Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի 15 յուլիսին պիտի այցելէ Պաքու: Այս մասին հաղորդեց «Մեհր»-ը:
Շամխանի Պաքու պիտի այցելէ իր ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին հրաւէրով: Ան պիտի հանդիպի նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` Իրան-Ազրպէյճան կապերը եւ շրջանային ու միջազգային վերջին իրադարձութիւնները քննարկելու համար:
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ Շամխանի այցելած էր Երեւան: