Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Լիբանանի մէջ սովորական է, որ ամառը ջերմաստիճանը 30-ը անցնի: Բայց բնաւ ան 40¬ի չէ հասած, նոյնիսկ` ամէնէն տաք օրերուն: Սակայն գիտէի՞ր, թէ այս տարի Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի մէջ ջերմաստիճանը հասած է աւելի քան 40 աստիճանի մարտ եւ ապրիլ ամիսներուն:
Արդեօք մեր մարմինը ինչպէ՞ս կրնայ հակազդել նման տաքութեան եւ որքա՞ն կրնայ տոկալ…
***
Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի բնակիչները վարժ են տաքութեան բարձր ալիքներու: Սակայն այս տարուան այս բարձր ջերմաստիճանները պատահած են բնականէն շատ աւելի կանուխ, մարտ եւ ապրիլ ամիսներուն:
Այս չափազանց տաքութեան տոկալը շատ դժուար եղած է յատկապէս երկրին ամէնէն աղքատ բնակիչներուն համար, որոնք կ՛ապրին տաքութեան դէմ ոչ մէկ պահպանողական դրութիւն ունեցող տուներու մէջ: Կարգ մը շրջաններու մէջ ջերմաստիճանը հասած է 47 աստիճանի, եւ նոյնիսկ զոհեր արձանագրուած են: Ճիշդ է, որ մեր մարմինը կրնայ տաքութեան տոկալ, սակայն մինչեւ որոշ սահման մը:
Մեր մարմինը ինչպէ՞ս կը հակազդէ տաքութեան
Մեր մարմինին տաքութիւնը մօտաւորապէս 37 աստիճան է: Երբ օդը շատ տաք կ՛ըլլայ, այս տաքութիւնը պահելու համար մարմինը ունի պահպանողական դրութիւն մը: Արիւնը փոխադրող երակները մորթին մակերեսը կը հանեն ջուրը, եւ մորթը կը քրտնի: Ապա այս քրտինքը պէտք է շոգիանայ, այսինքն կազի վերածուի, որպէսզի անոր մէջ եղած տաքութիւնը երթայ: Սակայն մեր մարմինին համար ամէնէն վատը տաքութիւնը չէ, այլ խոնաւութիւնը: Այսինքն, երբ օդին մէջ գոյութիւն ունենան ջուրի մանր կաթիլներ, անոնք արգելք պիտի ըլլան քրտինքին շոգիանալուն:
Տաքութիւն առաւել խոնաւութիւն
Անշուշտ լուծումներ գոյութիւն ունին. հոսանքի մը մէջ կենալ կամ շարժիլ, որպէսզի քրտինքը անհետանայ: Այլապէս տաքութիւնը կրնայ ֆիզիքապէս ազդել մեր վրայ գլխացաւ, գլխապտոյտ, մորթի կարմրութիւն եւ տաքութիւն պատճառելով:
Երէց անձերու եւ փոքր երեխաներու մարմինը կրնայ նուազ լաւ ղեկավարել այս սաստիկ տաքութեան վիճակը, ուրեմն անոնք աւելի պէտք ունին հսկուելու: Գիտնականները նշմարած են, թէ երբ խոնաւութեան տոկոսը 100 առ հարիւրի կը հասնի, մարդկային մարմինը կրնայ տոկալ մինչեւ 35 աստիճան տաքութեան: Այդ տաքութեան աստիճանէն անդին, քրտինքը չի կրնար բանիլ մարմինը զովացնելու համար:
Պաղն ալ ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ
Ամէն տարի, տաքութիւնը մօտաւորապէս 490 հազար զոհ կը խլէ: Մինչ սաստիկ պաղը պատճառ կը դառնայ մօտաւորապէս 4,6 միլիոն մարդու մահուան: Անշուշտ անհրաժեշտ է շատ լաւ ծածկուիլ: Սակայն հաստատուած է, որ եթէ ջերմաստիճանը նուազ 50 աստիճանէն աւելի է, պէտք չէ դուրս ելլել տունէն կամ այլ տեղէ, նոյնիսկ շատ կարճ ժամանակուան մը համար եւ շատ լաւ պահպանուած վիճակով:
Հարցարան
Ընդհանուր Գիտելիքներ
1.- Էսքիմոները կ՛ապրին հիւսիսայի՞ն, թէ՞ հարաւային բեւեռին մէջ:
2.- Ֆութպոլի խաղի մը ընթացքին քանի՞ խաղցողներ կը գտնուին դաշտին մէջ:
3.- Ձուկերը իրենց աչքերը կը գոցե՞ն քնանալու ժամանակ:
4.- Ընձուղտը վիզի քանի՞ ողն ունի:
5.- Ո՞ր թագուհին իշխած է Անգլիոյ վրայ 64 տարիներ շարունակ:
7.- Ո՞ր ցամաքամասի վրայ կը գտնուի Ճափոնը:
8.- Քալամարը քանի՞ թեւեր ունի:
9.- Ուղեղին ո՞ր կողմը կը կառավարէ ձախ ձեռքը:
10.- Ո՞ր ցամաքամասին վրայ կ՛ապրին ագեվազները:
11.- Ո՞ր մոլորակը արեւէն ետք 4-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի:
12.- Քոլոզէոմը ո՞ր քաղաքին մէջ կը գտնուի:
13.- Ո՞վ հնարեց պատկերասփիւռը:
14.- Ո՞ւր գտնուած է թէյը:
15.- Ո՞րն է աշխարհի մէջ ամէնէն աւելի երգուած երգը:
16.- Ի՞նչ գոյնի թանկագին քար մըն է սուտակը:
17.- Ի՞նչ է անունը այն կերպարին, որ ամէն անգամ, որ սուտ խօսի, քիթը կ՛երկարի:
18.- Քանի՞ մոլորակներ գոյութիւն ունին մեր արեւային դրութեան մէջ:
19.- Ո՞ր երկրէն եկած է քիուի պտուղը:
20.- Ո՞րն է աշխարհի մէջ ամէնէն շատ կերուած ուտելիքը:
(Պատասխանները յաջորդ թիւով)
Մտածենք
Ա.- Արձակուրդ
Չորս ընտանիքներ (Սահակեան, Ժամկոչեան, Կարապետեան եւ Արմէնեան) արձակուրդի գացին: Անոնք գացին կա՛մ Ֆրանսա, կա՛մ Անգլիա, կա՛մ Լեհաստան, կա՛մ Լիբանան: Արձակուրդը տեւեց 2, 4, 6 կամ 8 օր: Վարի տեղեկութիւնները օգտագործելով, փորձէ գտնել, թէ իւրաքանչիւր ընտանիք ո՛ւր գնաց եւ որքա՛ն տեւեց անոր կեցութիւնը:
1.- Սահակեան ընտանիքը 2 օր աւելի երկար մնաց, քան Ֆրանսա այցելած ընտանիքը:
2.- Այն ընտանիքը, որ 4 օր ճամբորդեց, Լեհաստան այցելեց:
3.- Կարապետեան ընտանիքը այցելեց երկիր մը, որուն անունը կը սկսի «լ»¬ով:
4.- Ժամկոչեան ընտանիքը Ֆրանսա գնաց եւ 3 օրէն աւելի մնաց:
5.- Արմէնեան ընտանիքը Լեհաստան գնաց ազգականներու այցելութեան:
Ժամանց



