Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ

Օգոստոս 24, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ` բոլոր անոնց, որոնք հաւատքի տուներ ունին, եկեղեցի, մզկիթ, փակոտ, ուխտավայրեր, սրբութիւններ, որոնց մէջ իրենք իրենց  անցեալը եւ գալիքը կը սեւեռեն…

ԲԱՑ  ՆԱՄԱԿ` հինգհազարամեայ ժողովուրդի  մը զաւակներուն, որոնք կը կոչուին կամ կը կոչուէին հայ:

Լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Հայաստան-Արցախէն դեռ չբռնագրաւուած տարածքներ պիտի յանձնուին Ազրպէյճանի:

Հայկական հանրապետութեան իշխանութիւնները հակազգային (չ)իմաստութեամբ որոշած են անշշուկ եւ բարիդրացնութեան տուրք տալով` թշնամիին յանձնել այն, ինչ որ կը պահանջուի: Այսօ՛ր Բերձոր եւ Աղաւնոյ: Վա՞ղը…

Մեծ քաղաքագէտ ըլլալու կարիք չկայ հասկնալու համար պատմութեան պատգամը: Համաթուրանականութեան երազի իրականացման ճամբուն վրայ հայը եւ Հայաստանը սեպ կը համարուին, եւ թրքութիւնը մտադրած է այդ սեպը վերացնել: Լսողներու համար ոմանք գործածեցին վիլայլէթ   բառը եւ չանհանգստացանք:

Եթէ տարածքներ կը յանձնուին, կը նշանակէ, որ յանձնողներ կան: Ո՞ր ազգային, քաղաքական, մարդկային տրամաբանութեամբ, ո՞ր ընդունուած միջազգային կարգով եւ բարոյականով  հայու հող-հայրենիքը կը բզկտեն:

Անյիշելի ժամանակներէ ի  վեր հայկական  Արցախի բեկոր Բերձոր կոչուած մասնիկ բնակավայրին եւ Աղաւնոյ կոչուած բեկորին տէր  պիտի դառնան հոն  ո՛չ քրտինք, ո՛չ ալ նախնիներու գերեզման ունեցողներ: Ի՛նչ ալ ըլլան իմաստուն մանիթուներու գործնապաշտական  ճապկումները, Բերձորը եւ Աղաւնոն յանձնելը ինքնութենէ հրաժարման, առաւել մէկ  հայու հետքը ջնջելու մեծ դաւին մասնակցութիւն է: Ի՞նչ պաշտպանելու եւ ի՞նչ շահելու համար հայը ինքզինք կամ ուրիշներ զինք հողազուրկ եւ տնազուրկ կ՛ընեն: Ինչո՞ւ հայը ինք ալ մեղսակից կ՛ըլլայ իր դէմ նիւթուող դաւին:

Երբ աշխարհի բոլոր մեծ ու պզտիկ ամբոխավարները մեծ ժողովներու  բեմերէն կը խօսին մշակոյթներու եւ կրօններու համակեցութեան մասին, Արցախի Բերձոր   հայկական բնավայրին տիրանալու պատրաստուող նախայարձակ եւ ցեղապաշտ Ազրպէյճանը  արդէն ծրագիր մշակած  է անոր եկեղեցին մզկիթի վերածելու համար:

Կարսի Առաքելոցի ճակատագի՞րը պիտի ունենայ այս եկեղեցին, ուր երբեմն իրենց ճամբան կորսնցուցած հայածնունդ զբօսաշրջիկներ պիտի հասնին… լուսանկարուելու համար:

Ապա կրնան երթալ նաեւ Աղաւնոյ եւ նկարել այն, ինչ որ մնացած կ՛ըլլայ հին եկեղեցիէն:

Հերթը ե՞րբ պիտի հասնի Հռոմի  Ս. Պետրոսին, Մոսկուայի Ս. Փրկիչ եւ Ս. Վասիլ  տաճարներուն, ինչո՞ւ ոչ` Նիւ Եորքի Ս. Փաթրիքին… քանի որ Ազրպէյճան շղթայազերծած է  Հանթինկթընի  նախատեսած կրօնական եւ ցեղային զտման պատերազմը: Առածը կ՛ըսէ, որ ախորժակը ուտելով կը բացուի:

Հանրապետութիւնը ներկայացուցչութիւն ունի ԵՈՒՆԵՍՔՕ: Ի՞նչ կը բանի այդ ներկայացուցչութիւնը: Ո՞վ տէր է, ո՞վ կը պաշտպանէ Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին, ե՞րբ Բերձորի եւ Աղաւնոյ եկեղեցիները կրօնամոլական եւ ցեղապաշտական կիրքով մզկիթ դառնան, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն հանդիսատե՞ս պիտի մնայ:

Ինչո՞ւ սփիւռքը ցոյցի չի դիմեր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոններուն առջեւ` ըսելու համար, որ ան իր պարտականութիւնը չի կատարեր, ինչպէ՞ս կ՛ընդունի, որ մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւններ աւերուին, անհետանան: Ինչ որ կը պատահի, ՄԱԿ-ի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի  անբարոյացում է: Ինչո՞ւ տիրոջ եւ իրաւազրկուողի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքով հրապարակ չգալ, չենք գար: Եթէ հարկ է` դիմակազերծ ընելով բոլոր մեծխօսիկները: Եթէ այս ընենք, ի՞նչ բան աւելի կը կորսնցնենք:

Երկու չափ երկու կշիռի մասնագէտ ղեկ բռնածներէն հաշիւ չպահանջել, թէ ինչո՞ւ Ալիեւ եւ Էրտողան չեն յանձնուիր Լա Հէյի Մարդկային իրաւանց դատարան:

Հիմա Հայաստանի իշխանութիւնները բնակիչներուն դրամ կու տան, որ լքեն հայրենի հող ու տուն, առանց դիմադրութեան լքեն հայրենիք: Ո՞ւր են հայրենատիրութիւնը եւ ազգային ինքնապաշտպանութիւնը:

Համահայկական հիմնադրամը ընդհանուր հաշուետուութիւն պէտք է ընէ ցոյց տալու համար, թէ որքա՞ն ծախսուեցաւ Արցախի համար եւ այսօր յանձնուած է թշնամիին, պետութիւնը որքա՞ն գումար վերցուցած է հիմնադրամէն, ո՞ւր ծախսուած են այդ գումարները:

Մի՞թէ հիմնադրամը եղած էր թշնամին պարարտացնելու համար:

Դիմակները պէտք է պատռել, ուր որ կան դիմակաւորներ:

Եւ վերջ տալ դուրսի զգացական ու չարաշահուող հայրենասիրութեան  եւ ներսի շահախնդրութիւնները աճեցնող պարտուողականութեան, ըսին եւ կրկնեցին` կապիտիւլացիա: Յետո՞յ: Գոհունակութեամբ մնացինք նոյն տեղը… գետին դոփելով, նախկիններ հոլովելով, թարմացնելով անոնց վերագրուած կողոպուտը` հագցնելով նոր շապիկ, որ կոչի պարգեւավճար, որ ստուածայինի պէս է, երբ իր շարունակութեան վրայ կը բազմապատկուին «զրօ»-ները, որոնք պարգեւավճարները զրոյական չեն դարձներ:

Օր մը, յանուն ջատագովուած թափանցիկութեան, կը հրապարակուին անունները պետական այրերուն, մեծ  եւ պզտիկ, իրենց ստացած  բոլոր պարգեւավճարներու գումարներու աջի բոլոր զրոներով:

Ի դէպ, հիմնադրամի մեծ ու պզտիկ նուիրատուները պիտի գիտնան կամայական որոշումով վերցուած ՀԱՐԻՒՐ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ճակատագիրը: Հայրենասէրը քիթին երկաթ օղակ դրուած կո՞վ է միթէ պետական այրերուն եւ անոնց սպասարկող մանր փառքի վաշխառուներուն համար:

Ամառ է: Օգոստոս: Ինչո՞ւ խանգարել հանգստանալու իրաւունքը` Անթալիա թէ Սոչի, Նիցցա թէ Լոս: Մի՞թէ կ՛արժէ անհանգստանալ մէկ-երկու հինցած պատերով եկեղեցիներու համար եւ չտեսնել Նեւատայի անապատին մէջ հրաշքով բուսած Վեկասը եւ հոն, բախտ փորձելու համար չմսխել առանց քրտնած ըլլալու շահուած գումարները:

Աղաւնոյ, Բերձոր… Պատմութեան միգամածներէն յանկարծ յայտնուած անուններ եւ պատկերներ: Անոնք վաղը կրնան իրենց տեղը վերագտնել կամ չգտնել հին եւ հինցող էջերու մէջ` սպասելով, որ տիրացու մը կամ մասնագէտ մը զիրենք լուսարձակի մը տակ բռնէ հետաքրքրուողներ բաւարարելու եւ փոխադարձաբար հրճուելու համար, գումարուելով  Աղթամարի, Առաքելոցի վրայ: Երազներու եւ յիշատակներու կայսրութիւն, փառասիրութիւն խաղալու համար, երբ թագաւորները թագաւորութիւն չունին… եւ թագուհիները շոփինկ կ՛ըեն…

Ոչ հեռաւոր անցեալին արդէն ըսուեցաւ, որ արցախցին վարժուած էր թուրքին հետ ապրելու եւ հիմա ալ կրնայ ապրիլ: Եզրակացութիւն… Կարիք կա՞յ Հայաստանի եւ Արցախի… Մի՞թէ չապրեցանք եւ չենք ապրիր առանց Վանի, Մուշի, Սասունի, Բերկրիի, Արածանիի… Լաւ ապրելու իրաունքով չե՞նք երթար Վեկաս եւ Լոս, Նիցցա եւ Սոչի…

Իսկ ի՞նչ  պիտի ըսեն մարդկային իրաւունքներէ ճառող ՄԱԿ-ը, խաղաղութեան հսկող Ապահովութեան խորհուրդը, համակեցութենէ ճառողները…

Շէյքսփիր ըսած էր` ԲԱՌԵՐ, ԲԱՌԵՐ, Words, Words…

Մեզի համար չէր ըսած:

Ի՞նչ կը հետապնդեն Հայաստանի  իշխանութիւնները, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար հարց տալ, թէ ի՞նչ կը պարտադրուի Հայաստանի: Ի՞նչ յանձնառութիւններ ստանձնուած են: Ներսի  եւ դուրսի ժողովուրդը իրաւունք ունի գիտնալու: Այս` անկախաբար իշխանութիւն-ընդդիմութիւն  ամիսներէ ի վեր տեւող թատրոնէն:

Հարցում` զբօսաշրջիկի հոգեբանութեամբ բոլոր մտածողներուն եւ վերլուծողներուն. ո՞ւր կ՛երթանք, ո՞ւր կը տանին: Կարելի՞ է դեռ շարունակել նախկինի եւ թաւիշի խաղը: Կարելի՞ է շարունակել լաւատես տուրիստի պէս գոհունակ աչքով դիտել ներկան եւ չմտահոգուիլ գալիքով:

ՄԱԿ-ի ուսումնասիրութիւնը այլ ահազանգ մը կը հնչեցնէ. 2050-ին Հայաստանի բնակչութեան 5-էն 1-ը տարեց պիտի ըլլայ: Կարելի՞ է չմտածել բնակեցման եւ հայրենադարձութեան մասին, այսօ՛ր, գիտնալով, որ վաղը միշտ ուշ է, եւ հիմնահարցերու լուծման համար անհրաժեշտ են իրատեսութիւն ու միացում: Հարկ է թօթափել օգոստոս-արձակուրդի թմբիրը եւ մտածել Բերձորի ու Աղաւնոյի, Զանգեզուրի, Սեւանի, թերեւս նաեւ Երեւանի մասին…

 

 

Նախորդը

Նախկին Կերիլլայական Յեղափոխականը` Քոլոմպիոյ Նորընտիր Նախագահ… Ամերիկեան Յուսախաբութիւնները Կը Բազմանան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?