Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլու. «Կ՛աջակցինք Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Շուրջ Բանակցութիւններուն»

August 3, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կ՛ուզենք, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կարգաւորման բանակցութիւնները յաջողութեամբ աւարտին: Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութիւններուն շուտափոյթ բացումը կը բխի շրջանային բոլոր երկիրներուն շահերէն», երէկ յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Ուզպեքիստանի մէջ տեղի ունեցած Թուրքիոյ, Ուզպեքիստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց, փոխադրամիջոցներու եւ առեւտուրի նախարարներու խորհրդաժողովի ժամանակ Մեւլութ Չաւուշօղլուն անդրադարձած է Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններու ընթացքին:

«Պատմական Շուշիի հռչակագիրով Ազրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւնները բարձրացուցինք դաշնակցային մակարդակի: Ազրպէյճանի յաղթանակով Հարաւային Կովկասի մէջ ի յայտ եկած է նոր աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւն, որմէ պիտի շահին կայունութեան եւ համագործակցութեան կողմնակից երկիրները: Մենք բոլորին կոչ կ՛ուղղենք օգտագործելու այս կարելիութիւնը: Կ՛աջակցինք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հաղորդակցութեան, սահմանազատման եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններուն: Մենք ալ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար քայլերու կը ձեռնարկենք, յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումներու միջոցով եւ Ազրպէյճանի հետ խորհրդակցելով յառաջ կը շարժինք», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Չաւուշօղլու յայտնած է, որ ժամանակակից սպառնալիքներու առնչուած վտանգներն ու ճգնաժամային իրավիճակները կ՛ընդգծեն թրքական պետութիւններու համագործակցութեան նշանակութիւնը:

Ան «պատմական իրադարձութիւն» գնահատած է 2019 թուականին Ուզպեքիստանի անդամակցութիւնը Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, ուքրանական ճգնաժամի լոյսին տակ մեծցած է «Միջին միջանցքի» դերը, որուն օգտագործումը պիտի նպաստէ պետութիւններու զարգացման, որոնց տարածքէն կ՛անցնի անիկա:

«Փոխադրամիջոցային Միջին միջանցքի ծիրին մէջ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը իրականացուցած են Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղային ծրագիրը: Հաշուի առնելով, որ աշխարհի վրայ առեւտուրի հիմնական մասը կը կատարուի Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ` տարեկան շուրջ 1,5 եռիլիոն տոլար, ապա այդ միջանցքին աճող նշանակութիւնը ակնյայտ է», ըսած է Չաւուշօղլու` ընդգծելով Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր գումակային ուղիները բանալու անհրաժեշտութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Զանգեզուրի Միջանցքին Գործարկումը Պիտի Նպաստէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Ամրապնդման» Կ՛ըսէ Պայրամով

Յաջորդը

«ՄԱԿ-ը Պէտք Չէ Մեղսակից Ըլլայ Թուրքիոյ Կողմէ Պատմութիւնը Մերժելուն» Կ՛ըսէ Փալոն

RelatedPosts

Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի  Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ  Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»

October 7, 2026
Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ  Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը  Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները
Հայկական

Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.