Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քայիտայի Ղեկավար Զաուահիրի Սպաննուեցաւ

August 3, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ յայտարարեց, որ Քայիտայի ղեկավար Այման Զաուահիրի սպաննուած է` նշելով, որ Ուաշինկթըն «Աֆղանիստանին պիտի չարտօնէ ահաբեկիչներուն համար ապաստան մը մնալու:

Ան շաբաթավերջին ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքով յարձակումի մը հետեւանքով Զաուահիրիի սպանութեան յայտարարութենէն ետք իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, որ` «մեր դաշնակիցները տեղեակ պահեցի գործողութենէն»` նշելով, որ Զաուահիրիի գտնուած վայրը «զգուշութեամբ քննելէ ետք» արտօնութիւն տուած է զայն սպաննելու: Գործողութեան պատճառով «անոր ընտանիքին անդամներէն կամ քաղաքայիններէն ոչ ոք վիրաւորուեցաւ»:

«Զաուահիրին մեղսակից է 11 սեպտեմբեր 2001-ի յարձակումներուն ծրագրման, եւ որքան ալ ուշ ըլլայ, Միացեալ Նահանգներուն սպառնացողը պիտի գտնենք ու սպաննենք», ընդգծեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Զաուահիրին սպաննեցինք Աֆղանիստանի մէջ, արդարութիւն գործուեցաւ, եւ գործողութիւնը յաջողութեամբ գործադրեցինք», աւելցուց Պայտըն` յոյս յայտնելով, որ անոր սպանութիւնը 11 սեպտեմբեր 2001-ի զոհերու ընտանիքներուն կ՛արտօնէ «էջը փակելու»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր կարգին մեկնաբանեց Զաուահիրիի սպանութիւնը` ըսելով, որ Թալեպան շարժումը Քայիտա կազմակերպութեան ղեկավար Այման Զաուահիրին հիւրընկալելով եւ անոր ապաստան տալով «բացայայտ կերպով խախտեց» Տոհայի համաձայնութիւնը:

Ամերիկացի 2 պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ անօդաչու թռչող սարքով յարձակումը գործուած է «Սի.Այ.Էյ.»-ի կողմէ:

Կիրակի կանուխ առաւօտուն Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ ուժեղ պայթում մը լսուեցաւ: Աֆղանիստանի ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նաֆեհ Թաքուր յայտնեց. «Շիրպուրի մէջ բնակարանի մը վրայ հրթիռ մը ինկաւ: Մարդկային վնասներ չարձանագրուեցան, որովհետեւ տունը բնակուած չէր»:

Զաուահիրիի սպանութիւնը 2011-ին Ուսամա պըն Լատենի սպանութենէն ի վեր Քայիտային հասած մեծագոյն հարուածը կը նկատուի: Նշենք, որ Փաքիստանի մէջ պըն Լատենի սպանութենէն ետք, անոր տեղակալ Զաուահիրին դարձած էր Քայիտա ահաբեկչական կազմակերպութեան ղեկավարը:

Նախորդը

Հակառակ Չինական Սպառնալիքին. Փելոսի Թայուան Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Շումախըրի Ինքնաշարժը Հանուեցաւ Աճուրդի

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ  Հանդիպում Ունենալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

September 24, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան  «Յաջող Քննարկումներ»
Գլխաւոր լուրեր

Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան «Յաջող Քննարկումներ»

September 24, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփի Գլխաւորած Խաղաղութեան Խորհուրդը  Կազայի Վերականգնման 2,45 Միլիառ Տոլարի  Ծրագիր Պիտի Յայտարարէ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփի Գլխաւորած Խաղաղութեան Խորհուրդը Կազայի Վերականգնման 2,45 Միլիառ Տոլարի Ծրագիր Պիտի Յայտարարէ

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.