Ղուկաս Ա. Կաթողիկոսի Վախճանումը Եւ Յովսէփ
Արքեպիսկոպոս Արղութեանի Թեկնածութիւնը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ռուսաստանի Փաւէլ Ա. կայսր, ընդառաջելով Վարանդայի մելիք Ջումշուդի եւ Գիւլիստանի մելիք Ֆրէյդունի ներկայացուցած աղերսագիրներուն, 2 յունիս 1799-ին հրովարտակ շնորհած էր:
Այդ հրովարտակին յաջորդ օրը` 3 յունիսին կայսրը առանձին նամակ գրեց վրաց Գէորգի ԺԲ. թագաւորին, ծանուցանելով մելիքները իրենց հպատակ ժողովուրդին հետ Վրաստանի մէջ բնակութեան թոյլտուութիւն տալու իր որոշումին մասին: Այդ նամակը մելիքներուն յանձնուեցաւ, որոնք զայն Գէորգի ԺԲ.ին պէտք է յանձնէին իրենց վերադառնալէն ետք:
Փաւէլ Ա. կայսր միաժամանակ բարձրագոյն հրաման տուաւ պետական խորհրդական եւ Վրաստանի մէջ դեսպան եւ լիազօր նախարար նշանակուած Պետր Կովալնեսկիի, ուր կ՛ըսուէր.
«Հայոց մելիքները` Ջումշուդ եւ Ֆրէյդուն, որոնք հոս (Պետերբուրգ) կը գտնուին, եւ միւսները, որոնք մնացած են Վրաստան եւ Պարսկաստան (Ղարաբաղ), իրենց զանազան հայրենակիցներու հետ դիմեցին նորին կայսերական մեծութեան հովանաւորութեան եւ բարձրագոյն հաճութիւն ստացան բնակութիւն հաստատելու Վրաստանի մէջ, այն պայմանով, որ թագաւորը (Գէորգի ԺԲ.) անոնց հողեր տայ, ուր անոնք կարենան տեղաւորել թէ՛ զիրենք եւ թէ իրենց հպատակները, ինչպէս եւ ուրիշ այն բնակիչները, որոնք կու գան Պարսկաստանէն: Թագաւոր կայսրը, կամենալով, որ այդ քրիստոնեայ համայնքը Վրաստանի մէջ ծաղկէր որքան հնարաւոր է, նոյնիսկ նոյն երկրի սեփական օգուտի համար, դուք պիտի աշխատիք, որ թագաւորը (Գէորգի) հողերու այդպիսի զիջում ընէ մելիքներուն համար ամէնէն աւելի ձեռնտու պայմաններով: Եւ որովհետեւ այսպիսի հասարակութիւն չի կրնար բնակութեան հաստատ հիմք ունենալ եւ ընդարձակել իր յառաջդիմութիւնը, մինչեւ որ պահպանուած չըլլան անոր սովորութիւնները եւ կառավարութեան ձեւերը, որոնք հին ժամանակներէն յատուկ եղած են անոր, ուստի եւ ցանկալի է, որ ան (հայոց հասարակութիւնը) ուրիշ տեսակ կախում չունենայ Վրաստանէն, բացի վասալական դրութենէն, վճարելով այնուամենայնիւ չափաւոր տուրք թագաւորին, եւ անոր հետ մասնակից ըլլալով այն ամէն ինչին, որ պէտք կ՛ըլլայ երկրի պաշտպանութեան համար, թէ՛ դրամով եւ թէ մարդոցմով: Ձեզի համար դժուար չըլլար զգացնել վրաց թագաւորին, թէ որքա՛ն օգտակար կրնան ըլլալ անոր համար, որ ամէն տեսակ քրիստոնէական համայնքներ կազմուին եւ հաստատուին այն տեղերուն մէջ, համադրելու համար իսլամներու տիրապետութեան, որ այնքան վնասակար եւ աւերիչ է քրիստոնեայ ժողովուրդներու համար»:
***
Մելիքները, Պետերբուրգի մէջ իրենց առաքելութիւնը աւարտած նկատելով, Պետր Կովալենսկիի հետ բռնեցին տունդարձի ճանապարհը: Օգոստոսին անոնք Աստրախան հասան:
Աստրախանի մէջ մելիք Ջումշուդի յանձնուեցաւ Ֆաթհ Ալի շահին նամակը, որ ուղարկուած էր Վարանդայի մելիքին անունով:
Ֆաթհ Ալի շահ 1799 յունուարին նամակ գրած էր մելիք Ջումշուդի եւ ուղարկած Աստրախան: Նամակը հասած էր այն ժամանակ երբ մելիքները արդէն ճամբայ ելած էին դէպի Պետերբուրգ:
Իր նամակին մէջ Ֆաթհ Ալի շահ մելիք Ջումշուդը կը հրաւիրէր վերադառնալ Պարսկաստան եւ անոր կ՛առաջարկէր պարսկահպատակ մնալ: Շահը Վարանդայի մելիքին հովանաւորութիւն կը խոստանար:
Շահէն ստացուած նամակի մասին մելիքները տեղեակ պահեցին Կովալենսկին: Իր կարգին Կովալենսկի այդ մասին անմիջապէս լուր ուղարկեց արքունիք:
Նոյն օրն իսկ, 17 օգոստոսին, մելիք Ջումշուդ նամակ գրեց Փաւէլ Ա. կայսրին: Վարանդայի մելիքը կը հաւաստէր ու կը հաւաստիացնէր որ ինք չի դրժեր Ռուսաստանի նկատմամբ ունեցած իր հաւատարմութիւնը:
Մելիքները տակաւին Աստրախան կը գտնուէին, երբ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան 1 սեպտեմբեր 1799-ին Պետերբուրգէն նամակ ուղարկեց Գէորգի ԺԲ. թագաւորին. «Յուսամ, զի եւ վեհազնեայ Պետր Իվանիչ Կովալինցկին եկեալ իցէ եւ Ձեր արքայական բարձրութիւն միամտեալ վասն ամենայնի: Լսեմք զշինումն կամրջաց, որ զօրքն գան»:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս յանձնարարութիւն ունէր վրաց արքային հաղորդելու, որ «Բաթալ փաշայ (որ աստ էր եւ մեր ամենաողորմած թագաւորի բանիւն եւ հաճութեամբ սուլթանն թուրքաց շնորհեաց զանցանս նորա եւ ետ նման զսերեսկերութիւնն Անատօլու), այժմ ի Ղռիմու գնացեալ է ի Տրապիզոն եւ ինձ խնդրէ հաւատարմացուցանել ձերոյ բարձրութեանն, որ եւ ոչ է թողլոց զլեզգի ի յԱխալցխայ, որպէս հարազատ երկուց կայսերացն Աստուած տացէ այսպէս լինիլ»:
Աստրախանէն մելիքները եւ Կովալենսկի 9 սեպտեմբերին ճամբայ ելան դէպի Ղզլար, ուրկէ ճամբան շարունակելով 26 նոյեմբեր 1799-ին հասան Թիֆլիս:
***

Ղուկաս Ա. Կարնեցի կաթողիկոս վերջին ամիսներուն գրեթէ շարունակ հիւանդ էր: Սկիզբը ան արեւահար եղած էր, եւ բաւական տառապելէ ետք մասամբ լաւացած` կը շարունակէր նոյն եռանդով աշխատիլ:
Կաթողիկոսին վրայ ծանր ազդած էին իրերայաջորդ պատուհասները: Յակոբ եպիսկոպոս Խամսեցի գիշեր մը Օշականի մէջ սպաննուած էր աւազակներու կողմէ: Մայրավանքին շրջակայքը խաներու միջեւ կռիւներու թատերաբեմ եղած էր: Զինեալներ տասնչորս օր վանքին մէջ մնացած եւ բազում վնասներ հասցուցած էին: Բարդող լերան եւ Երասխաձորի կողմերէն մինչեւ Թալին եւ Արագածի լանջերը տարածուող գօտիին մէջ կռիւները անպակաս էին քոչուոր ցեղախումբերուն միջեւ: Ամէն դժբախտութեանց վրայ ժանտախտն ալ աւեր կը գործէր:
Ղուկաս կաթողիկոսին վիճակը հետզհետէ ծանրացաւ եւ 1799 դեկտեմբեր 28-էն 29 լուսցող գիշերը ան հոգին աւանդեց: Յուղարկաւորութեան կարգը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 29 դեկտեմբերին, Որդւոց Որոտման տօնին օրը եւ մարմինը Սուրբ Գայեանէի գաւիթին հարաւային կողմը ամփոփուեցաւ:
***
Մայր աթոռի միաբանութիւնը կաթողիկոսի թաղման օրը Մայր տաճարին մէջ ժողով գումարեց եւ Մինաս եպիսկոպոսը տեղապահ ընտրեց: Որոշուեցաւ շուտով յաջորդի ընտրութիւն կատարել:
Մինաս եպիսկոպոս աչքի տեսողութիւնը կորսնցուցած էր եւ չէր կրնար կաթողիկոս ընտրուիլ: Ամէնէն արժանաւորը Պոլսոյ պատրիարք Դանիէլ Սուրմառեցին կը նկատուէր, որ բոլորին յարգանքը կը վայելէր, բայց դժուար թէ պոլսեցիք համաձայն գտնուէին, կրկին անգամ պատրիարքական տագնապի չմատնուելու համար: Աւելի յարմար կը նկատուէր Եփրեմ արքեպիսկոպոս Ձորագեղցի, որ ժամանակ մը Հնդկաստանի մէջ նուիրակութիւն կատարած էր եւ վերջերս ալ Ռուսաստանի նուիրակութեան ղրկուած էր: Բայց Եփրեմ արքեպիսկոպոս դժուար թէ կարենար ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի մրցակից ներկայանալ: Թերեւս աւելի յարմար կ՛ըլլար Յովսէփ արքեպիսկոպոսի թեկնածութիւնը դնել:
Մինաս եպիսկոպոս ըսաւ, որ Յովսէփ արքեպիսկոպոս ռուսերու մարդն է, կամ կրնայ ռուսաց կառավարութեան գործիք նկատուիլ, մինչ ընտրութիւնը հաստատողները պարսիկ եւ օսմանեան կառավարութիւնները պիտի ըլլան:
Յաջորդ օր` դեկտեմբեր 30-ին կրկին ժողով գումարուեցաւ Մայր տաճարին մէջ: Համաձայնութիւն գոյացաւ Դանիէլ պատրիարքի եւ Եփրեմ արքեպիսկոպոսի անուններուն շուրջ: Պաշտօնական գիրը պատրաստուեցաւ միաբանութեան անունով: Գիրը ստորագրեցին նաեւ Երեւան քաղաքի մելիքները եւ իւզպաշիները:
***

Ղուկաս կաթողիկոսի վախճանման գոյժը շուտով Թիֆլիս հասաւ:
Թիֆլիսի հայութիւնը եւ պետական շրջանակներ սկսան կաթողիկոսական ընտրութեամբ զբաղիլ եւ համամտութիւն յայտնեցին Յովսէփ արքեպիսկոպոսի անունին վրայ:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս քսանեօթը տարիէ ի վեր ռուսահայոց առաջնորդն էր, մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր եւ ռուսական արքունիքին հետ մտերմական յարաբերութիւններ ունէր: Ան յարմարագոյն եւ գուցէ միակ միջնորդն էր, որ կրնար Ռուսիոյ պաշտպանութեամբ հայութիւնը իր տագնապալից վիճակէն ազատել:
Յովսէփ արքեպիսկոպոսի կուսակիցները անմիջապէս գործի լծուեցան եւ իրենց կողմը շահեցան Գէորգի ԺԲ. թագաւորը, Թիֆլիսի մէջ ռուսական զօրքի հրամանատար Լազարեւը եւ դեսպան Պետր Կովալենսկին:
Գէորգի թագաւոր իրեն համար նպաստաւոր արդիւնքներ կրնար ակնկալել Յովսէփ արքեպիսկոպոսի դիրքէն եւ յարաբերութիւններէն: Թագաւորը իր մօտ կանչեց Յովհաննէս արքեպիսկոպոս Ակնեցի Գեղարդակիրը եւ հրամայեց. «Գրէ՛ միաբանակիցներուդ եւ ծանուցէ, որ հնարաւոր չէ ուրիշ մէկը ըլլայ ձեզի հայրապետ բացի Յովսէփէն»: Թագաւորը սպառնաց նաեւ հակառակ պարագային Էջմիածինէն բերուած Սուրբ Գեղարդը չվերադարձնել:
Գէորգի թագաւոր, որդին` գահաժառանգ իշխան Դաւիթ, Յովհաննէս արքեպիսկոպոս Ակնեցի եւ Թիֆլիսի հայ մեծամեծները Մայր աթոռի միաբանութեան ուղղուած գիրեր պատրաստեցին եւ Յովսէփ արքեպիսկոպոսի թեկնածութիւնը առաջադրեցին:
Իբրեւ պատգամաւորներ 11 յունուար 1800-ին Թիֆլիսէն Էջմիածին ճամբայ ելան իշխան Յովսէփ Միրիշքարբաշի եւ Տէր Առաքել քահանայ:
***
Իշխան Յովսէփ Միրիշքարբաշի եւ Տէր Առաքել քահանայ Էջմիածին հասան 27 յունուար 1800-ին:
Թիֆլիսի հայութեան թախանձանքը, վրաց թագաւորին կամքը, ռուսական ներկայացուցիչին առաջարկը եւ Սուրբ Գեղարդը կորսնցնելու սպառնալիքը նկատի առնելով, Մայր աթոռի միաբանութիւնը որոշեց ընտրելիներու անուններուն մէջ Յովսէփ արքեպիսկոպոսի անունն ալ աւելցնել:
Պոլսոյ մեծամեծներուն ուղղուած թուղթ պատրաստուեցաւ, ուր կ՛ըսուէր որ միաբանութիւնը չէր կրնար ընդդիմանալ Յովսէփ արքեպիսկոպոսի թեկնածութեան: Տաճկահայերը եթէ չեն հաւնիր կամ համարձակիր ռուսի մարդ եղողը կաթողիկոսութեան բարձրացնել, իրենք կրնան որոշել:
Միաբանութիւնը յունուար 29-ին իր որոշումը հաղորդեց գահաժառանգ Դաւիթ իշխանին եւ Պետր Կովալենսկիի, եւ կրկնեց Սուրբ Գեղարդը վերադարձնելու խնդրանքը:
***
Մայր աթոռի միաբանութիւնը Յովսէփ արքեպիսկոպոսին նամակ գրեց եւ յորդորեց հրաժարելու կաթողիկոսանալու մտադրութենէն:
Միաբանութեան անունով գրուած նամակին մէջ կ՛ըսուէր, որ Յովսէփ արքեպիսկոպոս ռուսական բանակին հետ օսմանցիներուն դէմ գտնուեցաւ Պենտէրի, Իզմայիլի, Եաշի եւ Սուչաւայի մէջ, պարսից դէմ` Դերբենդի, Շամախիի եւ Գանձակի մէջ: Ռուսահայոց առաջնորդը այն ատեն չհամարձակեցաւ Էջմիածին գալ եւ երկու անգամ Ղուկաս կաթողիկոսէն հրաւիրուելով` չախորժեցաւ ճաշակել դառնութիւնը այլազգի իշխանութիւններու խստութիւններուն:
Միաբանութիւնը ռուսահայոց առաջնորդին դիտել կու տար որ հայ ազգը մեծ մասամբ օսմանցիներու եւ պարսիկներու հպատակ է, եւ «եթէ չունիս կասկած վտանգի առ ամենաազնիւ անձն քո, եւ առ սուրբ տունս, եւ առ ազգն մեր, հրամայեսցես եկեսցես ի սուրբ աթոռս ի կաթողիկոսութիւն»:
Յովսէփ արքեպիսկոպոսի շքեղափառ անձին, Մայր աթոռին եւ ազգին համար վտանգներ կը սպառնային, եւ միաբանութիւնը ռուսահայոց առաջնորդին զգուշաւորութիւն կը թելադրէր: