ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 980 վարակուածներ եւ մահացած է 4 պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 33.850 լ. ոսկիի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Հայտար Պարրաքը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-իրաքեան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ ներքին գործոց նախկին նախարար Մոհամետ Ֆահմի, որուն հետ քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւններն ու քաղաքական զարգացումները:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի սակը սղած է 16.000 լ. ոսկիով, իսկ մազութը եւ պիւթակազը` 7000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 591.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 604.000 լ. ոսկի, մազութը` 697.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 335.000 լ. ոսկի:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատունն ու ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը նաւթ ներածող ընկերութիւններուն յայտնեցին, թէ վառելանիւթի սակին տրամադրուած պետական նպաստը պիտի նուազի: Ըստ նոր որոշումին, այդ նպաստը պիտի տրամադրուի 45 առ հարիւր «Սայրաֆա»-ի սակին համաձայն, իսկ 55 առ հարիւր` սեւ շուկայի սակին համաձայն: Մինչդեռ անիկա նախապէս 70 առ հարիւր «Սայրաֆա»-ի սակին համաձայն, իսկ 30 առ հարիւր` սեւ շուկայի սակին համաձայն էր:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ ճնշող փուլ մը` աւելցնելով, որ, ըստ, Թաէֆի համաձայնագիրին` ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը կրնայ հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւնները ստանձնել` մինչեւ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը: Հաշեմ շեշտեց, որ այս փուլին կարելի չէ ժողովրդահաճոյ կեցուածքներով հանդէս գալ, այլ` պէտք է իմաստուն միտքերով եւ համախոհութեամբ առաջնորդուիլ` փրկելու համար երկիրը: Ան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իրենք կը պնդեն լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող Լիբանանի կազի բաժինը ստանալու իրաւունքը, որ երկրին գերիշխանութեան կը պատկանի: «Մենք այդ իրաւունքը մեր թշնամիէն պիտի խլենք, նոյնիսկ եթէ ուժի պէտք է դիմենք», հաստատեց ան:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Աթալլա յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այս շաբթուան ընթացքին հանդիպում մը պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ` շարունակելու համար կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները: Ան հաստատեց, որ նոր կառավարութեան կազմութեան առումով դրական մթնոլորտ գոյութիւն ունի:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնը պիտի վերադառնայ Լիբանան եւ սահմանագծումը պիտի կատարուի, «Թոթալ»-ը պիտի գայ եւ երկրին մէջ տնտեսական փոփոխութիւն մը պիտի արձանագրուի, ինչպէս նաեւ դրամատուները կառուցային վերադասաւորման պիտի ենթարկուին, «սակայն իւրացուած եւ փոխանցուած գումարներուն ճակատագիրը ի՞նչ պիտի ըլլայ: Փտած իշխանութիւնը իր ոճը պիտի փոխէ՞: Հետեւաբար սահմանագծումէն ետք տիրող իրավիճակը պիտի մնայ նոյնը, ինչպէս սահմանագծումէն առաջ էր», յայտնեց ան:


