Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ Թել Աւիւ հասնելէ անմիջապէս ետք յայտարարեց, որ պիտի վերահաստատէ Իսրայէլի անվտանգութեան նկատմամբ իր երկրին յանձնառութիւնը` աւելցնելով. «Անոր հետ յարաբերութիւնը այժմ նախկինէն աւելի խոր ու ուժեղ է»:
Պայտըն «Պեն Կորիոն» օդակայանին մէջ յայտնեց, որ իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ պիտի քննարկէ Պաղեստինեան հարցի երկու պետութիւններ լուծումին իր երկրին շարունակուող զօրակցութիւնը:
«Ինծի համար մեծ պատիւ է այստեղ բարեկամներու կողքին ըլլալ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մեծ պատիւ է Իսրայէլի պատմութեան մաս կազմելը, եւ պէտք չէ հրեայ ըլլաս, որպէսզի սիոնական ըլլաս»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ, սակայն, մատնանշեցին. «Միացեալ Նահանգներու նախագահը «Պեն Կորիոն» օդակայանին մէջ ընդունելութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ոչ իսկ մէկ անգամ նշեց իրանեան հարցը»:


