Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոսովոն 1 Ամիսով Յետաձգած Է Սերպական Փաստաթուղթերու Արգելքը` Փոխարէնը Սերպերէն Պահանջելով Փողոցներէն Վերցնել Պատնէշները

Օգոստոս 2, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քոսովոյի ղեկավարութիւնը մէկ ամիսով` մինչեւ 1 սեպտեմբեր յետաձգած է սերպական փաստաթուղթերու վրայ արգելք հաստատելու ընթացակարգը:

Հանրապետութեան իշխանութիւնները պահանջած են վերցնել բոլոր պատնէշները եւ Քոսովոյի հիւսիսային շրջանին մէջ հաստատել տեղաշարժի լիակատար ազատութիւն:

31 յուլիսին Քոսովոյի սերպ բնակչութիւնը բողոքի ցոյցեր կատարած էր շրջանի գլխաւոր մայրուղիներուն վրայ, սկսած էր պատնէշներ կառուցել, քանի մը տասնեակ մարդիկ փակած էին Փրիշթինա-Ռասքա գլխաւոր ճամբան:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ ժողովուրդին ուղղուած ուղերձին մէջ ըսած է, որ Քոսովոյի մէջ կացութիւնը սերպերուն համար առաւելագոյն չափով բարդացած է: Ան զգուշացուցած է 1 օգոստոսէն սկսեալ սերպական փաստաթուղթերը անվաւեր ճանչնալու Փրիշթինայի ծրագիրներէն:

Ինքնահռչակ հանրապետութեան վարչապետ Ալպին Քուրթին նախապէս յայտարարած էր, որ շրջանին մէջ ապրող սերպերը պէտք է մինչեւ 30 սեպտեմբեր վերստին իրենց ինքնաշարժները արձանագրեն չճանչցուած պետութեան արժեչափերուն համապատասխան: Իր կարգին Վուչիչ յայտնած է, որ Փրիշթինան 30 սեպտեմբերէն կը նախատեսէ արգիլել մուտքը սերպական ներքին փաստաթուղթերու, ինչպէս նաեւ սերպական իշխանութիւններու կողմէ յանձնուած թիւերով մեքենաներու համար:

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ Պելկրատի եւ Փրիշթինայի միջեւ երկխօսութիւնը պիտի օգնէ մեղմացնել շրջանին մէջ լարուածութիւնը եւ կանխարգիլել հետագայ մագլցումը:

Արեւմտեան Պալքաններու մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Միրոսլաւ Լայչաք յայտարարած է, որ Եւրոպական յանձնաժողովը կ՛ողջունէ ինքնահռչակ Քոսովոյի Հանրապետութեան որոշումը` ընդունելու Պորելի առաջարկը` սերպական փաստաթուղթերու արգելքը մէկ ամիսով` մինչեւ 1 սեպտեմբեր յետաձգելու վերաբերեալ: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ այժմ բոլոր պատնէշները պէտք է վերցուին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Նիքոլա Սելաքրովիչի եւ Քոսովոյի արտաքին գործոց նախարար Տոնիքա Կերվալլա Շուարցի հետ:

«Սերպիոյ եւ Քոսովոյի սահմանին վրայ լարուածութեան վերաբերեալ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած եմ սերպ եւ քոսովոցի պաշտօնակիցներուս հետ: Թուրքիան միշտ աջակցած է Պալքաններուն մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Չաւուշօղլու` աւելցնելով, որ լարուածութեան նոր ալիքը ոչ մէկ օգուտ պիտի բերէ կողմերուն:

«Թուրքիան պատրաստ է ջանքեր գործադրելու երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը նուազեցնելու համար», աւելցուցած է Չաւուշօղլու:

Նշենք, որ Քոսովոն Սերպիոյ հետ երկու սահմանային անցքեր փակած էր: Քոսովոյի մէջ ՕԹԱՆ-ի ուժը յայտնած էր, որ պատրաստ է միջամտելու, եթէ կայունութիւնը վտանգուի:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին Քոսովոյէն Միացեալ Նահանգներուն եւ Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղեց Քոսովոյի մէջ սերպերու դէմ «սադրանքները» դադրեցնելու:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Մոսկուան չճանչցուած Քոսովոյի հանրապետութեան շուրջ ստեղծուած կացութեան մէջ կ՛աջակցի Սերպիոյ` ընդգծելով, որ Քոսովոյի իշխանութիւններուն` հանրապետութեան հիւսիսը բնակող սերպերէն պահանջները անհիմն են:

«Մենք, ի հարկէ, հաստատօրէն կը պաշտպանենք Սերպիան: Մենք Քոսովոյի սերպերուն կողքին ենք: Մենք կը կարծենք, որ անոնք (Քոսովոյի իշխանութիւններուն պահանջները) բացարձակապէս անհիմն պահանջներ են», ըսած է Քրեմլինի բանբերը:

«Արեւմտեան երկիրները, որոնք ճանչցած են Քոսովոյի անկախութիւնը, պէտք է նախազգուշացնեն շրջանի իշխանութիւնները չմտածուած քայլերու հարցին մէջ, իսկ այնտեղ ապրող սերպերու իրաւունքները պէտք է յարգուին», աւելցուցած է Փեսքով:

«Ի հարկէ, մենք կը կարծենք, որ այն երկիրները, որոնք ճանչցած են Քոսովոն եւ հանդէս եկած են իբրեւ երաշխաւոր, պէտք է օգտագործեն իրենց ամբողջ ազդեցութիւնը` նախազգուշացնելու Քոսովոյի իշխանութիւնները ձեռնարկելէ չմտածուած քայլեր, որոնք կրնան յանգեցնել լարուածութեան հետագայ սրման: Մենք կը պահանջենք յարգել սերպերուն բոլոր իրաւունքները», ընդգծած է Փեսքով:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Միացեալ Նախագիծը Եւրոպայի Համար Ռուսական Կազի Այլընտրանք Է» Կ՛ըսէ Քալըն

Յաջորդը

Իրանի Մէջ Չեն Բացառեր Հիւլէական Բանակցութիւններուն Մօտալուտ Վերսկսումը

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?