Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կ՛ուզենք Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Զարգացնել Եւ Իսրայէլի Ու Յաւելեալ Արաբական Երկիրներու Միջեւ Յարաբերութիւնները Բարելաւել» Կ՛ըսէ Սալիվըն

July 13, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն յայտնեց. «Մենք փոխեցինք Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Սէուտական Արաբիոյ բաց չեք տրամադրելու քաղաքականութիւնը, եւ մեր դիւանագիտութիւնը Եմէնի մէջ զինադադարի հաստատման յանգեցուց»:

«Մենք աշխատանք կը տանինք պաղեստինցիներուն հետ յարաբերութիւնները վերանորոգելու, իսկ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալուն օգնեցինք», ըսաւ ան:

Սալիվընի կարծիքով` «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի Միջին Արեւելք այցելութիւնը պիտի վերահաստատէ շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու կենսական դերակատարութիւնը»` նշելով, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ ներկայութեամբ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ այլ ղեկավարներու:

«Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելով` զարգացնել Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւնները: Սէուտական Արաբիոյ նկատմամբ մեր դիւանագիտութիւնը Եմէնի մէջ զինադադարի յանգեցուց, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը ըլլայ աւելի ամբողջական»:

«Կ՛ուզենք ամրապնդել Իսրայէլի եւ յաւելեալ արաբական երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման հոլովոյթը, եւ յարաբերութիւններու որեւէ բնականոնացում դրական է», ըսաւ ան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատուն նաեւ յայտնեց. «Չեմ կրնար իսրայէլեան օդանաւերու` սէուտական օդային տարածքին մէջ թռիչքը հաստատել, եւ ատիկա անոնց ձգուած է»:

Ան յոյս յայտնեց, որ «ապագային կը կարողանանք Իսրայէլի` Միջին Արեւելքի մէջ աւելի խոր ու ամբողջական համարկման»:

«Պայտընի այցելութեան ընթացքին մասնաւորաբար Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերեալ եռանդուն ջանքերը պիտի չկանխեմ», նշեց Սալիվըն` աւելցնելով. «Անշուշտ, որ մինչ Միջին Արեւելք կ՛ուղղուինք, կը ձգտինք Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ յառաջընթաց եւ եռանդ արձանագրելու»:

Ան ըսաւ. «Պայտըն Միջին Արեւելք իր այցելութեան ընթացքին ՕՓԵՔ-ի ղեկավարներուն հետ պիտի քննարկէ ուժանիւթային անվտանգութեան հարցը եւ պիտի փորձէ ամրապնդել Եմէնի մէջ փխրուն զինադադարը, խորացնել Իսրայէլի` շրջանին մէջ համարկումը եւ պաղեստինցիներուն աջակցութիւն ապահովել, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկէ Իրանի ներկայացուցած բազմակողմանի սպառնալիքին վերաբերեալ համակարգումը»:

«Մենք Ծոցի շրջանի պաշտօնատարներուն կը յայտնենք շուկային բաւարար քանակով քարիւղ մատակարարելու կարեւորութիւնը եւ ատոր վրայ պիտի պնդենք», աւելցուց ան` շեշտելով. «Պայտըն պիտի պաշտպանէ համաշխարհային արժեչափերը, ներառեալ մարդկային իրաւանց մարզի եւ քաղաքական բարեկարգումներու մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրելու կարեւորութիւնը, եւ Ծոցի շրջանի պետութիւններուն, Իրաքի, Յորդանանի եւ Եգիպտոսի ղեկավարներուն հետ վեհաժողովի ընթացքին Միջին Արեւելքի նկատմամբ իր ռազմավարութիւնն ու հայեցակարգը պիտի ներկայացնէ»:

«Իրանցիներու յայտնեցինք, որ գոյութիւն ունի առաջարկուած գործարք մը, որ մեր եւ մեր եւրոպացի գործընկերներուն զօրակցութիւնը կը վայելէ, եւ Իրան պէտք է զայն ընդունի», յայտնեց Սալիվըն` աւելցնելով. «Իրան պէտք է հիւլէական համաձայնութեան նկատմամբ յանձնառութեան վերադառնալուն եւ ամերիկեան յաւելեալ ճնշումներուն ու միջազգային մեկուսացումին միջեւ ընտրէ»:

«Մեր գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ իրանեան կառավարութիւնը կը պատրաստուի Ռուսիոյ շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ հարիւրաւոր անօդաչու թռչող սարքեր, ներառեալ պատերազմական օդանաւեր մատակարարելու», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատուն` աւելցնելով. «Այս տեղեկութիւնները նաեւ ցոյց կու տան, թէ Իրան կը պատրաստուի ռուսական ուժերը այդ անօդաչու թռչող սարքերուն օգտագործման համար մարզելու, եւ կը նախատեսուէր, որ անոնք սկսին յուլիսին»:

«Չենք գիտեր, եթէ Թեհրան Մոսկուային իրողապէս մատակարարած է այդ անօդաչու թռչող սարքերը կամ անոնց մէկ մասը, կամ ոչ տակաւին», նշեց Սալիվըն:

Սպիտակ տունը նախապէս յայտարարած էր, որ Պայտըն 13-16 յուլիսին Միջին Արեւելք պիտի այցելէ:

 

Նախորդը

Բրիտանիոյ Նոր Վարչապետի Ընտրութեան Առաջին Քուէարկութիւնը Այսօր. Անունը Կը Յստականայ 5 Սեպտեմբերին

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Ֆինանսաւորէ Ազրպէյճանի Կողմէ Բռնագրաւուած Արցախեան Տարածքներուն Ականազերծումը

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.