Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճափոնի Նախկին Վարչապետ Սինձօ Ապէն Սպաննուեցաւ

Յուլիս 9, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճափոնի նախկին վարչապետ Սինձօ Ապէ ճափոնական Նարա քաղաքին մէջ` հանրահաւաքի մը ժամանակ խօսք արտասանելուն ընթացքին զինեալ յարձակումի ենթարկուեցաւ եւ հիւանդանոց տեղափոխուեցաւ` ըստ փրկարար ծառայութեան «կենդանութեան նշաններ չունենալով»:

65 տարեկան Ապէն քարոզարշաւ կը կատարէր խորհրդարանի վերին պալատի յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար, որոնք նախատեսուած են 10 յուլիսին:

Լսուած են երկու կրակոցի ձայներ, որոնցմէ ետք երկրի նախկին վարչապետը ինկած է: Ըստ «Էն.Էյչ.Քէյ.»-ի տուեալներուն, յարձակողը կրակած է թիկունքէն:

Ապի Ճափոնի վարչապետի պաշտօնը վարած է դեկտեմբեր 2012-էն մինչեւ սեպտեմբեր 2020: Ան այդ պաշտօնին վրայ մնացած ամէնէն երկար վարչապետն է:

Ասիկա զէնքի օգտագործումով բռնութեան գործադրութեան հազուագիւտ օրինակ էր Ճափոնի մէջ, որ ունի զէնքի մասին կարծր օրէնքներ եւ այս տեսակ յանցագործութիւններու ցած մակարդակ:

Ճափոնի նախկին վարչապետին վրայ յարձակում գործող անձը ձերբակալուած է: Ան երկրի ծովուժին մէջ երեք տարի ծառայած 41 տարեկան Թեցույա Եամակամին էր, որ յայտարարած է, թէ դժգոհ էր նախկին վարչապետին վարած քաղաքականութենէն եւ կ՛ուզէր զինք սպաննել:

Ճափոնի վարչապետ Ֆումիօ Քիշիտա յայտարարեց. «Բռնութեան բնաւ անձնատուր պիտի չըլլանք եւ վաղը պիտի շարունակենք ընտրական քարոզարշաւը»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, անդրադառնալով Ապէի սպանութեան, յայտնեց. «Մենք համոզուած ենք, որ անոնք, որոնք ծրագրած եւ կատարած են այս հրէշաւոր յանցագործութիւնը, պիտի կրեն համարժէք պատասխանատուութիւն ահաբեկչական այս գործողութեան համար, որ արդարացուած չէ եւ չի կրնար արդարացուիլ»: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին յայտնեց. «Ճափոնի նախկին վարչապետ Ապէի կորուստը անդառնալի կորուստ է»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց. «Սինձօ Ապէն հոյակապ տեսլականի տէր ղեկավար էր»: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը «շատ տխուր է»: Ճափոնի մէջ Միացեալ Նահանգներ դեսպան Ռամ Էմանուէլ իր կարգին ըսաւ. «Սինձօ Ապէն Ճափոնի ականաւոր ղեկավար մըն էր եւ Միացեալ Նահանգներու անսասան դաշնակից մը»:

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն յայտնեց, որ լուրը լսելէ ետք «զայրոյթի եւ տխրութեան» զգացում ունեցած է:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ «նողկալի յարձակումէն մեծապէս ցնցուած» է:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ շատ տխուր է եւ ցնցուած Ապէի սպանութեան համար: «Սինձօ Ապէի սպանութիւնը Ճափոնի համար ողբերգութիւն է», ըսաւ Պայտըն:

Վերլուծաբաններ չինական «Կլոպըլ Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են, որ Ճափոնի նախկին վարչապետին սպանութիւնը այդ երկրի պատմութեան մէջ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր «մեծագոյն քաղաքական դէպքն է»:

 

 

Նախորդը

Պունտըսթակը Հաւանութիւն Տուաւ Ֆինլանտայի Եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութեան Վաւերացման

Յաջորդը

«Քամփ Նու»-ի Անունը Պաշտօնապէս Փոխուեցաւ

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»

Սեպտեմբեր 18, 2025
Մերժելով Սուրիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Հաղորդագրութիւնը`  «Ոճիրներու Դիմակայումը Տեղական Դատական  Թատրոններու Ճամբով Չ՛ըլլար»  Կ՛ըսէ Սուէյտայի Արդարադատական  Գերագոյն Յանձնախումբը
Գլխաւոր լուրեր

Մերժելով Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Հաղորդագրութիւնը` «Ոճիրներու Դիմակայումը Տեղական Դատական Թատրոններու Ճամբով Չ՛ըլլար» Կ՛ըսէ Սուէյտայի Արդարադատական Գերագոյն Յանձնախումբը

Սեպտեմբեր 18, 2025
Պաքուի Մէջ Նեթանիահու-Շարհ  Հանդիպո՞ւմ
Միջազգային

Պաքուի Մէջ Նեթանիահու-Շարհ Հանդիպո՞ւմ

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?