ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Վազգէն Բիւզանդեան եւ դուստրը` դոկտ. Հուրի
Տիկին Էտիթա Քիւրքճեան եւ զաւակները` Էփի եւ Տիգի
Տէր եւ տիկին Վազգէն Քիւրքճեան
Տէր եւ տիկին Կերի Քիւրքճեան
Տէր եւ տիկին Վարանդ Քիւրքճեան
Տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Կրէյս Կոբարեան
Դոկտ. Հրայր եւ Հիլտա Քիւրքճեան եւ զաւակները
Դոկտ. Քարլա Քիւրքճեան եւ ընտանիք
Դոկտ. Ճոնաթան Քիւրքճեան եւ ընտանիք
Դոկտ. Նաթալի Քիւրքճեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Այլին Քիւրքճեան եւ զաւակները` Շանթ եւ Ճեֆրի
Տիկին Արուսեակ Քիւրքճեան եւ զաւակները` Թորոս, Րաֆֆի եւ Սիլվա
Բիւզանդեան եւ Մինասեան ընտանիքներ
Սանոսեան եւ Միհրանեան ընտանիքներ
Շամլեան եւ Քիւրքճեան ընտանիքներ
Քոչէրեան եւ Մխիթարեան ընտանիքներ
Քուպրուսի եւ Նահապետեան ընտանիքներ
Ոսկերիչեան եւ Ֆրիթց ընտանիքներ
Մարկոսեան եւ Գարամանուկեան ընտանիքներ
Ապաճեան եւ Մուճաէս ընտանիքներ
Աստուրեան եւ Ենովքեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, տալոջ եւ հարազատին`
ԱՏՐԻՆԷ ԲԻՒԶԱՆԴԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 19 յուլիս 2022-իւն:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 22 յուլիսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Նշան եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ԾԱՆՕԹ.- Կը խնդրուի «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով ներկայ գտնուիլ դիմակով:
—————————————
ՏՕՆ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Հայ եկեղեցին հինգ տաղաւար տօներէն երրորդը` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան (Պայծառակերպութեան) տօնը այս տարի կը նշէ կիրակի, 24 յուլիս 2022-ին:
Արդարեւ, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ:
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Յունաստանի հայոց թեմին
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու Աստուածորդւոյն` Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան յիշատակութեան եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու Քրիստոսի` մեզի փոխանցած պատգամով ու հոգեւոր արժէքներով:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՆՈՐ ՄԻՒՌՈՆԻ ԸՆԾԱՅՈՒՄ
ՆՈՐԱՇԷՆԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԿԻՐԱԿԻ, 24 ՅՈՒԼԻՍ 2022
ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ սրբալոյս նոր միւռոնով ջրօրհնէք կատարէ
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Սկիզբ սուրբ պատարագի` ժամը 9:30-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
—————————————
ՆՈՐԱՇԷՆԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
ԴՊՐԱՑ, ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ
ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՆՈՐ ՄԻՒՌՈՆԻ ԸՆԾԱՅՈՒՄ
Կիրակի, 24 յուլիս 2022-ին, Վարդավառի տօնին առիթով Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ:
Պատարագի ընթացքին պիտի կատարուի դպիր-դպրուհիներու եւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութեան կարգ: Յաւարտ Ս. պատարագի` տեղի պիտի ունենայ սրբալոյս նոր միւռոնի ընծայում եւ ջրօրհնէք:
Դպրութեան կարգ պիտի ստանան` Ծերոն Մահտեսեան, Հայկանա Մուրատեան, Ցօղեր Չուալերթանեան, Հերմին Գազանճեան, Աննա Գազանճեան, Շողակ Մակոլեան, Վարդի Չայլեան:
Կիսասարկաւագ պիտի ձեռնադրուին` Հրակ Մամիկոնեան, Րաֆֆի Քէշիշեան, Յակոբ Ապրումեան:
Պիտի պատարագէ, ձեռնադրութիւնը կատարէ եւ Սրբալոյս նոր միւռոնով ջրօրհնէք կատարէ`
ԳԵՐՇ. ՏԷՐ ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Ձեռնադրութիւն` ժամը 10:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութեանց եւ աղօթելու եկեղեցւոյ ծառայողներուն համար:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը կարիքը ունի տնօրէնի օգնական քարտուղարուհիի մը:
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի իրենց «Սի. Վի.»-ները ղրկել հետեւեալ հասցէին` [email protected].
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Bijouterie Garo կարիքը ունի քարտուղարուհիի մը, ֆրանսերէն եւ անգլերէն գիտնալը` պայման, նաեւ պէտք է քաջածանօթ ըլլալ համակարգիչի ծրագիրներու գործածութեան:
Կը խնդրուի «Սի. Վի.»-ն ղրկել` [email protected]
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Bijouterie Garo կարիքը ունի վարպետ`
– Ադամանդաշարի
– Ոսկերիչի (սետեքեր)
– Ոսկի փայլեցնողի
Դիմել` հեռ. 03-207772 եւ 01-266514 թիւերուն: