Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին յղած շնորհաւորական ուղերձին մէջ գրած է, որ Պաքուն մտադիր է Երեւանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Ազրպէյճանը, վերջ դնելով իր տարածքներուն 30-ամեայ բռնագրաւումին, մտադիր է շրջել պատերազմի էջը, կարգաւորել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները եւ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել», գրած է Ալիեւ` յոյս յայտնելով, որ Ֆրանսան իր ներդրումը ունենայ այդ համաձայնագիրի նախապատրաստման հոլովոյթին մէջ:
«Կը հաւատանք, որ Ֆրանսան արժէքաւոր ներդրում պիտի ունենայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստման հոլովոյթին մէջ` մեր ներկայացուցած հինգ սկզբունքներուն հիման վրայ` յենելով միջազգային օրէնքին վրայ», նշուած է նամակին մէջ:


