Եւրոպական Միութիւնը ֆինանսական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Ազրպէյճանին` երկրին տարածքները ականազերծելու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար:
«Ուրախութեամբ կը տեղեկացնեմ, որ Եւրոպական Միութիւնը իբրեւ մեծագոյն նուիրատու կառոյց, Ազրպէյճանին յաւելեալ 4 միլիոն 250 հազար եւրօ պիտի տրամադրէ: Օժանդակութիւնը պիտի ցուցաբերուի «Ներքին տեղահանուածներու անվտանգ վերադարձի ապահովում` Ազրպէյճանի ականազերծման ազգային գործակալութեան կարողութիւններու մեծացման միջոցով» ծրագիրի ծիրին մէջ:


