Լաչինի գործող միջանցքը նոր ուղիով փոխարինելու Պաքուի իշխանութիւններուն պահանջին ստեղծած թոհուբոհին մէջ է, որ Հայաստանի մէջ ռուսական դեսպանատան խորհրդական Մաքսիմ Սելեզնիովի յայտարարութիւնը ռումբի մը նման պայթեցաւ եւ շատ լուրջ հարցականներ գծեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն շուրջ: Սելեզնիովի յայտարարութիւնը շատ յստակ էր: Ռուսական խաղաղապահ ուժերը Լաչինի միջանցքէն պիտի չհեռանան, այնքան ատեն որ միջանցքը փոխարինող նոր ուղիին կառուցման աշխատանքները իրենց աւարտին չեն հասած: Այլ խօսքով, Մոսկուա մէկ կողմէ պաղ ջուր թափեց Պաքուի գլխուն, միւս կողմէ` խայտառակեց հայկական կողմը: Պաքու կը յոխորտար, որ անմիջապէս պէտք է սկսիլ գործածել Լաչինի միջանցքը փոխարինող նոր ուղին, իսկ հայկական կողմն ալ Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Սուսի բնակիչներէն պահանջած էր մինչեւ օգոստոս 25 հեռանալ իրենց բնակարաններէն, որովհետեւ այդ թուականէն սկսեալ ռուս խաղաղապահները Լաչինի միջանցքին վրայ ներկայ պիտի չըլլան:
Սելեզնիովի յայտարարութիւնը կը մղէ հարց տալու, թէ հայկական կողմը ինչո՞ւ տեղեակ չէր ռուսական այս կեցուածքէն: Ռուսերը ինչո՞ւ սպասեցին եւ իրենց խաղաղապահ ուժերուն Լաչինէն հեռանալու պայմանը հրապարակեցին Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Սուսի բնակիչներուն տրուած պայմանաժամէն ետք: Հիմա որ յստակացաւ, թէ ռուսերը առնուազն ինը ամիս տակաւին պիտի մնան Լաչինի միջանցքին վրայ, Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Սուսի բնակիչները օգոստոս 25-ին պիտի հեռանա՞ն իրենց բնակարաններէն` անսալով Արցախի իշխանութիւններուն պահանջին: Այս հարցումներուն պատասխանները վստահաբար պիտի տրուին յառաջիկայ օրերուն: Սակայն կ՛արժէ յետադարձ ակնարկով մը լուսարձակի տակ բերել Լաչինի միջանցքին կապուած կեցուածքներուն, զարգացումներուն եւ յայտարարութիւններուն հոլովոյթը:
Ինը նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան վեցերորդ կէտին մէջ անդրադարձ կայ Արցախը Հայաստանի կապող Լաչինի միջանցքին, որուն վերաբերեալ նշուած է, որ երեք տարուան ընթացքին Լաչինի միջանցքը փոխարինող նոր ուղի մը պէտք է կառուցուի: Իլհամ Ալիեւ, սակայն, զինադուլէն քանի մը շաբաթ ետք անդրադարձաւ այս հարցին եւ յայտարարեց, որ Ազրպէյճան մտադրութիւն չունի այդքան երկար սպասելու, եւ նոր ուղին կառուցելէ ետք Լաչինն ալ Ազրպէյճանի պիտի յանձնուի:
Օրին հայկական կողմը սադրիչ որակեց Ալիեւի այս յայտարարութիւնը, բայց գետնի վրայ զարգացումները այլ բան կը յուշէին: Պատերազմէն մէկ տարի ետք ազրպէյճանցիները անցան աշխատանքի եւ սկսան կառուցել շուրջ երեսուն քիլոմեթր երկարութեամբ ուղիին ազրպէյճանական հատուածը, որուն աւարտէն ետք` ապրիլ 2021-ին, ընթացք տուին շինարարական աշխատանքներու` հայկական տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններու մէջ: Լրատու աղբիւրներ ամիսներ շարունակ կը հաղորդէին, որ Արցախի Հին Շէն գիւղին մէջ, ռուս խաղաղապահ ուժերու հսկողութեամբ, ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ վարձուած թրքական ընկերութեան մը աշխատաւորները կը կատարեն շինարարական աշխատանքներ, որոնց մասին հայկական կողմը քար լռութիւն պահեց, եւ պաշտօնական ոչինչ հաղորդուեցաւ: Երեւանէն եւ Ստեփանակերտէն պետական ոչ մէկ պատասխանատու այս լուրերը մեկնաբանեց: Միայն չորս ամիս առաջ Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Հայկ Խանումեան հաստատեց, որ գոյութիւն ունի նոր ուղիի կառուցման որոշում մը, որուն համաձայն, ուղին ընթացք պիտի առնէ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի Կոռնիձոր գիւղէն, պիտի անցնի Արցախի Ասկերանի շրջանի Բերդաձորի ենթաշրջանի Հին Շէն եւ Մեծ Շէն գիւղէրէն եւ Ստեփանակերտ պիտի հասնի: Լաչինի ներկայ միջանցքը Գորիսէն կը հասնի Տեղ գիւղ, կը կտրէ Բերձորը եւ Ասկերանի շրջանէն անցնելով կը մտնէ Շուշիի հայկական տիրապետութեան տակ գտնուող շրջանը, ուրկէ Ստեփանակերտ կը հասնի:
Մինչ ազրպէյճանական կողմը իր աւարտին կը հասցնէր ուղիին կառուցման աշխատանքները, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 27 յունիսի առցանց ասուլիսին ընթացքին կը պնդէր, որ առնուազն տարի մը եւ քանի մը ամիս ժամանակ կայ, որպէսզի Լաչինի միջանցքը փոխարինող ուղիին ծրագրին շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ:
Հայաստանի վարչապետին այս յայտարարութեան յաջորդեց հակասական յայտարարութիւններու տարօրինակ հոսք մը: Նախ` Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան տեսակէտ յայտնեց, որ Բերձորի Աղաւնոյ գիւղը կրնայ հայկական տիրապետութեան տակ մնալ: Բայց եւ այնպէս, Աղաւնոյի բնակիչներուն թելադրուած է քսանհինգ օգոստոսին հեռանալ գիւղէն: Ան նաեւ հաստատեց, որ ազրպէյճանցիներուն կողմէ կառուցուող նոր ուղիին ծրագիրը քանի մը անգամ քննարկուած եւ հաստատուած է Արցախի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ: Գրեթէ նոյն օրերուն Փաշինեան բացայայտեց, որ այս հարցին շուրջ քննարկումներ կատարուած են, եւ նոյնիսկ նախնական համաձայնութիւն գոյութիւն ունի: «Նախնական համաձայնութեան նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի համար աւելի յուսալի եւ աւելի որակաւոր ցամաքային կապի ապահովումն է», շեշտեց ան: Սակայն այս ամսուան սկիզբը, երբ Պաքու պահանջեց, որ Արցախը Հայաստանի կապող երթեւեկութիւնը նոր ուղիով կատարուի, պաշտօնական Երեւան յանկարծ յայտարարեց, որ պաշտօնական ոչ մէկ ծրագրի շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի: Իսկ Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ապօրինի համարեց Ազրպէյճանի այս պահանջը:
Գրիգորեանի` օգոստոս 3-ին կատարած այս յայտարարութեան յաջորդ օրը Փաշինեան խօսեցաւ Ռուսիա-Հայաստան-Ազրպէյճան եռակողմ ծրագրին մասին, որուն ծիրին մէջ ոչ միայն նոր ուղիին, այլեւ Արցախի ելեկտրականութեան հոսանքի, բնական կազի հայթայթման եւ այլ ենթակառոյցներու խնդիրներու լուծումները պէտք է քննարկուին:
Հակառակ այս յայտարարութիւններուն, յստակ չէ, թէ Պաքու ընդունա՞ծ է հայկական կողմին առաջարկները, թէ՞ ոչ: Սակայն յստակ է, որ հակառակ Ազրպէյճանի քայլերը ապօրինի համարելու հայ պատասխանատուներուն յայտարարութիւններուն` Երեւանի իշխանութիւնները համաձայնեցան մինչեւ քսանհինգ օգոստոս Բերձորը եւ շրջակայ գիւղերը Ազրպէյճանի յանձնել: Պէտք է նշել, որ Ազրպէյճանի յանձնուելիք գիւղերուն շարքին է Աղաւնոն, որուն մասին խօսելով` Արցախի նախագահը շաբաթներ առաջ կը յայտարարէր, որ պայքարը պիտի շարունակուի, որպէսզի գիւղը հայկական տիրապետութեան տակ մնայ:
Հակասական այս յայտարարութիւններուն եւ ակնյայտօրէն ի նպաստ Ազրպէյճանի ստեղծուած կացութեան մէջ է, որ Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարարութիւնը հաստատեց, որ Լաչինի միջանցքը փոխարինող նոր ուղիին հայկական հատուածին կառուցման աշխատանքները այս ամիս պիտի սկսին:
Բայց Սելեզնիովի յայտարարութիւնը նոր իրավիճակ կը ստեղծէ: Մոսկուայի, Երեւանի եւ Պաքուի իշխանութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու չափազանց բարդ իրավիճակը, որուն լաւագոյն ապացոյցը ռուս դիւանագէտին յայտարարութիւնն է, նաեւ կը յուշէ, որ ռուսերը կը շարունակեն կացութեան ղեկը պահել իրենց ձեռքերուն մէջ: