Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 20, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Տեղի Ունեցաւ «Ես Եմ, Ես Կամ» Պատկերագիրքին Շնորհահանդէսը

Յուլիս 12-ին ՀՅԴ Գիւմրիի «Շիրակ Շիրուանեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին կողմէ հրատարակուած «Ես եմ, ես կամ» պատկերագիրքին շնորհահանդէսը:

Պատկերագիրքը կը ներկայացնէ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած 25 հերոս գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու ստեղծագործութիւնները:

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ նշեց, որ պատկերագիրքին առաջին շնորհահանդէսը կայացած էր յունիս 7-ին, Երեւանի մէջ: Ռ. Առաքելեան շեշտեց. «Այսպիսի ձեռնարկներ առիթ են կրկին յիշելու ստեղծագործող մեր տղաները, որոնք իրենց ապրած կարճ կեանքի ընթացքին ձգեցին արուեստի մնայուն արժէքներ: Անոնց ձգածը նաեւ պատգամ է ապրողներուս համար` շարունակելու իրենց կիսատ ձգած գործը թէ՛ արուեստի, թէ՛ պատերազմի դաշտին մէջ: Նշեմ նաեւ, որ մինչեւ պատկերագիրքին կազմելը Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը նաեւ նախաձեռնած էր 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներուն գրական ստեղծագործութիւններու ժողովածուին տպագրութիւնը»:

Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, խօսելով կրթութեան ու մշակոյթի ազգապահպան դերակատարութեան մասին, յիշեց Համազգայինի հիմնադիրները, որոնք համոզուած էին, որ հայրենիքէն հեռու հայ մնալու միակ գրաւականը հայ մշակոյթի պահպանումն է: «Մեր հերոս տղաները այսօր նոյնը կը պատգամեն: Անոնց զոհողութիւնը հայրենիքը սիրելու ամէնէն մեծ դասն է», նշեց Զ. Քէշիշեան:

Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամ, «Դրօշակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Արտաշէս Շահբազեան եւ շնորհահանդէսի ընթացքին բոլոր խօսք արտասանողները շեշտեցին օրուան խորհուրդը` հայրենասիրութիւնը դարձնել հոգեբանութիւն եւ ամէնօրեայ տքնաջան աշխատանք: Այս պիտի ըլլայ իւրաքանչիւրիս ապրելու բանաձեւը:

Երաժշտական–Թատերական Ներկայացում` Նուիրուած Եղիշէ Չարենցի Ծննդեան 125-Ամեակին

Անուանի բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները կը շարունակեն ընդլայնել իրենց սահմանները: Յուլիս 18-ին Գիւմրիի եւ յուլիս 19-ին Դիլիջանի մէջ կայացաւ երաժշտական-թատերական ներկայացում մը:

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հաղորդումով, Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին անուանի եւ սիրուած դերասաններու ընթերցումով հնչեցին բանաստեղծին յայտնի եւ անյայտ ստեղծագործութիւնները` ներկայացնելով ստեղծագործող անհատին, մարդուն, հայրենասէրին, սիրահարին, ընտանիքին, բանտարկուած, ողբերգական եւ միաժամանակ պայքարի խորհրդանիշ դարձած Չարենցը: Ցուցադրուեցաւ նաեւ բանաստեղծի կեանքին ու ժամանակաշրջանին վերաբերող հազուագիւտ ժամանակագրութիւն:

Հաղորդենք, որ հանդիսութեան մասնակցեցան Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտներ, դերասաններ` Արթուր Ութմազեանը, Բաբգէն Չոպանեանը, Սամսոն Ստեփանեանը: Երեկոյին ներկայ գտնուեցան նաեւ Սամուէլ Թօփալեանը, Մխիթար Աւետիսեանը եւ Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Քրիսթինա Ոսկանեանի: Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը կատարեց հայ դասական երաժիշտներու յայտնի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ:

Նուագահանդէսը ղեկավարեց խմբավար, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Ռուբէն Ասատրեանը, մենակատարութեամբ ներկայացաւ Յովհաննէս Անդրիասեանը (թենոր), նախագիծին ղեկավարը եւ հեղինակն էր Արամ Սուքիասեանը, իսկ տեսանիւթերու խմբագրումը եւ գծանկարը իրականացուց Արմէն Գալոյեանը:

Ցեղասպանութենէն Փրկուած Եւ Միացեալ Նահանգներ Գաղթած Հայ Երիտասարդի Մը Մասին Պատմող Ժապաւէնով Երեւանի Մէջ Սկիզբ Առաւ «Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնը

Հայկական արտադրութեան «Ամերիկացի» ժապաւէնի անդրանիկ ներկայացումով յուլիս 10-ին Երեւանի «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ սկիզբ առաւ 19-րդ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնը:

«Ամերիկացի» ժապաւէնի բեմադրիչ եւ բեմագիր Մայքլ Գուրջեան, որ «Էմմի» եւ «Ոսկէ կլոպուս» մրցանակներու դափնեկիր է, յայտնեց, թէ երջանիկ է, որ Հայաստան կը գտնուի: Ան նշեց, որ իր ժապաւէնը կը պատմէ տղու մը մասին, որ փրկուած է Հայոց ցեղասպանութենէն` կորսնցնելով ընտանիքը, եւ կը փորձէ գտնել իր արմատները:

Բեմադրիչը, որ կ՛ապրի Միացեալ Նահանգներ, նաեւ խոստովանեցաւ, որ համավարակի ընթացքին եղած է Հայաստան եւ շատ վայրերու մէջ ըլլալու հնարաւորութիւն չէ ունեցած, սակայն շատ լաւ կը ճանչնայ Երեւանի կեդրոնը: Այս այցելութեան ընթացքին կը փորձէ իւրովի բացայայտել Հայաստանը, որովհետեւ կը պատրաստուի աշխատիլ հայկական այլ նախագիծի մը վրայ եւս:

Երեկոյի ընթացքին փառատօնի պատուաւոր «Փարաջանովեան թալեր» մրցանակ յանձնուեցաւ սպանացի բեմադրիչ Ալպերթ Սերային եւ օսկարակիր բեմադրիչ Թերի Ճորճին: Թերի Ճորճը երրորդ անգամ ըլլալով կը գտնուի Հայաստան, 19-րդ «Ոսկէ ծիրան»-ի պատուաւոր հիւրն է եւ «Երկարատեւ ժապաւէններու մրցոյթ»-ի դատական կազմին նախագահը: Ան մեր երկիրը առաջին անգամ եկած է «Խոստումը» ժապաւէնին առնչուող աշխատանքներ իրականացնելու համար, յետոյ` ժապաւէնի անդրանիկ ներկայացման:

«Ոսկէ ծիրան» փառատօնի հիմնադիր եւ նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան յիշեց իր ուսուցիչներէն մէկը, որ ժամանակին ըսած է, որ փառատօնը կարելի է յաջողած համարել, եթէ անիկա ընդգրկէ լաւագոյն ժապաւէնները, հրաւիրէ լաւագոյն դատական կազմը, ունենայ լաւագոյն հանդիսատեսը: Խաչատրեան համոզուած է, որ «Ոսկէ ծիրան»-ը ունի այդ երեք բաղադրիչները:

Նշենք, որ Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային 19-րդ փառատօնը իրականացուեցաւ յուլիս 10-17: Փառատօնին ցուցադրուեցաւ մօտաւորապէս հարիւր ժապաւէն: Յատուկ փառատօնին մասնակցելու համար Հայաստան եկած էին շարք մը պատուաւոր հիւրեր, որոնցմէ էին` սպանացի բեմադրիչ, Լոգառնոյի փառատօնի գլխաւոր մրցանակակիր, Քաննի փառատօնի մրցանակակիր Ալպերթ Սերան, եւրոպական շարժանկարի առաջնակարգ արտադրող, 35-է աւելի փառատօներու մրցանակակիր, Քաննի կրկնակի մրցանակակիր ժապաւէններու արտադրող Ֆիլիփ Պոպերը, DAU բազմածրագիր մարդաբանական շարժանկարի նախագիծի հեղինակ Իլիա Խրժանովսքին եւ ուրիշներ:

Փառատօնը յարգանքի տուրք մատուցեց շարժանկարի անուանի գործիչներ Եուրի Երզնկեանի, Լայերտ Վաղարշեանի, Ալեն Ռենէի, Փիեռ Փաոլօ Փազոլինիի յոբելեաններուն. ցուցադրուեցան հեղինակներու քանի մը ժապաւէններ ինչպէս փառատօնի օրերուն, այնպէս ալ փառատօնէն ետք: Ժապաւէնները պիտի ցուցադրուին վերականգնուած տարբերակներով: Իսկ Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին վրայ պիտի բացուին Եուրի Երզնկեանի եւ Լայերտ Վաղարշեանի աստղերը:

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկին Մէջ Իրականացաւ Ամերիկացի Ուսուցիչներու Վերապատրաստման Ծրագիր

Ամերիկեան «Genocide Education Project» կազմակերպութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հետ համագործակցելով, յուլիս 9-17 կազմակերպեց ամերիկացի ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիր:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին տուած տեղեկութիւններով, դասընթացը տեղի ունեցաւ յուլիս 10-15, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ. դասախօսութիւն-գործնական պարապմունք ձեւաչափով մասնակիցներուն ներկայացուեցան Հայոց ցեղասպանութեան պատմական, իրաւական, ընկերային-հոգեբանական դիտանկիւնները` միաժամանակ ցոյց տալով այդ յանցագործութեան, անոր անպատժելիութեան ունեցած երկարաժամկէտ ազդեցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ քաղաքական, տնտեսական վիճակին վրայ: Առանձին դասաժամ յատկացուեցաւ արցախեան հիմնահարցին: Ծրագիրը ներառեց յատուկ մշակութային մաս, որ կը նպաստէր հայոց պատմութեան եւ Հայաստանի մասին ընդհանուր ճանաչողութեան բարձրացման:

«Այս տարի ծրագրին մասնակցեցան 15 ուսուցիչ` Ամերիկայի 15 տարբեր նահանգներէ: Անոնց մեծ մասը ունի մարդկային ոլորտի մէջ դասաւանդելու 20 եւ աւելի տարիներու փորձառութիւն, ոմանք խմբագրած կամ մասնակցած են Ցեղասպանութեան մասին ժողովածուներու հրատարակման, տարբեր թանգարաններու կրթական ծրագիրներու մշակման», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ծրագրին իբրեւ արդիւնք` մասնակիցները ծանօթանալով Հայոց ցեղասպանութեան նիւթի դասաւանդման ձեւերուն եւ շեշտադրումներուն, GenEd կազմակերպութեան աջակցութեամբ յառաջիկային պիտի կազմակերպեն վերապատրաստման նոյնանման ծրագիրներ եւ գործնական դասընթացքներ իրենց նահանգներուն մէջ:

Յոբելինական Համերգ` Նուիրուած «Բարեկամութիւն» Համոյթի Ստեղծման 35-Ամեակին

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ յոբելենական ձեռնարկներու ծիրին մէջ վաստակաւոր համոյթը  յուլիս 18-ին Ա. Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ հանդէս եկաւ անդրանիկ ներկայացումով` «Սպանական պար» խորագրով, բեմադրութեամբ` Աշխէն Պոյաճեանի:

Յայտնենք, որ ելոյթին ընթացքին հանդիսատեսին ներկայացուեցան գերյագեցած եւ համալրուած` համոյթին անուանի կատարումներն ու նոր բեմադրութիւնները:

Զալցպուրկի Համալսարանը Արցախի Մշակութային–Հոգեւոր Ժառանգութեան Ուսումնասիրութեան Համար Դրամաշնորհներ Սահմանած Է

Աւստրիոյ Զալցպուրկի համալսարանի Քրիստոնէական արեւելքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի հայագիտութեան բաժինը, բաժինի վարիչ, հայագէտ Ժասմին Տում-Թրակուդի նախաձեռնութեամբ, կրթաթոշակներ սահմանած է Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնը ուսումնասիրող հետազօտողներու համար: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը:

2022-ի գարնան սկսող կրթաթոշակային նոր ծրագիրին նպատակն է խրախուսել երիտասարդ հետազօտողները` ուսումնասիրելու Արցախի մշակոյթի եւ արուեստի պատմութեան վերաբերող նիւթերը, առանձնայատուկ շեշտադրելով նիւթական եւ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան վերաբերող հարցերը: Կրթաթոշակի առաւելագոյն գումարը 3 հազար եւրօ է: Դրամաշնորհի ծիրէն ներս կարելի է կազմակերպել նաեւ կարճատեւ կեցութիւն Զալցպուրկի մէջ:

«Արցախի մշակութային հոգեւոր ժառանգութեան վրայ կեդրոնացած հայագիտական հետազօտութիւններու դրամաշնորհներ»-ու դիմումներու ընդունման ժամկէտը սկսած է յուլիս 1-ին, իսկ  վերջնաժամկէտը 2022-ի հոկտեմբեր 1-ն է:

Հետազօտութիւններու շրջանակը կ՛ընդգրկէ հետեւեալ նիւթերը.

– Հայագիտութեան որեւէ բնագաւառ (լեզու, պատմութիւն, մշակոյթ, արուեստ, աստուածաբանութիւն, ազգագրութիւն, հնագիտութիւն եւ այլն)` կեդրոնանալով Արցախի մշակութային-հոգեւոր ժառանգութեան վրայ եւ շեշտադրելով միջառարկայական մեթոտներն ու մօտեցումները: Յատկապէս ողջունելի են հայագիտութեան հետեւեալ ուղղութիւնները` ընդհանուր, պատմական եւ համեմատական լեզուաբանութիւն, տարածքային լեզուաբանութիւն, բարբառագիտութիւն, ազգագրութիւն, արուեստ եւ ճարտարապետութիւն, ձեռագիր ուսումնասիրութիւններ, հնագիտութիւն, միջնադարեան պատմութիւն, կանուխ ժամանակաշրջանի պատմութիւն, աստուածաբանութիւն, կրօնագիտութիւն եւ ոլորտին սերտօրէն կապուած այլ նիւթեր:

– Նախագիծերը պէտք է հիմնուած ըլլան հիմնարար հետազօտութեան, արխիւային կամ դաշտային աշխատանքի, ինչպէս նաեւ արդի գիտական մօտեցումներու եւ տեսութիւններու վրայ:

– Նախագիծները պէտք է ունենան յստակ արդիւնք` գիտական հրապարակման տեսքով:

– Դիմումի լեզուն պէտք է ըլլայ անգլերէն: Ծրագրին արդիւնքը նոյնպէս պէտք է գրուած ըլլայ անգլերէն կամ որեւէ արեւմտեան լեզուով: Նախագիծը ինքնին կրնայ ըլլալ հայերէն կամ այլ լեզուով (օրինակ` ռուսերէն, գերմաներէն, իտալերէն եւ այլն):

Կրթաթոշակային ծրագրին կրնան դիմել վերոյիշեալ նիւթերուն մինչեւ 35 տարեկան եւ արդէն իսկ գիտական ուսումնասիրութեան փորձ ունեցող շրջանաւարտները, մագիստրոսներն ու ասպիրանտները:

Տեղեկացնենք, որ անհրաժեշտ փաստաթուղթերու հետ պէտք է ներկայացնել նաեւ ծախսերու բաշխման, ժամանակացոյցի, աշխատանքային ծրագիրի, ինչպէս նաեւ հետազօտութեան հայեցակարգի վերաբերեալ տեղեկութիւններ:

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մելիք Ջումշուդ Եւ Մելիք Ֆրէյդուն Պետերբուրգի Մէջ Եւ Փաւէլ Ա. Կայսրին Մատուցուած Աղերսագիրը

Յաջորդը

Մուրատ Փափազեանի Արգելակում, Պետական Խորհրդանիշներ Եւ Մասամբ Նորին

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 3, 2022
ՀՄԸՄ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՄԸՄ-Ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին

Յուլիս 29, 2022
Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Երեկոյով Նշեցին Լիզպոնի Հերոսական Գործողութեան 39-Ամեակը
Հայրենի Կեանք

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Երեկոյով Նշեցին Լիզպոնի Հերոսական Գործողութեան 39-Ամեակը

Յուլիս 29, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In