Անկախութիւն շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք նախագահական ընտրութեան թեկնածու չէ` աւելցնելով, որ այսօրուան պայքարը անհատներու պայքար չէ, այլ ընդդիմութիւնը համախմբելու պայքար, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը եւ պաշտպանել զայն, որպէսզի կարենայ իշխել:
Մուաուատ ընդգծեց, որ ինք կը փորձէ համախմբել ընդդիմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութեան առաջադրել անձնաւորութեան մը թեկնածութիւնը` յստակ ծրագիրի մը եւ ուղեգիծի մը հիման վրայ:
Ան շեշտեց, որ պէտք է ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ երկրին փրկութեան ծրագիր մը ունի, բարեկարգչական է եւ ունի գերիշխանական տեսակէտ ու կեցուածք, «կը մերժենք ընտրել նախագահ մը, որ պիտի վկայէ երկրին փլուզումը», յայտնեց Մուաուատ:
Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ իր յարաբերութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մուաուատ ըսաւ, որ ինք Ֆրենժիէի կամ այլոց հետ հարց չունի, «սակայն ո՛վ որ Հըզպալլայի զէնքը պաշտպանելու, Լիբանանը արաբական աշխարհէն հեռու պահելու եւ փտածութիւնը ծածկելու կեցուածք պիտի որդեգրէ, ապա ես կը մերժեմ անոր նախագահ ընտրուիլը», հաստատեց Մուաուատ:
Պետական ամավարկին մասին խօսելով Մուաուատ յայտնեց, որ կարելի չէ երեւակայական թիւերով ամավարկ պատրաստել եւ վաւերացնել: Ան աւելցուց, որ ամավարկը Լիբանանեան համալսարանի պաշտօնէութեան եւ բանակայիններուն ամսական աշխատավարձերը նկատի չէ ունեցած: «Այս վարչակազմը պէտք է աւելի համեստ գտնուի, այլապէս ժողովուրդը զայն իր ատամներով պիտի բզկտէ: Իսկ կառավարութեան ծրագիրը աղէտալի է, որովհետեւ ան կը ջնջէ դրամատուներուն մէջ գումարներ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքները», շեշտեց ան:


