Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտէի՞ր, Թէ… Ծովափի Աւազը Եկած Է Սառցակոյտերէն

Յուլիս 23, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ամառնային այս տաք օրերուն հաւանաբար դուն առիթը պիտի ունենաս ծովափ երթալու, նստելու աւազին վրայ` հորիզոնը դիտելով… Սակայն գիտէի՞ր, թէ այս աւազը, որուն վրայ դուն նստած պիտի ըլլաս, եկած է լեռներուն գագաթներուն վրայի սառցակոյտերէն:

***

Այո՛, ծովափին աւազը եկած է շատ հեռուներէն, ձիւնով ծածկուած լեռներէն: Եւ ան մինչեւ ծով կը հասնի շնորհիւ սառցակոյտերու կողմէ յառաջացած մաշումի երեւոյթին:

Ասիկա կրնայ քիչ մը անհաւատալի թուիլ, բայց սառցակոյտերը անշարժ չեն կանգնիր: Անոնց վրայ սառոյցը անդադար կը հալի եւ կը հոսի: Սակայն ասիկա կը պատահի այնքան չափազանց դանդաղ կշռոյթով, որ մարդկային աչքը գրեթէ չանդրադառնար:

Հոսելով, այս սառոյցը կը քսուի ժայռերուն մակերեսին` հետը տանելով լեռներու ժայռերէն շատ մանր մասնիկները մինչեւ հովիտին խորերը: Ապա շնորհիւ տեղացող անձրեւներուն եւ սառոյցներուն հալած ջուրին` ժայռերու այս մանր մասնիկները կը հասնին մինչեւ գետերը: Այս վայրկեանին է, որ կը սկսի անոնց երկար ճամբորդութիւնը փոքրիկ գետակները կը թափին միշտ աւելի մեծ գետերու մէջ, մինչեւ հասնին գետ մը, որուն ջուրը վերջապէս կը թափի ծովուն մէջ:

***

Երբ այս մասնիկները կը հասնին ծով, ծովային հոսանքն է, ուր գործը կը շարունակէ: Ան կ՛առնէ ժայռերու բոլոր մանր մասնիկները եւ զանոնք կը վերադարձնէ դէպի ծովափ:

Ապա կու գան ալիքները: Անոնք մեծ դեր ունին այս հոլովոյթին մէջ: Շնորհիւ անոնց երթուդարձի շարժումին` անոնք մասնիկները կը բարձրացնեն եւ կը հրեն, մինչեւ ժայռի այդ փոքրիկ կտորները հանգչին ծովեզերքը եւ կազմեն ծովափները: Երբ դուն ձեռքերուդ մէջ առնես այդ աւազը, յիշէ՛, որ դուն ափիդ մէջ ունիս լեռներու սառցակոյտերու ժայռերէն կտորներու:

***

Ծովափներուն վրայ աւազը «կ՛երթեւեկէ» տարիներու ընթացքին: Հազարամեակներու ընթացքին, «նորեկ» աւազները կ՛առնեն «գաղթող» աւազներուն տեղը: Սակայն մօտաւորապէս 2000 տարիներէ ի վեր շատ աւելի լքող աւազ կայ, քան` նոր բերուած աւազ: Սակայն ինչո՞ւ…

Աւազի «արտադրութիւնը» նուազ արդիւնաբեր է այժմ, քան` հազարաւոր տարիներ առաջ: Սառցակոյտերուն ծաւալը նուազած է ժամանակի ընթացքին: Հետեւաբար անոնց ժայռերու մաշումի աշխատանքը նուազած է: Իբրեւ ուղղակի հետեւանք, նուազ մաշում` կը նշանակէ նուազ մասնիկներ, որոնք կ՛ուղղուին դէպի ծով, եւ հետեւաբար նուազ աւազ` ծովափներուն վրայ:

Սակայն իրարանցումի պէտք չկայ: Մեր ծովափներուն վրայի աւազը շատ հին է: Ան հասած է վերջին սառցակալման ժամանակաշրջանէն, մօտաւորապէս 12 հազար տարիներ առաջ: Այդ ժամանակաշրջանին հսկայական սառցակոյտ մը կը ծածկէր ամբողջ հիւսիսային Եւրոպան: Այս սառցակոյտերը մեծ քանակներով աւազ կ՛արտադրէին:

Տակաւին այս հսկայական քանակներով աւազներն են, որոնք աւազ կը հայթայթեն մեր ծովափներուն մինչեւ այսօր: Սակայն, որովհետեւ նուազ քանակներով նոր աւազ կը հասնի մինչեւ ծովեզերք, ծովը շատ աւելի ցամաք կը նուաճէ, եւ ծովափները նուազ ընդարձակ պիտի ըլլան դարերու ընթացքին:

Գծենք

Ինչպէ՞ս Գծել Աւազէ Պալատ Մը

Ծովափը անցուցած հաճելի ժամանակներէդ յիշատակներ պահելու համար կրնաս պզտիկ գծագրութիւններ ընել եւ շուրջը փակցնել ծովափէն հաւաքած խեցիներ կամ փոքրիկ խիճեր:

1.- Նախ գծէ աւազէ պալատիդ հիմքը ուղղահայեաց` շիտակ եւ ապա` հորիզոնական կոր գիծեր գծելով: Պալատին ծայրը քառակուսի ձեւեր աւելցուր:

2.- Այս հիմերուն վրայ աւելցուր ուրիշ աշտարակներ:

3.- Վերջապէս, աւելցուր մանրամասնութիւնները` պատուհաններ, դուռ, դրօշակներ, արեւ, ամպեր…

Բարի՛ զուարճութին:

Մտածենք

 Աւազէ Պալատ

Վեց պատանիներ մասնակցեցան աւազէ պալատի շինութեան մրցանքի մը: Կրնա՞ս գտնել, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ո՛ր դասաւորման մէջ, ո՛ր դիրքը գրաւեց:

1.- Գէորգը ո՛չ առաջին, ո՛չ ալ վերջին ելաւ:

2.- Հուրիկը Անիէն եւ Պետիկէն աւելի լաւ նիշ բերաւ:

3.- Յարութը առաջին երեք դիրքերէն մէկուն վրայ է:

4.- Գարունը կա՛մ երրորդ, կա՛մ չորրորդ ելաւ:

5.- Անին Գէորգէն աւելի լաւ նիշ բերաւ:

6.- Հուրիկը շատ ուրախ էր, որ վերջապէս կրցաւ յաղթել մրցանքի մը:

7.- Յարութը Գարունէն երկու աւելի բարձր դիրք գրաւեց:

Պատասխաններ Նախորդ Թիւի
Հարցարանին

1 – Սեպտեմբեր, հոկտեմբեր, նոյեմբեր: 2 – Ափրիկեան փիղը: 3 – Ատելայիտ, 4 – Ոսկին: 5 – 5: 6 – Ճիշդ: 7 – Պելֆասթ: 8 – Ո՛չ մէկ: 9 – 18-22 ժամ: 10 – Կէտը: 11 – 8: 12 – Ճիշդ: 13 – Արուսեակ: 14 – Ադամանդ: 15 – Ելակը: 16 – 6: 17 – Փայլածուն: 18 – Լոյսը: 19 – Ջայլամը: 20 – Սումօ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ 8 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել այս անասունը, որ չունի իր զոյգը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

«Յառաջ»-ի Գծագրական Ցուցահանդէսը «Մուսա Լեռ» Սրահին Մէջ

Յաջորդը

Արդի Լիբանանեան Պտոյտ Մը

RelatedPosts

Ամառնային Թելադրանքներ
Մանկապատանեկան

Ամառնային Թելադրանքներ

Օգոստոս 13, 2022
Աշխարհի Ամէնէն Ծեր Ծա՞ռը…
Մանկապատանեկան

Աշխարհի Ամէնէն Ծեր Ծա՞ռը…

Օգոստոս 6, 2022
Անջրպետ.  «Ճէյմս-Ուեպ» Անջրպետային Աստղադիտակին Նկարները
Մանկապատանեկան

Անջրպետ. «Ճէյմս-Ուեպ» Անջրպետային Աստղադիտակին Նկարները

Յուլիս 16, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In