Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախկին Կերիլլայական Յեղափոխականը` Քոլոմպիոյ Նորընտիր Նախագահ… Ամերիկեան Յուսախաբութիւնները Կը Բազմանան

Օգոստոս 24, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հարաւային Ամերիկայի երկիրներէն Քոլոմպիոյ ժողովուրդը այս տարուան յունիս 19-ին վերջնականապէս վճռեց իր ընտրանքը` համակարգային արմատական փոփոխութիւններու ուղին որդեգրելու: Գրեթէ մէկ դար տեւող  քաղաքական միատեսակ ուղիի հետեւելէ ետք, երկրի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ձախակողմեան քաղաքական գործիչ մը` Կուսթաւօ Փեթրօ, ձախակողմեան լայն դաշինքի մը ալիքին վրայ բարձրանալով` հասաւ նախագահական պաշտօնին: Քանի մը ամսուան տարբերութեամբ միայն ասիկա Հարաւային Ամերիկայի մէջ ձախակողմեաններու երկրորդ մեծագոյն, բայց բաւականին դժուար ընտրական յաղթանակն էր Չիլիի մէջ ուսանողական շարժումի նախկին ղեկավար Կապրիէլ Պորիքի նախագահ ընտրութենէն ետք:

Քոլոմպիացի ժողովուրդին համբերութիւնը հատած էր այլեւս: Ան կարիքը ունէր փոփոխութեան մը, որ, մանաւանդ, երկիրը դուրս պէտք էր բերէր ամերիկեան ուղղակի թէ անուղղակի հոգատարութենէն: Երկիրն ու ժողովուրդը մասնաւորաբար կարիքը ունէին քանդելու վախի մթնոլորտը: Մթնոլորտ մը, որ անցնող տասնամեակներուն ընթացքին սարսափ ստեղծեց ձախակողմեան գաղափարներուն եւ շարժումներուն նկատմամբ, երկրով մէկ սփռեց անապահովութիւն եւ արիւնահեղութիւն` իրերայաջորդ զինեալ ապստամբութիւններու կողքին: Այդ անապահով վիճակը դժբախտաբար կը յամենար Քոլոմպիոյ մէջ նոյնիսկ երկրին գլխաւոր զինեալ ձախակողմեան ապստամբ ուժին` ՖԱՐՔ-ի զինաթափումէն եւ հաշտութեան կնքումէն ետք: Միայն անցնող երկու տարուան ընթացքին ապահովական ուժերը, արեան մէջ խեղդելու համար որեւէ ընդդիմադիր ձայն, երկրի տարածքին իրագործած էին շուրջ 70 ջարդեր, որոնց զոհ գնաց 496 քաղաքային անձ: Ուրեմն փոփոխութիւնը անհրաժեշտ էր, որովհետեւ մարդոց մտքին մէջ խարսխուած էր այն գաղափարը, որ ամերիկեան հոգատարութիւնը յանգեցուցած է միայն աղքատութեան, փտածութեան եւ արիւնահեղութեան: Ժողովուրդին կէսէն աւելիին կենցաղային վիճակը նահանջած էր աղքատութեան շեմէն վար, տեղական արտադրանքը մրցանշային նահանջ արձանագրած էր, իսկ ազգային դրամանիշը տոլարին դիմաց հսկայական արժեզրկում դիմագրաւած էր:

Նորընտիր նախագահը` Կուսթաւօ Փեթրօ, ճանչցուած քաղաքական գործիչ է, վերջին ժամանակաշրջանին ծերակուտական եղած է, անկէ առաջ մայրաքաղաք Պոկոթայի քաղաքապետն էր եւ իր քաղաքապետութեան ժամանակաշրջանին կրցած է յաջողցնել մայրաքաղաքի բարգաւաճումը ապահոված բազմաթիւ ծրագիրներ: Բայց 1960-ին ծնած նորընտիր նախագահին կենսագրութեան մէջ ամէնէն հետաքրքրական կէտը այն է, որ 17 տարեկանին ան անդամ եղած է ազգայնական եւ յեղափոխական-ընկերվարական գաղափարներ դաւանող «Ապրիլ 19-ի շարժում» կերիլլայական յեղափոխական կազմակերպութեան: 1985-ին 1500-2000 անդամ հաշուող այս կազմակերպութիւնը երկրին մէջ «Քոլոմպիոյ յեղափոխական զինեալ ուժեր-ժողովուրդի բանակ» (ՖԱՐՔ) ապստամբ յեղափոխական խմբաւորումէն ետք երկրորդ զինեալ կազմակերպութիւնն էր: Անիկա գաղափարականօրէն ազդուած էր Ուրուկուէյի «Թուփամարոս» զինեալ յեղափոխական շարժումէն եւ Արժանթինի «Մոնթեներոս» շարժումէն:

Հետաքրքրական է նաեւ նորընտիր կին փոխնախագահ Ֆրանսիա Մարքեսին պարագան: Ան առաջին ափրիկեցի-քոլոմպիացին է եւ երկրորդ կինը, որ կը հասնի այդ պաշտօնին: Ափրիկեան ծագումով քոլոմպիացիները ասկէ առաջ բաւական տառապած էին իրենց նկատմամբ կիրարկուած խտրականութեան քաղաքականութենէն: Նախագահ Կուսթաւօ Փեթրօ իր յաղթանակի ելոյթին ընթացքին յստակ դարձուց, որ այսուհետեւ քոլոմպիացի ժողովուրդի այդ հատուածին նկատմամբ խտրականութիւն պիտի չկիրարկուի:

Քոլոմպիոյ նախագահական ընտրութիւնը կատարուած էր երկու փուլով: Մայիս 29-ին տեղի ունեցած առաջին փուլին մասնակից թեկնածուներէն ոեւէ մէկը քուէներուն 50 առ հարիւրը չէր ապահոված: Երկրորդ փուլին, որ տեղի ունեցաւ յունիս 19-ին, մասնակցած երկու հիմնական մրցակից թեկնածուները` «Պատմական պայմանագիր Քոլոմպիոյ համար» (Pacto Historico por Colombia) ձախակողմեան կուսակցութիւններու դաշինքի ներկայացուցիչ Կուսթաւօ Փեթրօ եւ անկախ թեկնածու, դրամատէր եւ մեծ գործարար Ռոտոլֆօ Հեռնանտեզ: Վերը ակնարկեցինք արդէն, որ բաւական դժուար ընտրական մրցապայքար մը եղաւ ասիկա: Կուսթաւօ Փեթրօ հազիւ կրցաւ մեծամասնութիւնը ապահովել` հաւաքելով ընտրողներու քուէներուն 50,42 առ հարիւրը, իսկ անոր մրցակիցը ապահովեց 47,35 առ հարիւր: Բաւական դժուար կը թուի ըլլալ նաեւ հետագայ կառավարման աշխատանքը այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ թէ՛ խորհրդարանին եւ թէ՛ ծերակոյտին մէջ մեծամասնութիւնը կը գտնուի ընդդիմութեան ձեռքը: Հակառակ այս իրողութեան` Փեթրօ խոստացաւ համագործակցութեան ձեռք մեկնել ընդդիմութեան:

Նախագահական այս ընտրութիւնները յաջորդեցին նախորդ տարուան ընթացքին երկրին մէջ ծաւալած զանգուածային բողոքի շարժումներուն, որոնք հետեւանք էին «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով երկրի ընկերային-տնտեսական վիճակի փլուզումին: Այս իսկ պատճառով, Կուսթաւօ Փեթրօ իր նախընտրական ծրագիրին մէջ նախ եւ առաջ շեշտը դրած էր համավարակին ընկերային-տնտեսական հետեւանքները վերացնելու անհրաժեշտութեան վրայ, նախընտրական ծրագիրի հիմնական եւ կարեւոր կէտերէն էին նաեւ հողային բարեկարգումները, այն իմաստով, որ աղքատ գիւղացիներն ալ ունենան իրենց սեփական հողերը` զանոնք մշակելու համար, ձրի առողջապահութիւնը եւ ընկերային ծառայութիւններու ընդլայնումը: Կարեւոր կերպով շեշտուած էր նաեւ նախորդ տարիներուն ընթացք առած քոլոմպիական խաղաղութեան հոլովոյթին շարունակութիւնը, որովհետեւ, ինչպէս վերը արդէն նշեցինք, ժողովուրդը բաւական տառապած էր քաղաքական եւ ապահովական մնայուն անկայուն վիճակէն: «Քոլոմպիացի ժողովուրդը ընտրեց կեանքի կառավարութիւնը», յայտարարեց Փեթրօ իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք:

Անցնող տասնամեակներուն ընթացքին Քոլոմպիան ամերիկեան իրերայաջորդ վարչակազմերուն կողմէ նկատուած էր իբրեւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ «ժողովրդավարութեան հիմնական յենարան»: Այս իսկ հանգամանքով Քոլոմպիան նկատուեցաւ իբրեւ դաւադրութիւններ հիւսելու գլխաւոր վայրը այն երկիրներուն համար, ուր ձախակողմեաններ իշխանութեան հասած էին: Այստեղ հիմնականօրէն նկատի ունինք Վենեզուելան` իրերայաջորդ երկու նախագահներ Հիւկօ Չաւեզի եւ Նիքոլաս Մատուրոյի իշխանութեանց օրերուն: Կուսթաւօ Փեթրոյի նախագահ ընտրութենէն քիչ ետք Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն շնորհաւորեց անոր ընտրուիլը: Բայց Փեթրոն ալ նախապէս դրական նշան մը ուղարկած էր ամերիկացիներուն, որ ինք երկրի դրամատիրական կարգ ու սարքին հարուած պիտի չհասցնէ: Աւելի՛ն. ան խոստացած էր, որ երկրին մէջ անհատական սեփականութեան սկզբունքը անձեռնմխելի պիտի մնայ: Բայց եւ այնպէս ան զօրաւոր կերպով յստակ դարձուցած էր, որ այսուհետեւ Քոլոմպիան պիտի չշարունակէ մնալ իր դրացիներէն մեկուսացած վիճակի մէջ, պիտի փորձէ լուծել նախապէս Վենեզուելայի հետ ունեցած իր հարցերը եւ աւելի աշխուժ կերպով պիտի մասնակցի լատինամերիկեան համարկումի հոլովոյթներուն եւ համագործակցութեան հարթակներուն, մասնաւորաբար` Չիլիի եւ այլ ձախակողմեան իշխանութիւններ ունեցող երկիրներու հետ:

Ահաւասիկ կարճ ակնարկով մը ներկայացուցինք Քոլոմպիոյ նախագահական ընտրութիւնը: Այս ընտրութեամբ Հարաւային Ամերիկայի մէջ Միացեալ Նահանգներ ապրեցան իրենց հերթական յուսախաբութիւնը: Զգալի է մասնաւորաբար, որ լատինամերիկեան տարածաշրջանին մէջ կայ ձախակողմեան շարժումներու յաղթարշաւի նոր ալիք մը, որուն գագաթնակէտը կը սպասուի քանի մը ամիս ետք Պրազիլի մէջ` այդ երկրի նախկին նախագահ, Պրազիլի Աշխատաւորական կուսակցութեան նախագահական թեկնածու Լուիս Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվայի հաւանական յաղթանակով:

 

Նախորդը

Ռուսական Պատգամ Մը` Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի

Յաջորդը

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?