Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդի Լիբանանեան Պտոյտ Մը

July 23, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԼ

Իւրայատուկ է լիբանանեան արեւածագը, երբ արեւը իր առաջին ամօթխած հայեացքները կը սկսի նետել գեղատեսիլ ու դալարագեղ լեռներուն վրայ: Ու հեքիաթային է մայրամուտը, երբ շողերը կամաց կամաց կը նուաղին ծովու ալիքներուն մէջ, եւ հրագունդը կ’ընկղմի նարնջագոյնի բոլոր երանգները հագած հորիզոնէն` Միջերկրական ծովու խորը…

Գեղեցիկ տեսարաններով հագեցած ո՞ր պտոյտը նկարագրեմ եւ ո՞ւր տանիմ ձեզ. դէպի սփիւռքի միակ հայաւանը` Այնճա՞ր, որուն ճամբուն վրայ` հեռուէն Պեքան իր ցանքերու գոյնզգոյն գորգը կը փռէ ձեր դիմաց, ու գիւղը իր պատմական բերդով ու հռչակաւոր ճաշարաններով կը սպասէ ձեզ, թէ՞ ծովափի կողքով դէպի հիւսիս կ՛ուզէք երթալ, մէկ կողմէն վայելելով ծովու գեղեցկութիւնը. այցելել Ճիպէյլի որբանոցն ու թանգարանը, ապա ծովային համեղ ուտելիքներ համտեսել Պաթրունի, Շեքքայի կամ  Թրիփոլիի մէջ: Արդեօք դէպի հարա՞ւ կը նախընտրէք երթալ` հասնելով մինչեւ հարաւային սահմանները, Սայտա ու Սուր, նշանաւոր իրենց պատմական բերդերով ու նաւահանգիստներով, դէպի Պաալպէ՞ք` դիտելու աւերակները, թէ՞ դէպի Շուֆ, ուր փոքր ու զուլալ ջրվէժները ու լճացած ջինջ կապոյտ ջուրերը դրախտային…

– Մա՛մ, WhatsApp-իդ պատասխանէ. «Բոլորով»-ին վրայ մօրքուրենք կ’ըսեն` կիրակի է, տեղ մը երթանք…- կրտսեր տղաս կը կտրէ մտածումներուս ճախրանքը:

Կը բանամ մեր ընտանեկան էջը… արդէն պատգամներու շարան մը պատասխաններու կը սպասէ…

– Ո՞ւր կ’ուզէք,- կ’ըսեմ:

– Ասանկ` հեռու աղուոր տեղ մը,- կ’ըսէ քրոջս աղջիկը:

– Հեռու թող չըլլայ,- կ՛ըսէ քեռայրս,- պենզինի հարց ունինք:

– Մենք ալ,- կը հաստատէ ամուսինս:

– Տունը մեռանք երկու տարի է,- կ՛ըսէ քրոջս տղան:

– Լա՛ւ, Պէյրութի կողմ տեղ մը…,- կը փորձուիմ ըսել ես, եւ…

– Ի՜նչ,- կ’ըսէ պապաս,- դուք խենթացա՞ք, կացութիւնը կացութի՞ւն է, չըլլա՛յ որ, կեցաք-կեցաք հիմա՞ միտքերնիդ եկաւ տեղ երթալը…

– Չոճուխներն ալ իրաւունք ունին,- ըստ ընկալեալ սովորութեան, կացութիւնը կը փորձէ մեղմել մամաս,- քիչ մը կը փոխուին:

– Է՜, շրջանին մէջ տեղ մը թող երթան,- կը հանդարտի պապաս,- օրերը կը վերջանա՞ն կոր մը, դեռ շատ կ՛երթան:

– Հաճիք  «Քորոնա»-էն ուշադիր եղէք,- Հայաստանէն կը պատգամէ մեծ տղաս…

– Ծնած օրերնէս աս է,- կ՛ըսէ քոյրս…- ինչ որ ուզենք ընել, քիթերնէս կու գայ…

– Լա՛ւ, եկէք շրջանին մէջ տեղ մը երթանք, բան մը կ՛ուտենք…

– Գիները տեսա՞ծ ես… ամսականդ կը դնես…

– Նաւահանգիստի պայթումին խեղճ զոհերուն ընտանիքներն ալ ցոյցեր կազմակերպած են…

– …

– Մեզի եկէք վաղը, համով ճաշ մը  կը պատրաստեմ, ամէնքս մէկ կը հաւաքուինք, ուտենք,- անելէն դուրս հանելու փորձ մը կ՛ընէ մամաս` հակառակ ջուրի տագնապին:

– Աւելորդ ծախս ալ չէք ըներ, պենզին ալ խնայած կ’ըլլաք, համով-համով կ՛ուտէք տունի մաքուր ճաշը:

– Ճի՛շդ է, դուրսերը կերած եւ թունաւորուածներուն մասին ամէն օր կը լսենք…ելեկտրականութիւն չկայ, մոթորն ալ կը մարեն…

– Հիւանդանոցները տեղ իսկ չկայ… դեղարանները դեղ չենք գտներ…- ըսելով` պտոյտի ծրագրին վերջին հարուածը կու տայ հայրս…

Կը հաւաքուինք մեր պապենական տունը, որ աւելի քան ութ տասնամեակներ մեր ընտանիքի իրերայաջորդ սերունդները հիւրընկալած է իր տաքուկ երդիքին տակ:

Մուտքին մեր ռունգերը կը շոյէ մաքուր ու համով ճաշին  հոտը…

– Կենացնուդ,- կ՛ըսէ պապաս,- բարձրացնելով օղիի գաւաթը, իշալլա աւելի լաւ կ՛ըլլան օրերը, դուք ալ ուզած տեղերնիդ կ’երթաք, ուզած բաներնիդ կ՛ընէք…

Ձեր ալ կենացը, սիրելինե՛ր: Կը խոստանամ, որ ԵԹԷ բարի ու գեղեցիկ առաւօտ մը,  արթննանք այս մղձաւանջէն, ու դարձեալ կարենանք այցելել Լիբանանի գեղատեսիլ վայրերը,  ձեզ ալ հետս պիտի տանիմ, մեծ հանրաշարժով մը…

Յոյսը վերջինը կը մեռնի` կ՛ըսեն…

 

 

Նախորդը

Գիտէի՞ր, Թէ… Ծովափի Աւազը Եկած Է Սառցակոյտերէն

Յաջորդը

Նշմար. Ակամայ Մատնանշում

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.