Քանատան ընդլայնած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները, սահմանափակող քայլեր մտցուցած է Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Քիրիլ պատրիարքին դէմ: «Նիուզ» հաղորդեց, որ այս մասին նշուած է Քանատայի կառավարութեան կայքին վրայ:
Ուրբաթ օր հրապարակուած ցուցակին համաձայն, քանատական նոր պատժամիջոցներու տակ յայտնուած է Վլատիմիր Միխայլովիչ Կուտիայեւը, որ Քիրիլ պատրիարքի աւազանի անունն է:
Քանատան պատժամիջոցներու ցանկին վրայ ներառած է Ռուսիայէն 15 կազմակերպութիւններ եւ 29 անհատներ, ինչպէս նաեւ` Քանատան արգելք դրած է Ռուսիայէն ոսկիի եւ ատկէ պատրաստուած շարք մը ապրանքներու ներածման վրայ:
Պատժամիջոցներու ենթարկուած անձերու շարքին է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա եւ ռուսական տեղեկատուական մարզէն անձնաւորութիւններ:


