Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուրատ Փափազեանի Արգելակում, Պետական Խորհրդանիշներ Եւ Մասամբ Նորին

Յուլիս 20, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ

Պարզ է, որ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլումը պիտի փոթորկէր հայաշխարհը, Երեւանէն մինչեւ սփիւռքի չորս ծագերուն: Ընդվզումի այս ալիքը բնական էր ոչ թէ միայն այն պատճառով, որ ան ազգային աւանդական կուսակցութեան մը ղեկավար բարձրագոյն մարմինի անդամ է, որ ֆրանսական իշխանութեանց թէ հասարակական շրջանակներու մօտ ամբողջ քառասնամեակ մը ոգի ի բռին պայքարեր է ի խնդիր Հայաստանին, Արցախին եւ Հայ դատին, ոչ թէ միայն որովհետեւ ան Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահն է, այլ նաեւ նախ եւ առաջ, պարզապէս որովհետեւ ՀԱՅ մարդ է, որուն առանց որեւէ պաշտօնական ու իրաւական հիմքի բացատրութեան` կը զլացուի հայրենիք մուտքը: Թէեւ ներազգային մեր ներկայ միջավայրին ու իրավիճակին քաջածանօթ ոեւէ մէկը կրնայ լաւապէս կռահել այս ստորին, աժան ու նողկալի արարքին տուն տուող պատճառը, սակայն հակառակ նաեւ հայ թէ օտար հեղինակաւոր անձնաւորութիւններու թէ տարբեր միութեանց մարմիններու կոչերուն ու պահանջին` պաշտօնական բացատրութիւնը ցարդ կը զլացուի, առաւել ամրապնդելով բոլորիս, վստահաբար նաեւ ի՛ր` ենթակային կռահումը, թէ հարցին տուն տուող պատճառը կամայական է, ենթակայական:

Այսուհանդերձ, ընկերային ցանցերու վրայ իշխանական մունետիկային քլանն ու ֆէյքային քարոզչամեքենան, ինչպէս նաեւ իշխանահպատակ «մամուլ»-ի չակերտեալ որոշ «լրագրողներ»հրապարակ նետած են հակադաշնակցական հալածանքի դասական վաղեմի, բայց մաշած իրենց շինծու պիտակաւորումը` պետական խորհրդանիշները վարկաբեկած ըլլալու ահաւոր սուտը, զոր խորհրդային հարազատ ժառանգութիւն է, յար եւ նման` տէրպետրոսեանական նախափորձին:

Սակայն նոյնիսկ այստեղ ճղճիմ են ու խեղճ այս թափթփուքները, որովհետեւ Հայաստանի սահմանադրութեան համաձայն (21-րդ յօդուած), Հայաստանի խորհրդանիշներն են` դրօշը, զինանշանը եւ քայլերգը: Իսկ որեւէ դաշնակցական, ընդ որում` նաեւ Մուրատ Փափազեան, եռագոյնը պաշտած եւ պահպանած են իրենց միսով ու ոսկորով, երբ նոյն այս թափթփուքներն ու Լենին պապիկի ճորտ իրենց հայրերն ու մեծ հայրերը ամբողջ եօթանասուն տարի կ՛ուրանային. աւելի՛ն, կը ձաղկէին զայն: Ինչ կը վերաբերի զինանշանին, ապա Մուրատն ու ընկերները զայն հպարտօրէն կը կախէին ու կը շարունակեն կախել պատերուն վրայ` իբրեւ մայիս 28-եան մասունքային խորհրդանիշ, զոր նոյնպէս ամբողջ եօթանասուն տարի ուրացած ու ձաղկած են անհայրենիք ու ապազգային ճորտերը, իսկ «Մեր հայրենիք»-ը անցնող երեսնամեակին մենք երգած ենք ու կը շարունակենք երգել մեր գլուխը բարձր ու կուրծքը ցցած, մինչ այդ մինչեւ պահս ժառանգորդ թափթփուքները կը ջանան փոխարինել զայն այլ «հիմն»-ով մը, որովհետեւ այնտեղ կայ աչք ծակող «թշնամու դէմ»-ը, որուն հետ սիրաբանութեան մէջ են իրենք, սակայն մեր գաղափարակիցներով անզիջող պայքարը կը շարունակենք ու պիտի շարունակենք թուրքին դէմ` մինչեւ իրաւատէր հայուն վերջնական յաղթանակը:

Բայց յայտնապէս այս թափթփուքները իբրեւ խորհրդանիշ նկատի ունին Փաշինեանը: Ողորմելինե՛ր, ո՛չ վարչապետը, ո՛չ ալ որեւէ այլ պաշտօնեայ խորհրդանիշ են ժողովրդավար հանրապետութեան մը համար: Վարչապետը կամ իշխանութիւնները քննադատելը, նոյնիսկ` ծանրագոյն ոճով, խօսքի ազատութեան բացարձակ իրաւունք է, եւ ընդդիմադիր դիրքերէ անոր դէմ պայքարը օրինական է ու հիմնաւորուած:

Հետեւաբար պետական խորհրդանիշներուն վնասելու ձեր հեքիաթը փաթթեցէք եւ նետեցէք աղբի զամբիւղը եւ վերջ տուէք ձեր սուտին, կեղծիքին ու յերիւրանքին: Իսկ մենք կը սպասենք ու կը պահանջենք պաշտօնական իրաւական բացատրութեան, զոր պիտի հետապնդենք յամառօրէն:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ընդդիմութեան Ծանր Օրակարգը. Ի՞նչ Են Լուծումները

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?