Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 13, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1555 վարակուածներ եւ մահացած է 5 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 32.200 լ. ոսկիի:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Սաատէ Շամի յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի անկիւնադարձային փուլի մը մէջ, ուր կա՛մ բարեկարգումն ու ապաքինումը կ՛իրականանան, կա՛մ ալ յաւելեալ փլուզում եւ քայքայում կ՛արձանագրուի բոլոր մարզերուն պարագային, «իսկ որոշումը լիբանանցիներուն է», ըսաւ ան:

ՈւԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի սակը նուազած է 16.000 լ. ոսկիով, մազութը` 21.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազը` 8000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 552.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 564.000 լ. ոսկի, մազութը` 637.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 312.000 լ. ոսկի:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ սեփական մարզի աշխատաւորներուն փոխադրածախսը օրական 95.000 լ. ոսկիի վերածուած է` նկատի ունենալով, որ թիւ 217 օրէնքը վաւերացուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամի կողմէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ներխուժում մը կատարած է եւ ձերբակալած յանցագործ մը, որ ամբաստանուած է 7 յուլիս 2022-ին Ժիպէյլի Աֆքա շրջանին մէջ երկու անձեր սպաննելու յանցանքով:

ԴԵՂԱԳՈՐԾՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Ճօ Սալլում յայտնեց, որ Ժըպ Ժըննինի մէջ ձերբակալուած դեղագործը ազատ չարձակելու պարագային, սենտիքան ինքնիրեն կը վերապահէ օրինական բոլոր քայլերուն դիմելու որոշումը. այդ քայլերէն մէկն է երկուշաբթի օր դեղարաններուն դռները փակ պահելու հաւանականութիւնը:

 

Նախորդը

Զրուցակիցիս Հետ Դէմ Յանդիման Պանք Օթոմանի Մասին (Մեղմ Քննարկում)

Յաջորդը

Հըզպալլայի Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Դէմ Դրին Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարքերուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.