Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 24, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 896 վարակուածներ եւ մահացած է 3 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 34.000 լ. ոսկի է:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Խաթիպ Ամանիին յայտնեց, որ Իրան յաղթած է պատժամիջոցներուն եւ շրջափակումին:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ, հանդիպելէ ետք Միջազգային դրամատան տնօրէններու հետ, շեշտեց, որ Լիբանանին յատկացուելիք վարկը` ցորեն գնելու նպատակով, պիտի տրամադրուի յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին: Ան աւելցուց, որ Միջազգային դրամատունը տնտեսութեան նախարարութեան յատկացուցած է նաեւ այլ գումար մը` պահպանելու համար երկրին սննդեղէնի ապահովութիւնը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի երէկ Սայտայի սերայէն մաղթեց, որ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը կազմուի եւ նախագահական պաշտօնը թափուր չմնայ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ մաքսատնային տոլարը գոյութիւն չունեցող ծրագիրի մը մէկ մասն է` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կը դիմէ չսերտուած քայլերու:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներու պայթումին յիշատակին առիթով յայտնեց, որ անոնք պիտի մնան արիւնող վէրքեր, մինչեւ արդարութեան գործադրութիւնը: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց պայթումի զոհերուն հարազատներուն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի,  անդրադառնալով Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներուն պայթումին յիշատակին, յայտնեց, որ արդարութիւնը կը մնայ ոչ ամբողջական, այնքան ատեն որ վերջնական վճիռ չէ արձակուած: Հարիրի ընդգծեց, որ ինչքան ալ ժամանակ անցնի, պատիժը պիտի հաստատուի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աշրաֆ Ռիֆի Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներուն պայթումին յիշատակին առիթով յայտնեց, որ պայքարը պիտի շարունակուի, մինչեւ արդարութեան գործադրութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ ցաւակցութիւն յայտնեց Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներուն պայթումին պատճառած զոհերուն ընտանիքներուն: Ան նշեց, որ իրենք կը զօրակցին զոհերուն ընտանիքներուն եւ կը պահանջեն ճշմարտութեան բացայայտումն ու յանցագործներուն պատիժի ենթարկումը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ կը շարունակէ տնտեսական տագնապին սկիզբը որդեգրած եւ սկսած իր ծրագիրը` հասնելու համար վերջնական փլուզման նպատակին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, անդրադառնալով Պաշիր Ժեմայէլի նախագահ ընտրութեան 40-ամեակին, Ժեմայէլի խոստացաւ հանրապետութեան նախագահ ընտրել անոր նմանը:

Նախորդը

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ

Յաջորդը

2022-ի Առաջին Եօթը Ամիսներուն Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 50 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրած Են

RelatedPosts

Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Լիբանանեան

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սալամ Սայտա Այցելեց
Լիբանանեան

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?