Արեւմտեան երկիրներու հետ երկխօսութիւնը իմաստ չունի, եթէ անոնք կ՛ուզեն «մարտի դաշտին վրայ Ռուսիոյ վրայ Ուքրանիոյ յաղթանակը»: «Քոմմերսանթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Եթէ Արեւմուտքը ոչ թէ բանակցութիւններ կ՛ուզէ, այլ մարտի դաշտին վրայ Ուքրանիոյ յաղթանակը, ապա, հաւանաբար, Արեւմուտքի հետ պարզապէս բան չկայ խօսելու, որովհետեւ այս մօտեցումներով, ըստ էութեան, ատիկա Ուքրանիոյ չ՛արտօներ խաղաղութեան հոլովոյթին անցնելու», ըսած է Լաւրով:
Ան բացատրած է, որ հանդիպումի ժամանակ «Քսաններու խմբակ»-ի արեւմտեան երկիրները ներկայացնող դիւանագէտներուն ուղղուած են «անաչառ հարցումներ», որոնց պատասխանները անոնք չունին, այլ միայն «կատաղի ռուսատեացութիւն»:


