ յայտարարութիւն հրապարակելով յայտնեց.
«Այդ առնչութեամբ կը տեղեկացնենք, որ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած կացութեան մէջ ջրային հարստութիւններու կառավարման եւ հանրութեան մատակարարուող ըմպելի ու ոռոգման ջուրերու անվտանգութեան ապահովման նպատակով Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի միջնորդութեամբ Արցախի Հանրապետութեան ջրային կոմիտէի ներկայացուցիչները 2021 թուականէն ի վեր կը հաղորդակցին ազրպէյճանական կողմին հետ եւ պարբերական այցելութիւններ կը կատարեն Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հատուածներ` հանրապետութեան շարք մը համայնքներուն (ներառեալ Ստեփանակերտը) մատակարարուող ըմպելի եւ ոռոգման ջուրերու օգտագործման շուրջ փոխադարձ համաձայնութիւններ ձեռք բերելու եւ խնդիրներու լուծման համար:
«Այդ ծիրին մէջ հերթական հանդիպումը կազմակերպուած էր Սարսանգի ջրամբարին մօտ` Սարսանգի ջուրերու փոխշահաւէտ օգտագործման հարցի քննարկման նպատակով: Տեղւոյն վրայ միտքեր փոխանակուած են ջրային հարստութիւններու իմաստուն օգտագործման հաւանական տարբերակներու շուրջ` հաշուի առնելով Սարսանգի ջրամբարին նկատմամբ Արցախի Հանրապետութեան վերահսկողութիւնը, իսկ որոշման ենթակառոյցներու նկատմամբ` ազրպէյճանական վերահսկողութիւնը: Յառաջիկային քննարկումները պիտի շարունակուին եւ որոշումները պիտի կայացուին Արցախի Հանրապետութեան շահերէն մեկնելով` հիմք ընդունելով թէ՛ ելեկտրականութեան արտադրութեան, թէ՛ ոռոգման կարիքները Սարսանգի հատուածին մէջ, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան այլ հատուածներու մէջ ըմպելի եւ ոռոգման ջուրերու առնչուած կարիքները:
«Թէեւ ըմբռնումով կը մօտենանք Արցախի Հանրապետութեան պետական մարմիններուն ուղղուած քննադատութիւններուն, բայց եւ այնպէս, կ՛ուզենք յայտնել, որ Արցախի իշխանութիւնները որեւէ իրադարձութիւն թաքցնելու նպատակ չեն հետապնդեր, կ՛առաջնորդուին բացառապէս Արցախի Հանրապետութեան եւ արցախցիի շահով` ստեղծուած կացութեան մէջ նրբանկատօրէն ձեռնարկելով կարելի բոլոր քայլերը` պետութեան եւ հանրութեան անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու, լարուածութիւն ծնող երեւոյթները չէզոքացնելու ուղղութեամբ»:


