Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զանգեզուրի Միջանցքին Գործարկումը Պիտի Նպաստէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Ամրապնդման» Կ՛ըսէ Պայրամով

August 3, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ըսած է, որ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի արտօնէ Հարաւային Կովկասի մէջ իրականացնել լիարժէք շրջանային համագործակցութիւն:

«Ինչ կը վերաբերի յետհակամարտային կացութեան, ներառեալ Ազրպէյճանի ջանքերը խաղաղութեան հաստատման համար, ես կը կրկնեմ մեր երկրին դիրքորոշումը, այն է` Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորում` հիմնուելով միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու, մասնաւորաբար գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու ճանաչման վրայ: Ասիկա անվտանգ, կայուն ու բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի եւ լիարժէք շրջանային համագործակցութեան կառուցման բանալին է: Այս հարցին մէջ Ազրպէյճանի դիրքորոշումը  սկզբունքային է եւ կայուն», «Ինթըրֆաքս»-ի հաղորդումով` երէկ այս մասին ըսած է Պայրամով Թաշքենտի մէջ Ազրպէյճանի, Ուզպեքիստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Նախարարը վստահութիւն յայտնած է, որ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու բացումը օգուտ պիտի բերէ շրջանի բոլոր երկիրներուն:

«Վստահ ենք, որ Ազրպէյճանի ազատագրուած տարածքներու վերածնունդը, շրջանին մէջ բոլոր հաղորդակցութիւններու բացումը, ներառեալ Զանգեզուրի միջանցքին գործարկումը, պիտի ծառայեն միջազգային փոխադրամիջոցային կապերու ընդլայնման` ատով իսկ նպաստելով շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ յառաջընթացի հետագայ ամրապնդման», ընդգծած է ան:

Նախորդը

Պըրրի. «Բանակցութիւններուն Մէջ Լրջութիւն Շօշափած Ենք, Եւ Ամերիկացի Միջնորդը Երկու Շաբաթ Ետք Պիտի Վերադառնայ Պէյրութ»

Յաջորդը

Չաւուշօղլու. «Կ՛աջակցինք Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Շուրջ Բանակցութիւններուն»

RelatedPosts

Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի  Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ  Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»

October 7, 2026
Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ  Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը  Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները
Հայկական

Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.