Հինգշաբթի, 11 օգոստոսէն ուրբաթ, 12 օգոստոս լուսցող գիշերուան ընթացքին, Հըզպալլայի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերուն` Արեւմտեան Պեքաայի Մայտուն շրջանին վերեւ:
Իսրայէլեան աղբիւրներ հաղորդեցին, որ անօդաչու թռչող քանի մը սարքեր վնասուած են Հըզպալլայի հակաօդային համակարգերուն արձակած կրակէն: