Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան. Որո՞նք Են Էկզեմայի Տարբեր Տեսակները

Օգոստոս 2, 2022
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Էկզեման սովորաբար կը յառաջացնէ մորթի մեծ տարածքներու բորբոքում, քերուըտուք եւ կարմրութիւն: էկզեմայի քանի մը տարբեր տեսակներ կան, որոնցմէ են` անսովոր էկզեման (atopic eczema), շփման մորթատապը (contact dermatitis) եւ սկաւառակաձեւ էկզեման (discoid eczema):

Էկզեման մաշկի տարածուած հիւանդութիւն մըն է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՛ախտաճանաչուի աւելի քան 30 միլիոն մարդու մօտ: Ընդհանուր առմամբ, էկզեման կրնայ ազդել մաշկի վրայ յառաջացնելով`

  • Գոց գոյնի բիծեր
  • Կոշտ, թեփոտ կամ կաշիէ բիծեր
  • Ուռեցք
  • Կեղեւաւորում եւ մզոց (oozing)

Էկզեման վարակիչ չէ, այսինքն մարդը չի կրնար զայն ուրիշէ մը առնել կամ փոխանցել ուրիշին:

Այս յօդուածով պիտի անդրադառնանք էկզեմայի ամենատարածուած վեց տարբեր տեսակներուն, անոնց ախտանիշներուն եւ պատճառներուն մասին: Պիտի խօսինք նաեւ ախտորոշման, բուժման եւ կանխարգիլման մասին:

  1. Անսովոր Էկզեմա (atopic eczema)

Անսովոր մորթատապը կամ անսովոր էկզեմայի ամենատարածուած տեսակն է:

Ախտանիշները յաճախ կը դրսեւորուին մանկութեան տարիներուն եւ կրնան տատանիլ մեղմէն մինչեւ ծանր աստիճան: Աւելի հաւանական է, որ երեխան զարգացնէ անսովոր մորթատապ, եթէ անոր ծնողներէն մէկը ունեցած է զայն անցեալին:

Անսովոր մորթատապով երեխաները սովորաբար սնունդի նկատմամբ զգայունութեան մեծ վտանգ կ՛ունենան: Աւելի հաւանական է նաեւ, որ անոնք զարգացնեն ազմա եւ բեղմնափոշիի գերզգայնութիւն (ալերժի):

Անսովոր մորթատապը հակում ունի յառաջացնելու չոր մաշկի բիծեր, որոնք կրնան քերուըտուք յառաջացնել, կարմրիլ եւ բորբոքիլ: Այս բիծերը յաճախ կը յայտնուին արմուկներու եւ ծունկերու ծալքերուն մէջ, ինչպէս նաեւ դէմքի, վիզի եւ դաստակներու վրայ:

Բիծերը քերթելը կրնայ աւելցնել քերուըտուքը եւ մաշկէն կրնայ հեղուկ դուրս մզիլ: Ժամանակի ընթացքին կրկնապէս քերելը կամ կնճռելը կրնայ մաշկը կարծրացնել: Այս մէկը յայտնի է որպէս lichen simplex chronicus (LSC):

Անսովոր մորթատապով մարդիկ սովորաբար կ՛ունենան բռնկումներ, երբ էկզեման որոշ ժամանակ կը վատանայ: Այս բռնկումներու հրահրիչներէն են.

  • Թեթեւ խոնաւութիւնը, ցուրտ եղանակը եւ ջերմաստիճանի ծայրայեղ փոփոխութիւնները,
  • Գրգռիչներ (irritants), ինչպիսիք են` լուացքի դեղերը, օճառները եւ անուշահոտերը,
  • Փոշիի ցեցերը,
  • Կենդանիներու մազերն ու թուքը,
  • Մաշկի վարակները, ինչպէս` քոսը (scabies),
  • Որոշ հիւսուածքները, ինչպէս` բուրդը,
  • Հորմոնային փոփոխութիւնները` յաճախ դաշտաններէն առաջ կամ յղիութեան ընթացքին,
  • սննդային գերզգայնութիւն:
  1. Շփման Մորթատապ (Contact dermatitis)

Որոշ մարդիկ մաշկային հակազդեցութիւն կ՛ունենան, երբ շփում ունենան որոշակի նիւթերու հետ: Ասիկա յայտնի է որպէս շփման մորթատապ:

Շփման մորթատապի ախտանիշները կրնան ներառել.-

  • Չոր, կարմիր եւ քերուըտուն մորթ, որ այրելու զգացում մը կու տայ,
  • Փշտիկներ,
  • Եղնջացան (hives). ցանի տեսակ մը, որ բաղկացած է փոքր ու կարմիր փշտիկներէ:

Անսովոր մորթատապէ տառապող անձը շփման մորթատապի յառաջացման վտանգ կ՛ունենայ:

Շփման մորթատապի երկու տեսակ կայ.

Գրգռիչի շփման մորթատապ (Irritant contact dermatitis)

Գրգռիչի շփման մորթատապը կրնայ յառաջանալ մաշկը գրգռող նիւթի յաճախակի ազդեցութենէն, օրինակ`

  • Թթուները եւ կալաղները (alkalis),
  • Հագուստեղէնի փափկեցնող դեղերը,
  • Լուացքի ծանր դեղերը,
  • Լուծիչները,
  • Մազերու ներկերը,
  • Մոլախոտ մաքրողները,
  • Կրաղիւսը,
  • Որոշ շամփուներ,

Մարդիկ, որոնք պարբերաբար կ՛օգտագործեն կամ կ՛աշխատին այդ նիւթերուն հետ, ունին շփման մորթատապի զարգացման աւելի մեծ վտանգ:

Գերզգայնութեան շփման մորթատապ

Գերզգայնութեան շփման մորթատապը տեղի կ՛ունենայ, երբ մարդու դիմադրականութեան համակարգը կ՛արձագանգէ որոշակի նիւթի մը, որ յայտնի է որպէս ալերժեն:

Մարդը կրնայ չարձագանգել ալերժենին, երբ առաջին անգամ կը շփուի անոր հետ: Այնուամենայնիւ, երբ անոնց մօտ գերզգայնութիւն յառաջանայ, անոնք սովորաբար այդ մէկը կ՛ունենան ամբողջ կեանքի ընթացքին:

Հնարաւոր գերզգայնութիւններէն են.-

  • Սոսինձներն ու խէժերը,
  • Բուսակաթն (latex) ու ձգախէժը (rubber),
  • Որոշ դեղատեսակներ, ինչպիսիք են մաշկային եւ բեր նի ճամբով սպառող հակակենսայինները,
  • Կերպասեղէնն ու հագուստի ներկերը,
  • Որոշ բոյսեր, ինչպէս` թունաւոր բաղեղը, թունաւոր կաղնին եւ աղտորը (սումաք),
  • Դիմահարդարման, եղունգներու քսուքներու, մազերու ներկերու եւ շպարային որոշ այլ բաղադրիչներ
  • Որոշ մետաղներ, ինչպիսիք են նիքելն ու քոպալթը:
  1. Պղպջակային Էկզեմա (Dyshidrotic eczema)

Պղպջակային էկզեման կամ pompholyx eczema-ն սովորաբար ի յայտ կու գայ 40 տարեկանէն վար չափահասներու մօտ: Անիկա սովորաբար տեղի կ՛ունենայ ձեռքերու եւ ոտքերու վրայ եւ ունի բնորոշող ախտանիշներ, որոնցմէ են անտանելի քերուըտուքն ու փոքր փշտիկները:

Որոշ պարագաներու, փշտիկները կրնան մեծնալ եւ հեղուկով լեցուիլ: Փշտիկները նոյնպէս կրնան վարակուիլ, եւ այդ մէկը կրնայ պատճառել ցաւ եւ ուռեցք: Անոնք կրնան նաեւ թարախ դուրս տալ:

Փշտիկները սովորաբար կը սպիանան քանի մը շաբթուան ընթացքին: Անկէ ետք մորթը յաճախ կը դառնայ չոր եւ ճաթռտած. բան մը, որ կրնայ յանգիլ մաշկի ցաւոտ ճաքերու (fissures):

Անհասկանալի է, թէ ի՛նչն է պղպջակային էկզեմա յառաջացնողը: Այնուամենայնիւ, անիկա աւելի տարածուած է այն մարդոց մօտ, որոնք ունին`

  • Բեղմնափոշիի գերզգայնութեան,
  • Անսովոր մորթատապ, կամ անսովոր մորթատապի ընտանեկան պատմութիւն,
  • Սնկային մաշկի վարակներ:

Մարդիկ, որոնք կ՛աշխատին որոշակի քիմիական նիւթերով կամ օրուան ընթացքին իրենց ձեռքերը ջուրի մէջ են անընդհատ, նոյնպէս պղպջակային էկզեմայի զարգացման աւելի մեծ վտանգի տակ են:

Այլ հրահրիչներէն են յուզական սթրեսը եւ եղանակի փոփոխութիւնները:

Պղպջակային էկզեման կրնայ սեպուիլ շփման մորթատապի մէկ ձեւ: Պղպջակային էկզեմայով մարդիկ նոյնպէս հակուած են ժամանակ առ ժամանակ բռնկումներ զգալու:

  1. Սկաւառակային էկզեմա (Discoid eczema)

Սկաւառակային կամ հաւկթաձեւ էկզեման ճանչցուած է որպէս քերուըտուք յառաջացնող, կարմրած, ճաթրտած եւ ուռած մաշկի հիւանդութիւն:

Սկաւառակները սովորաբար կը յայտնուին ոտքերու վարի բաժինի, իրանի եւ նախաբազուկներու վրայ: Երբեմն սկաւառակի միջուկը կը սպիանայ` ձգելով կարմիր մաշկի օղակ մը:

Սկաւառակային էկզեման կրնայ յառաջանալ որեւէ տարիքի մարդոց մօտ (նոյնիսկ երեխաներու):

Ինչպէս էկզեմայի այլ տեսակներու պարագային, սկաւառակային էկզեմայի պատճառներն ալ լիովին պարզուած չեն: Այնուամենայնիւ, հրահրող եւ վտանգի յայտնի գործօններէն են.

  • Չոր մորթը,
  • Մաշկի վէրքերը, ինչպէս այրուածքները,
  • Միջատներու խայթոցները,
  • Արեան վտիտ հոսքը,
  • Ցուրտ կլիման,
  • Մաշկի պաքթերիական վարակները,
  • Որոշ դեղատեսակներ,
  • Զգայունութիւն մետաղներու եւ ֆորմ ալտեհիտի նկատմամբ,
  • Անսովոր մորթատապը:
  1. Վարիքոզային էկզեմա

Վարիքոզային էկզեման յայտնի է նաեւ որպէս երակային կամ ձգողական ուժի էկզեմա: Անիկա տարածուած է երակներու լայնացում ունեցող տարեցներու մօտ:

Ծերանալը եւ նուազ գործունեայ ըլլալը կրնայ թուլցնել մարդու ոտքերու երակները: Այս մէկը կրնայ յանգիլ վարիքոզի, եւ նոյնիսկ` վարիքոզային էկզեմայի:

Վարիքոզային էկզեման սովորաբար կ՛ազդէ ոտքերուն ստորին բաժնին վրայ եւ անոր  ախտանիշներէն են.

  • Այրող ու քերուըտուք յառաջացնող բիծեր կամ փշտիկներ,
  • Չոր ու թեփուկաւոր մորթ,
  • Մզուն ու կեղեւաւորուած բիծեր,
  • Ճաթրտած մաշկ:

Ստորին ոտքի մաշկը կրնայ փխրուն դառնալ, ուստի կարեւոր է խուսափիլ բիծերը եւ ուռերը քերելէ կամ փրցնելէ:

  1. Չորացման էկզեմա (Asteatotic eczema)

Չորացման էկզեման, որ նաեւ կը կոչուի Asteatotic eczema, սովորաբար կը յայտնուի միայն 60 տարեկանէն վեր մարդոց մօտ: Ան կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ այն բանով, որ տարիքի հետ մաշկը կը դառնայ աւելի չոր:

Չորացման էկզեման սովորաբար կը յառաջանայ ոտքերու վարի բաժինը, բայց ան կրնայ յայտնուիլ նաեւ մարմնի այլ մասերուն վրայ: Անոր ախտանիշներէն են.

  • Ճաթրտած, չոր մաշկ` բնորոշ արտաքինով, որ մարդիկ կը նկարագրեն որպէս «անկանոն սալայատակ»,
  • Վարդագոյն կամ կարմիր ճաքեր կամ ակօսներ,
  • Մորթի արտաքին պաշտպանիչ բաժինի կորուստ,
  • Քերուըտուք եւ ցաւ:

Ինչպէս էկզեմայի այլ տեսակներու պարագային, չորացման էկզեմայի պատճառները անյայտ են, սակայն հրահրող գործոններէն են.

  • Չոր ու ցուրտ եղանակը,
  • Տաք լոգանքները,
  • Օճառները եւ լուացքի այլ դեղերը,
  • Մորթի չափէն աւելի մաքրումը,
  • Կոշտ անձեռոցով չորցուիլը:

Ախտորոշում եւ բժիշկի դիմում

Էկզեմայի ախտանիշներ ունեցող մարդիկ պէտք է դիմեն բժիշկի կամ մաշկաբանի: Էկզեման կրնայ յառաջացնել նոր գերզգայնութեան, ուստի կարեւոր է որոշել, թէ ի՛նչն է այս հակազդեցութիւնը յառաջացնողը:

Էկզեման կրնայ նաեւ պատճառ դառնալ ստաֆիլոքոքային վարակի եւ լուրջ ազդեցութիւն ունենալ մարդու հոգեկան առողջութեան վրայ: Բժիշկը կրնայ առաջարկել բուժման ծրագիր` ախտանշանները եւ բռնկումները կառավարելու համար:

Էկզեմայի շատ մը տեսակներու պարագային ախտորոշման համար յատուկ քննութիւն չկայ: Բժիշկը սովորաբար պէտք է իմանայ անհատի անձնական եւ ընտանեկան բժշկական պատմութիւնը: Ան նաեւ կը հարցնէ հաւանական գերզգայնութիւններու եւ գրգռիչներու վերջին ազդեցութեան մասին: Կարեւոր է, որ մարդիկ տեղեկացնեն բժիշկը, թէ արդեօ՞ք իրենք ունին բեղմնափոշիի գերզգայնութիւն կամ ազմա:

Բժիշկը կրնայ նաեւ հարցնել.

  • Քունի ձեւերը,
  • Սթրեսային գործօնները,
  • Որեւէ նախկին բուժում` մաշկային հիւանդութիւններու համար,
  • Սթերոյիտներու որեւէ տեսակի օգտագործման մասին:

Ցանի ֆիզիքական քննութիւնը կ՛օգնէ բժշկին ախտորոշելու, թէ ո՛ր տեսակի էկզեման է այդ մէկը:

patch-testing

Բժիշկը կրնայ նաեւ կատարել կպչուկի քննութիւն (patch test), որ կը ներառէ մարդու մաշկը հաւանական գրգռիչներ եւ ալերժեններ պարունակող ասեղով ծակումը: կպչուկի քննութիւնը կրնայ որոշել, թէ արդեօ՞ք անհատը շփման մորթատապ ունի, թէ՞ ոչ:

Բուժում

Էկզեմայի ապաքինում չկայ, ուստի բուժումը կը ներառէ ախտանիշներու կառավարում եւ հետագայ բռնկումները կանխելու փորձեր:

Էկզեմայի բուժման որոշ տարբերակներէն են.

  • Տամուկցնող կամ փափկացնող միջոցներ` մաշկը խոնաւցնելու եւ քերուըտուքն ու ճաքերը նուազեցնելու համար,
  • Սթերոյիտային քսուքներ` ուռեցքը, կարմրութիւնը եւ ցաւը նուազեցնելու համար,
  • Հակահիսթամիններ` քերուըտուքը նուազեցնելու համար` յատկապէս գիշերը,
  • Calcineurin-ը կանխող քսուքներ, որոնք կ՛օգնեն բորբոքումը նուազեցնելու,
  • Անդրամանիշակագոյն շողերու (UV) օգտագործում` բորբոքման դէմ պայքարելու համար,
  • Հակակենսայիններ` մաշկի պաքթերիական վարակներու բուժման համար:

Բռնկումներու կանխարգիլում

Այստեղ կը ներկայացնենք որոշ ընդհանուր խորհուրդներ, որոնք կրնան կանխել էկզեմայի բռնկումները.

  • Օգտագործել մեղմ օճառներ եւ լուացքի դեղեր,
  • Խուսափիլ անուշահոտներէ,
  • Լոգանքի համար օգտագործել պաղ ջուր,
  • Լուացուելէ ետք մորթը նրբօրէն չորցնել կամ սրբել անձեռոցով,
  • Խուսափիլ էկզեմայի բիծերը քերթելէ, որովհետեւ մաշկի վնասումը կրնայ վատթարացնել էկզեման եւ մեծցնել վարակուելու հաւանականութիւնը,
  • Յաճախակի եւ կանոնաւոր խոնաւեցում` նուրբ ու իւղով հարուստ քսուքներով,
  • Բնական կերպասներէ պատրաստուած հագուստ հագուիլ եւ խուսափիլ նեղ հագուստներէ:

Էկզեմայով տառապող մարդիկ նոյնպէս կ՛օգտուին իրենց բժիշկին կամ մաշկաբանին հետ կապ պահելէ` պարզելու, թէ՛ ինչն է որ կը հրահրէ կամ կը վատթարացնէ իրենց ախտանիշները: Յատուկ հրահրողներէ կամ ալերժեններէ խուսափիլը կրնայ օգնել կանխելու կամ նուազագոյնի հասցնելու բռնկումները:

Աղբիւր` Medical News Today

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (1 Օգոստոս 2022)

Յաջորդը

Համազգայինի «Ամառնային Ծրագիր 2»-ի Աշակերտները Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?