ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան Պետերբուրգի մէջ բանակցութիւններ կը վարէր իշխանութիւններուն հետ, խնդրելով զինուորապէս միջամտել` Պարսկաստանի կողմէ Անդրկովկասի սպառնացող վտանգը կանխելու առաջադրանքով:
Մելիքները Աստրախանի մէջ Յովսէփ արքեպիսկոպոսէն լուրի կը սպասէին` Պետերբուրգ մեկնելու եւ կայսեր ընդունելութեան արժանանալու համար:
Վրաց Գէորգի ԺԲ. թագաւոր իր դեսպան Կարսեւան Չաւչաւածէի միջոցով դիմում կատարած եւ իր պայմանները ներկայացուցած էր, ռուսական հովանաւորութիւն ընդունելու համար:
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 11 փետրուար 1799-ին պատասխան նամակ յանձնեց Կարսեւան Չաւչաւածէի:
Պատասխան նամակին մէջ կ՛ըսուէր, որ Վրաստան զօրք մտցնելու պահանջը կը կատարուի, իսկ հայ մելիքները իրենց հպատակ ժողովուրդով վրացական ենթակայութեան տակ կը դրուին: Սակայն Վրաստան ապաստանած ղարաբաղցիները պէտք է իրաւունք ունենան անհրաժեշտութեան պարագային անկաշկանդ Ռուսաստան փոխադրուելու:
Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան իր հետախոյզներուն միջոցով իմացաւ, որ ռուսական զօրքերը շուտով Վրաստան պիտի մտնեն, որպէսզի յետոյ գրաւեն նաեւ Երեւանը եւ Ղարաբաղի հայերը տեղափոխեն Վրաստան ու Մոզտոկ:
Իպրահիմ Խալիլ խան իր ստացած տեղեկութիւնը փոխանցեց պարսից Ֆաթհ Ալի շահին:
Ֆաթհ Ալի շահ բանակի հրամանատար Սիւլէյման խանին հրամայեց զօրքերուն մէկ մասը առաքել Երեւան` կայազօրի փոխարէն, եւ բերդին մէջ ունենալ Ղաջար երեւելիներէն մէկը, որուն հրամանատարութեան տակ ըլլայ նաեւ կայազօրը:
Ֆաթհ Ալի շահ Իպրահիմ Խալիլ խանին նամակ գրեց եւ թելադրեց փաղաքշել հայերը եւ զանոնք ետ պահել տեղափոխուելու մտադրութենէն:
Ռուսական արքունիքը Էնզելիի մէջ իր հիւպատոս Սկիբինեւսկիի միջոցով Ֆաթհ Ալի շահէն պահանջեց չմիջամտել Վրաստանի գործերուն, որովհետեւ Վրաստան Ռուսաստանի հովանաւորութեան տակ կը գտնուի:
* * *
Անդրկովկասի մէջ ռուսական զինուորական գործողութիւններու ծաւալման համար ամէն ինչ պատրաստ էր, սակայն ժամանակը կ՛անցնէր, իսկ զօրքերը չէին շարժեր:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի կարծիքով դանդաղեցումը պայմանաւորուած էր աւստրեւռուսական յարաբերութիւններով:
Աւստրիա եւ Ռուսիա մտահոգ էին Ֆրանսական հանրապետութեան եւ Նափոլէոն Պոնափարթի զօրացումով եւ բանակցութիւններ կը վարէին հակաֆրանսական դաշինք կազմելու համար:
Փաւէլ Ա. կայսեր դուստրը` մեծ դքսուհի Ալեքսանդրա Փաւլովնա սկիզբը Շուէտի Կիւսթաւ Դ. Ատոլֆ թագաւորին հետ նշանուած էր, բայց յետոյ բողոքական դառնալու պայմանին վրայ խզուած էր անկէ: Դքսուհիին մօրեղբայրները` Վուրթեմպէրկի դուքսեր Ֆերտինանտ Աուկուսթուս եւ Ալեքսանդր Ֆրիտրիխ Գերմանիայէն Պետերբուրգ մեկնելով բանակցութեան մէջ մտան Փաւէլ Ա.-ի հետ եւ առաջարկեցին Ալեքսանդրա Փաւլովնան Աւստրիոյ Ֆրանց Բ. կայսեր եղբօր` Հունգարիոյ փալաթին (կառավարիչ) արհիադուքս Եոզէֆի կնութեան տալ: Մարիա Ֆէոտորովնա (գերմանական անունով` Սոֆի Տորոթէա) կայսրուհի համաձայն գտնուեցաւ իր դուստրը Հապսպուրկ արհիադուքսին տալու:
Արհիադուքս Եոզէֆ Պետերբուրգ մեկնեցաւ եւ նշանտուքը կատարուեցաւ:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան կը գրէ. «Իմբերատորի եղբօր գալուստն աստ եւ նշանուիլն ընդ Աղէքսանդրիա Պավլովնին: Վասն այսմ փոքր ինչ յամիլն զվրաց բանն»:
Արհիադուքս Եոզէֆ ֆոն Հապսպուրկ եւ մեծ դքսուհի Ալեքսանդրա Փաւլովնա ամուսնացան 30 հոկտեմբեր 1799-ին, Պետերբուրգի մէջ:
Ալեքսանդրա Փաւլովնա մահացաւ 16 մարտ 1801-ին, 17 տարեկանին:
* * *

Ղուկաս Ա. Կարնեցի կաթողիկոս, ընդառաջելով Յովսէփ արքեպիսկոպոսի խնդրանքին, Պետերբուրգի եւ Մոսկուայի հայ եւ ռուս բնակչութեան ուղղուած կոնդակ գրեց` նկարագրելով հայ ժողովուրդին վիճակը եւ օգնութիւն խնդրելով:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս կաթողիկոսէն խնդրած էր ռուս հասարակութեան ուղղուած կոնդակին մէջ կարգ մը պատուիրաններ գրել: Սակայն կաթողիկոսը յարմար չէր նկատած, յայտնելով, որ ոմանց համար ատիկա կրնայ դժուար ընկալելի ըլլալ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Խրիմի եւ Գրիգորիոպոլի հայերուն կոնդակ ուղարկելու Յովսէփ արքեպիսկոպոսի խնդրանքին, կաթողիկոսը կը պարզաբանէր, որ ներկայիս անոնց վիճակին մասին տեղեկութիւն չունի, եւ երբ ռուսահայոց առաջնորդը գրէ, թէ ինչ կացութեան մէջ են այդ շրջաններու բնակիչները` «… այդ ժամանակ կը գրեմ` ըստ պատշաճի, կամ ուրախութեան, կամ մխիթարութեան»:
Վրաստան զօրք ուղարկելու վերաբերեալ Փաւէլ Ա.-ի կարգադրութիւններու մասին Յովսէփ արքեպիսկոպոս կը գրէր. «Արքայի ամենայն պարգեւքն, որպէս յառաջ գրեալ եմք, պատրաստի գոլն, զօրացն եւ թօփիցն հրաման լինիլն գնալ առ յենքեանս: … Կաւալինցկի` սկիզբն գնալն ի Թիֆլիզ որպէս չերեզվեչայնայա պասլաննիկ, այսինքն` մեծ, որպէս պատկէր թագաւորի: Գալն Կաւալինցկուն` հանդէպ առաքել զմի արքայորդի. զայս ամենայն գրով պատրաստի լինիլն: Մելիքներին` յանձնելն արքային` հետեւիլ եւ նոցա կամքն լցուցանել: Ունիլն մեր յոյս, որ արքայն սիրեսցէ եւ ժողովեսցէ զազգս մեր ընդ հովանեաւ իւրով»:
* * *

Վարանդայի մելիք Ջումշուդ եւ Գիւլիստանի մելիք Ֆրէյդուն, երկար սպասումէ ետք Աստրախանէն ճամբայ ելան դէպի Պետերբուրգ: Անոնց կ՛ընկերակցէին իւզպաշի Պետրոս Մադաթեան, որ Աւետարանոց գիւղէն էր եւ մելիք Ջումշուդի հպատակ, եւ պատանի մը` Ռոստոմ Մադաթեան: Ռոստոմ Մադաթեան մելիք Շահնազարի ջորեպան Մեհրաբենց Գիւլիի (Գրիգոր) որդին էր եւ պատանութեան Արցախէն Աստրախան փոխադրուած ու ռուսերէն սորված էր. մելիքները զայն իրենց հետ առին իբրեւ ռուսերէն գիտցող:
Մելիքները Յովսէփ արքեպիսկոպոսի միջնորդութեամբ 29 մարտ 1799-ին խոնարհագոյն աղերսագիրներ ներկայացուցին Փաւէլ Ա. կայսրին:
Մելիք Ֆրէյդուն առանձին խնդրագիրի մը մէջ կը յիշատակէր, թէ որքան հալածանքներ կրած է Իպրահիմ Խալիլ խանէն այն պատճառով, որ գացած է Զուբովի բանակը, եւ ինչպէս մահէն ազատած է իր մօրեղբայր մելիք Ջումշուդի շնորհիւ, որ խանին տասը հազար ռուբլի փրկագին տուած է:
Մելիք Ջումշուդ աղերսագիրին մէջ կը հաւաստիացնէր թէ Շուշիէն փախած է համարեա մերկ, զրկուելով ամէն ինչէ, եւ միայն իր ընտանիքը կրցած է ազատել:
Մելիք Ջումշուդ եւ մելիք Ֆրեյդուն ռուսաց մեծազօր կայսեր գթասրտութեան եւ առատաձեռնութեան կը դիմէին եւ առանձին թուղթով մըն ալ խոնարհ առաջարկներ կը ներկայացնէին:
«ա.- Ամենաբարձրեալի օգնութեամբ վռնտելով մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին ատելի նշանները (իսլամութիւն), ընդունէ՛ քու բարձր հովանաւորութեան եւ իշխանութեան տակ Ղարաբաղը, որ կը պատկանի մեզի, մելիք Ջումշուդիս, մելիք Ֆրէյդունիս եւ միւսներուն ժառանգութեամբ եւ ոչ Իպրահիմ խանին, մեր հողերը յափշտակողին, եւ որ բաղկացած է հինգ գաւառներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր առանձին մելիքը: Այս երկիրը մտցնելով ձեր կայսերական մականի հովանիին տակ, դուք կը գրգռէք այժմ զանազան հեռու տեղեր ցրուած հայերու մէջ ցանկութիւն` նորէն վերադառնալու հոն, իբրեւ անվտանգ եւ յուսալի երկիր, որուն պահապանը ձեր բարձր բազուկն է: Այդպիսով Ռուսաց կայսրութիւնը կը ստանայ նոր ուժեր` յաղթելու անոր բարօրութեան նախանձող թշնամիներուն:
բ.- Եթէ ասիկա որեւէ պատճառով ընդունելի չըլլայ, այդ պարագային մելիքները կը խնդրեն ամենախոնարհ կերպով, որ տասներկու հազար զօրք տրուի մելիքներուն, որպէսզի անոր օգնութեամբ կարենան երթալ Ղարաբաղ եւ հոնկէ հանել իրենց հաւատարիմ հպատակ քրիստոնեաներն ու իսլամները, ինչպէս նաեւ այն հայերը, որոնք ցրուած են Շաքիի եւ Շիրվանի մէջ, որոնց ընդհանուր թիւը քսան հազար ընտանիքէն աւելի է: Անոնք բոլորը գաղթելու կատարեալ համաձայնութիւն յայտնած են Յովսէփ արքեպիսկոպոսին, երբ ան պարսկական վերջին արշաւանքի ժամանակ տեսնուեցաւ անոնց հետ»:
Մելիքները կը յիշեցնէին, որ Կովկասեան լեռներուն վրայ ճանապարհներու բացումը նորին կայսերական մեծութիւնը իր վրայ պէտք է վերցնէ, իսկ զօրքերը կերակրելը արցախցիները իրենք յանձն կ՛առնեն:
Ժողովուրդը Արցախէն դուրս բերելէն ետք մելիքները կայսրէն նոր բնակութեան տեղ կը խնդրէին տալ այն «ընդարձակ երկիրը, որ Մոժարի անունով տեղէն կը տարածուի մինչեւ Եկատերինոկրատ եւ անոր շրջակաները, որպէսզի հոն բնակութիւն հաստատէին ոչ միայն այս առաջին գաղթականները, այլեւ անոնք, որոնք յետոյ կը գաղթեն, եւ օր-օրի վրայ բազմանալով ձեր կայսերական մեծութեան բարեկեցիկ իշխանութեան տակ, կրնան կազմել մէկ նոր` Փոքր Հայաստան Ռուսաստանի մէջ»:
Ռուսաստան գաղթելէն ետք մելիքները կը խնդրէին իրենց շնորհել այնպիսի արտօնութիւններ, իսկ հպատակներուն ապրուստի այնպիսի եղանակ, ինչպէս կը բարեհաճի կայսրը:
«գ.- Եթէ այս երկու խնդիրներն ալ անհաճոյ կ՛ըլլան ձեր կայսերական մեծութեան, այն ժամանակ գոնէ շնորհ ըրէք հրամայելու վրաց թագաւորին, որ բնակութեան համար մեզի տայ իր իշխանութեան տակ գտնուող անբնակ այն հողը, որ հին ժամանակ Գուգարք կը կոչուէր, իսկ այժմ` Ղազախ, եւ կը տարածուի մինչեւ Լոռի գաւառը: Այս տեղերը առաջ ալ հայ գիւղեր կային, որոնք զանազան ժամանակ աւերուած էին պարսիկներու ձեռքով: Այս բանին համար մենք պարտաւոր կ՛ըլլանք ընդմիշտ ունենալ դէպի թագաւորը ոչ միայն հաւատարմութիւն, այլեւ ամէն դէպքի ժամանակ պաշտպանել եւ օգնել անոր, վերապահելով մեզի այն իշխանութիւնը, որ մենք ունինք մեր հպատակներուն վրայ մինչեւ այսօր: Այս երկիրը թէեւ լեռնոտ է, բայց շատ բերրի է եւ հարուստ է զանազան հանքերով, ինչպէս` ոսկի, արծաթ, պղինձ, երկաթ եւ կապար, ունենալով անոր հետ եւ գործածութեան պիտանի շատ անտառներ, որոնցմէ կարելի է վերանորոգել քարուքանդ եղած բերդերը եւ պաշտպանել վրաց թագաւորութիւնը բարբարոսներէն, իբրեւ պարիսպ»:
Այդ պաշտպանութեան տակ հայերն ալ ծաղկած վիճակի կը հասնին, եւ անոնց բարեկեցութեան նայելով, սահմաններու այն կողմը ապրող հայեր կու գան բնակելու այս կողմը:
Մելիքները կը նշէին նաեւ, որ բարեկեցութեան ու ապահովութեան պայմաններուն տակ հայ ազգը կը բազմապատկուի, ոմանք հողը կը մշակեն, մետաղները կը շահագործեն, իսկ միւսները, որոնք հակում ունին դէպի առեւտուրը, հիմնելով զանազան գործարաններ, կրնան առեւտուրը տարածել նոյնիսկ մինչեւ Հնդկաստան, յօգուտ ընդհանուրին եւ Ռուսական կայսրութեան: