ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ միութեան երկար տարիներու Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ, բազմավաստակ ՀՄԸՄ-ական եւ «Արժանեաց» շքանշանակիր`
ԺԻՐԱՅՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 21 օգոստոս 2022-ին, Սան Ֆրանսիսքօ, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ:
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
2022-2023 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
1.- Հարազատ հայկական մթնոլորտ կ՛ուզէ՞ք, անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
2.- Բարձրորակ ուսում կ՛ուզէ՞ք, անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
3.- Օտարահպատա՞կ էք եւ օտար ծրագիրի՞ կ՛ուզէք հետեւիլ, անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
4.- Մտային մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէք (mentally challenged) անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
5.- Լիբանանեան պրէօվէ, պաքալորիա՞ կ՛ուզէք, անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը իր կանաչապատ տարածութեամբ ընդարձակ խաղավայրերով, մասնագէտ ուսուցիչներով հոգեբանական խմբակով եւ ծառայասէր պաշտօնեաներով կը սպասէ ձեզի:
– Օսի Քէսմէեան մանկամսուրը 6 ամսականէն սկսեալ փոքրիկներ կ՛ընդունի: 2022-2023 տարեշրջանի առաջին 4 ամիսները (սեպտեմբերէն-դեկտեմբեր) ձրի են:
– Բողբոջ դասարանէն ԺԱ. դասարան ֆրանսերէն լեզուն կը դասաւանդուի իբրեւ 4-րդ լեզու:
– Երկրորդական դասարաններու աշակերտները կը հետեւին SAT եւ TOEFL դասընթացքներու:
ԺԲ. դասարանը կ՛ընդգրկէ 3 բաժանմունք`
1.- Ընկերատնտեսագիտական (SE)
2.- Կենսաբանական (LS)
3.- Ընդհանուր գիտութիւններ (GS)
2022-2023 տարեշրջանի արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան յուլիս ամսուան ընթացքին, ամէն երեքշաբթի եւ հինգշաբթի` առաւօտեան ժամը 8:00-1:00, իսկ սեպտեմբերին` ամէն օր նոյն ժամուն:
Նոր արձանագրուող աշակերտները պարտին իրենց հետ ունենալ`
– Իխրաժ քայտ կամ անձնագիր,
– Հաստատագիր նախորդ դպրոցէն,
– Պատուաստներու հաստատագիր:
Ուշադրութիւն` յուլիսի ընթացքին արձանագրուող աշակերտը կը ստանայ 5% զեղչ կրթաթոշակին վրայ, իսկ եթէ յուլիսին կամ սեպտեմբերին կրթաթոշակը ամբողջութեամբ վճարուի` դարձեալ կը ստանայ յաւելեալ 5% զեղչ:
2022-2023 տարեշրջանի վերամուտ
1.- Թ. եւ ԺԲ. դասարաններ` հինգշաբթի, 22 սեպտեմբեր:
2.- Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններ` երկուշաբթի, 26 սեպտեմբեր:
3.- Միջնակարգ (Է.- Ը.) դասարաններ` հինգշաբթի, 29 սեպտեմբեր:
4.- Նախակրթարան (Ա.-Զ.) դասարաններ` երկուշաբթի, 3 հոկտեմբեր:
5.- Մանկապարտէզ` հինգշաբթի, 6 հոկտեմբեր:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ
Ժանեթ Ներսէսեանի մահուան քառասունքին առիթով ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան եղած է հետեւեալ նուիրատուութիւնը.
Պրն. Ժան Ներսէսեան 3.000.000 լ.ո.