29 յուլիսին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ մեկնարկեց «Դիմադրութիւն» շարժման հանրահաւաքը, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ շարժման դաշնակցական երեք երիտասարդներ, որոնք ձերբակալուած էին գիւմրեցի «պապիկներ»-ը ծեծի ենթարկելու գործով, ազատ արձակուած են գրաւի դիմաց: Տարօն Մանուկեան եւ Գոռ Սարգսեան կը շարունակեն բանտարկուած մնալ:
Ելոյթ ունեցաւ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ ըսաւ, թէ այսօր պետութիւն չկայ, բոլոր կառոյցները վարչապետի գերին են:
Ան շեշտեց, որ եթէ ընդդիմութիւնը երթայ խորհրդարան, պիտի երթայ բացառապէս ժողովուրդին` Ֆրանսայի հրապարակին վրայ ձեւաւորած օրակարգով` Հայաստանի գործող վարչապետի հեռացում եւ Հայաստանի ու Արցախի առջեւ ծառացած սպառնալիքներու դէմ պայքար:
«Միութիւն, պայքար, յաղթանակ» վանկարկեցին հանրահաւաքին մասնակցողները:
Այնուհետեւ մեկնարկեց «Դիմադրութիւն» շարժման երթը:
Երթին մասնակցողները քայլերթ կատարեցին Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն մէջ, այնուհետեւ վերադարձան Ֆրանսայի հրապարակը, ուր աւարտեցաւ հաւաքը: Սաղաթէլեան ներկայացուց հետագայ կատարուելիքները եւ ընդդիմութեան ծրագիրները: Ան ըսաւ, որ «Դիմադրութիւն» շարժման յաջորդ համահայկական հանրահաւաքը 2 սեպտեմբերին է: