– Նուաղում (Fainting)
– Ուսումնասիրութիւն. Զինուորականները Չեն Կրնար Յենիլ Արհեստական Բանականութեան Վրայ` Ռազմավարութեան Կամ Դատողութեան Համար
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Նուաղում (Fainting)
Նուաղումը, որ նաեւ կը կոչուի ուշագնացութիւն, գիտակցութեան ժամանակաւոր կորուստ է: Այդ պայմանաւորուած է ուղեղի արեան հոսքի յանկարծակի նուազումով: Պատահարը սովորաբար կը տեւէ քանի մը երկվայրկեան կամ վայրկեան: Նուաղումի պարագաներուն մեծ մասը մտահոգութեան պատճառ չէ: Բայց եթէ դուք յաճախ կը նուաղիք, կամ ունիք այլ ախտանիշներ, պէտք է դիմէք բժիշկի:
Ի՞նչ Է նուաղումը
Նուաղումը կարճ ժամանակով գիտակցութեան կորուստն է: Այդ մէկը պայմանաւորուած է ուղեղի արեան հոսքի յանկարծակի անկումով: Նուաղումէ ետք սովորաբար մարդը կը սթափի եւ կը վերադառնայ իր բնականոն վիճակին:
Կա՞ն նուաղումի նախազգուշական նշաններ
Նուաղումի ժամանակ դուք կրնաք`
- Պաղութիւն զգալ ձեր մարմնի վրայ
- Գլխապտոյտ ունենալ
- Թեթեւ գլխապտոյտ ունենալ
- Յանկարծակի տաք քրտինք ունենալ
- Սիրտխառնուք ունենալ
- Ընկճուած կամ անհանգիստ զգալ
- Թուլութիւն զգալ
Բացի անկէ` դուք կրնաք`
- Իյնալ
- Գլխացաւ ունենալ
- Տեսողութեան փոփոխութիւններ ունենալ («սեւ» կամ «աստղեր տեսնել»)
- Ունենալ ականջներու զրնգոց
- Կորսնցնել մկաններու վերահսկողութիւնը
Որո՞նք են նուաղումի ամենատարածուած պատճառները
Սովորաբար նուաղումը լուրջ առողջական խնդիրի նշան չէ, բայց կրնայ նաեւ ըլլալ:
Ուշագնացութեան ամենատարածուած պատճառը արեան ճնշման յանկարծակի անկումն է, որ կը նուազեցնէ արեան հոսքն ու թթուածինը դէպի ուղեղ: Կան բազմաթիւ պատճառներ արեան ճնշման անկումին, որ կրնայ յանգիլ գիտակցութեան ժամանակաւոր կորուստի:
Սրտի ուշագնացութիւն. այս տեսակի ուշագնացութիւնը կը ներառէ ուշագնացութիւն` սրտի խնդիրի պատճառով: Սրտի շատ մը հիւանդութիւններ կրնան ազդուիլ դէպի ուղեղ գացող թթուածինի պակասէն:
Քներակ(1) (carotid) սինուսի ուշագնացութիւն. Այս տեսակի ուշագնացութիւնը կրնայ յառաջանալ, երբ վիզի քնային զարկերակը կը սեղմուի (կը կծկուի): Քներակը արիւնատար անօթ է, որ կը մատակարարէ ուղեղը: Ուշագնացութեան այս տեսակը կրնայ յառաջանալ, երբ մէկը շատ նեղ օձիքով քազակ հագած է, վիզը շատ կը քաշէ կամ կը դարձնէ, կամ վիզին մէջ ունի ոսկոր մը, որ կը սեղմէ զայն:
Իրավիճակային ուշագնացութիւն. Որոշ մարմնական շարժումներ կամ գործառոյթներ կրնան բնականաբար յառաջացնել արեան ճնշման անկում, որ կրնայ ի վերջոյ յանգիլ ուշագնացութեան: Այդ մէկը կրնայ ըլլալ, օրինակ, երբ մարդ կը միզէ, կը կղկղէ, կը հազայ կամ սթրեչ (առաձգականուիլ) կ՛ընէ:
Անօթաթափառողի(2) ուշագնացութիւն. Սա կրնայ յառաջանալ, երբ մարդ սթրեսային իրադարձութիւն մը կ՛ապրի, օրինակ` արիւն տեսնելը, յուզական սթրես, ֆիզիքական կամ յուզական հոգեխոց կամ ցաւ: Սթրեսային իրադարձութիւնը կը խթանէ մարմնական ռիֆլեքսը, որ կը կոչուի անօթաթափառողի հակազդեցութիւն: Սիրտը կը դանդաղի եւ աւելի քիչ արիւն կը մղէ, ուստի արեան ճնշումը կը նուազի: Այնուհետեւ ուղեղը բաւարար քանակութեամբ թթուածինով արիւն չի ստանար, եւ մարդը կը նուաղի:
Կա՞ն այլ պատճառներ ուշաթափուելու:
Նուաղման այլ հնարաւոր պատճառներէն են`
- Որոշ դեղատեսակները, ինչպիսիք են` միզամուղները (diuretics), կրածինի (calcium) ալիքներու արգելափակիչները եւ անճիոթենսենը փոխակերպող էնզայմի (ACE) արգելափակողները (յաճախ կ՛օգտագործուին արեան գերճնշման պարագային): Այլ օրինակներ կը ներառեն նիթրաթները (սրտի հիւանդութեան համար), հոգեբուժական դեղատեսակները, հակահիսթամինները` գերզգայնութեան համար եւ կարգ մը ցաւազերծողներ:
- Չորացումը կամ մարմնի բարձր ջերմաստիճանը:
- Ջղաբանական վիճակ, ինչպիսին է նոպաներու խանգարումը, հակառակ որ այդ մէկը հազուադէպ է:
- Արեան շաքարի կտրուկ անկումը (ինչպէս կրնայ պատահիլ շաքարախտով հիւանդ մարդու մօտ):
Նուաղում պատճառող վարժութիւններէն են`
- Չափէն աւելի կերակուր չուտելը
- Գերօդարկումը (Hyperventilation) (շատ արագ շնչելը)
- Աշխատիլ, խաղալ կամ շատ ծանր ձեւով մարզուիլ` յատկապէս տաք օդին
- Շատ արագ ոտքի կենալը
- Ալքոլի, մարիխուանայի կամ անօրինական թմրանիւթերու օգտագործումը
Ի՞նչ պէտք է ընել, եթէ մէկը նուաղի:
Եթէ մէկը նուաղի`
- Ստուգեցէք, թէ անոր շնչուղիները բա՞ց են:
- Ստուգեցէք, թէ ան կը շնչէ՞:
- Ստուգեցէք, թէ սիրտը կը բաբախէ՞:
- Անհրաժեշտութեան պարագային շտապ օգնութիւն կանչեցէք:
Երբ մէկը նուաղի եւ յետոյ արթննայ`
- Խրախուսեցէք զինք, որ նստի կամ պառկի 10-15 վայրկեան (երբեմն աւելի երկար, մինչեւ` ախտանիշներու անհետանալը):
- Ստուգեցէք որեւէ վնասուածք, որ կրնայ բժշկական օգնութեան կարիք ունենալ (օրինակ` գլխու վնասուածք կամ կտրուածք):
- Առաջարկեցէք իրեն նստիլ ուղիղ եւ գլուխը իջեցնել ուսերէն վար` ծունկերուն մէջ:
- Առաջարկեցէք սառ կամ պաղ ջուր:
Կարելի՞ է կանխել նուաղումը:
Ուշադիր եղէք ճշգրիտ այն գործողութիւններուն կամ իրավիճակներուն, որոնք կը յառաջացնեն նուաղում: Երբ դուք գիտնաք, թէ ի՛նչն է, որ կը յառաջացնէ ձեր նուաղումը, կրնաք քայլեր ձեռնարկել անոնցմէ խուսափելու համար: Օրինակ, եթէ շատ արագ ոտքի կենալը երբեմն ձեզ նուաղում պատճառէ, կը խուսափիք անկէ` ժամանակ յատկացնելով:
Եթէ նկատէք, թէ ի՛նչ կը զգաք նուաղելէ անմիջապէս առաջ, կրնաք փորձել կանխարգիլելու որոշակի ռազմավարութիւններ`
- բռունցք ըրէք
- պրկեցէք ձեր ձեռքերը
- ոտք-ոտքի դրէք
Ե՞րբ պէտք է նուաղումի մասին խօսիլ բժիշկին հետ,
Եթէ մէկ անգամ նուաղած էք եւ լաւ ու առողջ էք, հաւանաբար պէտք չկայ խօսելու բուժաշխատողի հետ: Բայց դիմեցէք բժիշկի, եթէ`
- Վիրաւորուած էք նուաղելու պատճառով:
- Կրկնուող, յաճախակի նուաղումներ կ՛ունենաք:
- Քանի մը վայրկեանէն աւելի ժամանակ կը պահանջէ ձեր գիտակցութեան վերականգնումը:
Խօսեցէք բուժաշխատողին հետ, եթէ նուաղած էք եւ ունիք հետեւեալ ախտանիշներէն որեւէ մէկը`
- Մշուշոտ տեսողութիւն
- Կրծքավանդակի ցաւ
- Շփոթ կամ խօսելու դժուարութիւն
- Անկանոն սրտի բաբախում
- Վերահսկողութեան կորուստ` միզելու կամ կղկղելու հետ կապուած
- Շնչահեղձութիւն
Նաեւ տեղեկացուցէք բուժաշխատողը գիտակցութեան կորուստի մասին, եթէ դուք`
- Յղի էք
- Ունիք շաքարախտ
- Ունիք սրտի կամ արեան ճնշման խնդիր
Նուաղումը կամ ուշագնացութիւնը սովորաբար պայմանաւորուած է արեան ճնշման անկմամբ: Բան մը, որ կը նուազեցնէ արեան հոսքն ու թթուածինը դէպի ուղեղ: Նուաղումի դէպքերուն մեծ մասը հիւանդութեան պատճառ չէ: Բայց խօսեցէք բուժաշխատողին հետ, եթէ անընդհատ կը կորսնցնէք ձեր գիտակցութիւնը կամ կ՛ունենաք որեւէ այլ ախտանիշ:
Աղբիւր` Cleveland Clinic.
1.- Քներակ կը կոչուի այս երակը, որովհետեւ անցեալին կը հաւատային, որ անոնց վրայ սեղմելով անհատը կ՛անզգայանայ ու կը թմրի:
2.- Թափառող ջիղը (vagus nerve) Կեդրոնական ջղային համակարգի թիւով 10-րդ ջիղն է: Ան այս անունով կը կոչուի, որովհետեւ ջիղը դուրս գալով հոնկէ` կը թափառի ու կը հասնի վիզի, կրծքավանդակի եւ որովայնի օրկաններուն:
Ուսումնասիրութիւն. Զինուորականները Չեն Կրնար
Յենիլ Արհեստական Բանականութեան Վրայ`
Ռազմավարութեան Կամ Դատողութեան Համար
Արհեստական բանականութեան (AI, ԱԲ) օգտագործումը պատերազմի համար եղած է գիտութեան ստեղծաբանութեան (science fiction) եւ քաղաքական գործիչներու խոստումը տարիներ շարունակ, սակայն Վրաստանի արհեստագիտական ուսումնարանի նոր հետազօտութիւնը կը պնդէ, որ շատ բան կրնայ դառնալ ինքնազօր, բայց ի վերջոյ ցոյց կու տայ մարդկային դատողութեան արժէքը:
«Արհեստական բանականութեան բոլոր դժուար խնդիրները իսկապէս դատողութեան եւ տուեալներու խնդիրներ են, եւ անոր հետաքրքրականն այն է, որ երբ կը սկսիս մտածել պատերազմի մասին, այնտեղ դժուար խնդիրները ռազմավարութիւնն ու անորոշութիւնն են, կամ այն, ինչ որ յայտնի է որպէս «պատերազմի մառախուղ,- ըսաւ համացանցային անվտանգութեան դպրոցի եւ «Սամ Նան» միջազգային յարաբերութիւններու դպրոցի փրոֆեսէօր Ճոն Լինցի: – Անհրաժեշտ է մարդկային խելամտութիւն` բարոյական, բարոյագիտական եւ իմացական որոշումներ կայացնելու համար, աներեւակայելի շփոթեցնող, ահաւոր ու սարսափելի իրավիճակներու մէջ»:
Արհեստական բանականութեան որոշումներու կայացումը հիմնուած է չորս հիմնական բաղադրիչներու վրայ` իրավիճակի մասին տուեալներ, այդ տուեալներու մեկնաբանութիւն (կամ կանխատեսում), նպատակներուն եւ արժէքներուն (կամ դատողութիւններուն) համապատասխան գործելու լաւագոյն միջոցի որոշումը եւ գործադրութիւնը: «Մեքենայական ուսուցման յառաջընթացը դիւրացուցած է կանխատեսումները. բան մը, որ ա՛լ աւելի արժէքաւոր կը դարձնէ տուեալներն ու դատողութիւնները: Հակառակ անոր որ ԱԲ-ն կրնայ ինքնազօր դարձնել ամէն ինչ` առեւտուրէն մինչեւ փոխադրութիւն, սակայն դատողութեան ատեն է, որ մարդիկ պէտք է միջամտեն», կը գրեն Լինցի եւ Թորոնթոյի համալսարանի փրոֆեսէօր Աւի Կոլտֆարպ իրենց «Կանխատեսում եւ դատողութիւն. ինչո՞ւ արհեստական բանականութիւնը կը մեծցնէ մարդոց դերակատարութեան նշանակութիւնը պատերազմի ընթացքին» յօդուածին մէջ:
Քաղաքականութիւն մշակողներէ շատերը կ՛ենթադրեն, որ մարդկային զինուորները կրնան փոխարինուիլ ինքնազօրուած համակարգերով` իտէալականօրէն անկախացնելով զինուորական ուժերու կախուածութիւնը մարդկային ներուժէն եւ զայն աւելի արդիւնաւէտ դարձնելով պատերազմի դաշտին մէջ: Սա կը կոչուի արհեստական բանականութեան «փոխարինման տեսութիւն», սակայն Լինցի եւ Կոլտֆարպ կը նշեն, որ ԱԲ-ը պէտք չէ դիտարկուի որպէս փոխարինող, այլ որպէս լրացում` գոյութիւն ունեցող մարդկային ռազմավարութեան:
«Մեքենաները լաւ կը կանխատեսեն, բայց անոնք կախում ունին տուեալներէ եւ դատողութիւններէ, իսկ պատերազմի ժամանակ ամենադժուար խնդիրները տեղեկատուութիւնն ու ռազմավարութիւնն են», ըսաւ ան:
Լինցի եւ Կոլտֆարպի ընդգծած օրինակն է Rio Tinto հանքարդիւնաբերական ընկերութիւնը, որ կ՛օգտագործէ ինքնազօր բեռնատարներ` նիւթեր տեղափոխելու համար, նուազեցնելով ծախսերն ու վտանգները մարդկային վարորդներու համար: Կան առատ, կանխատեսելի եւ անկողմնակալ տուեալներու երթեւեկութեան օրինաչափութիւններ եւ քարտէսներ, որոնք կը պահանջեն քիչ մարդկային միջամտութիւն. խնդիրը կը ծագի, երբ ճամբաները փակուին, կամ խճողում ու խոչընդոտներ ըլլան:

Պատերազմի մէջ, սակայն, սովորաբար կը բացակային առատ անաչառ տուեալներ, եւ նպատակներու ու արժէքներու վերաբերեալ դատողութիւններն ի սկզբանէ հակասական են, բայց այդ չի նշանակեր, որ այդ մէկը անկարելի է: Հետազօտողները կը պնդեն, որ արհեստական բանականութիւնը լաւագոյնս կը կիրարկուի դիւանակալական (bureaucratic) կայուն միջավայրերու մէջ` քայլ առ քայլ:
«Ոգեւորութիւնն ու վախը ամբողջութեամբ կապուած են սպաննող ռոպոթներու եւ մահաբեր մեքենաներու, բայց ռազմական արհեստական բանականութեան համար ամենավատ պարագան գործնականին մէջ դասական ռազմատենչ խնդիրներն են, ուր ամէն ինչ կախում ունի ստեղծարարութենէ եւ մեկնաբանութենէ (interpretation): Բայց այն, ինչ մենք պէտք է նայինք, անձնակազմային համակարգերն են, վարչարարութիւնը (administration), գումակային ապահովումը եւ վերանորոգումը», ըսաւ Լինցի:
Հետազօտողներու կարծիքով, արհեստական բանականութեան օգտագործումը նաեւ հետեւանքներ ունի ինչպէս զինուորականներու, այնպէս ալ անոր հակառակորդներուն համար: Եթէ մարդիկ պիտի ըլլան որոշողները, թէ ե՛րբ պէտք է օգտագործել արհեստական բանականութիւնը պատերազմի ժամանակ, ապա ռազմական ղեկավարութեան կառուցուածքը եւ դասակարգութիւնը կրնայ փոխուիլ` հիմնուելով տուեալներու համակարգերու նախագծումի եւ զտումի ու քաղաքական որոշումներ տուող պատասխանատու անձին վրայ: Սա նաեւ կը նշանակէ, որ հակառակորդները նպատակ կ՛ունենան վարկաբեկելու ե՛ւ տուեալները, ե՛ւ դատողութիւնները, որովհետեւ անոնք մեծապէս կ՛ազդեն պատերազմի շարժագիծի (trajectory) վրայ: Արհեստական բանականութեան դէմ մրցիլը կրնայ հակառակորդները մղել խեղաթիւրումներ կատարելու կամ տուեալները խաթարելու, որպէսզի առողջ դատողութիւնը ա՛լ աւելի դժուար ըլլայ: Փաստօրէն մարդկային միջամտութիւնը ա՛լ աւելի անհրաժեշտ կ՛ըլլայ:
Այնուամենայնիւ, սա միայն վէճի եւ նորարարութեան (innovation) սկիզբն է:
«Եթէ արհեստական բանականութիւնը ինքնազօր կը դարձնէ կանխատեսումը, ապա այդ իսկապէս կարեւոր կը դարձնէ դատողութիւնը եւ տուեալները,- ըսաւ Լինցի: – Մենք արդէն ինքնազօր դարձուցած ենք բազմաթիւ ռազմական գործողութիւններ մեքանայացուած ուժերով եւ ճշգրիտ զէնքերով, այնուհետեւ մենք ինքնազօր դարձուցած ենք տուեալներու հաւաքագրումը հետախուզական արբանեակներու եւ զգայիչներու (sensor) միջոցով, իսկ այժմ մենք ինքնազօր կը դարձնենք կանխատեսումը` արհեստական բանականութեան միջոցով: Այսպիսով, ե՞րբ ինքնազօր կը դարձնենք դատողութիւնը, կամ կա՞ն արդեօք դատողութեան բաղադրիչներ, զորս կարելի չէ ինքնազօր դարձնել»:
Մինչ այդ, սակայն, մարտավարական եւ ռազմավարական որոշումներու ընդունումը մարդոց կողմէ կը շարունակուի մնալ պատերազմի ամենակարեւոր կողմը:
Աղբիւր` Science Daily