Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եւրոպական Միութիւնը Անպայման Պիտի Հաղորդակցի Թէ՛ Երեւանի, Թէ՛ Պաքուի Հետ` Լուծելու Համար Բոլոր Կարեւոր, Ներառեալ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Խնդիրները» Կ՛ըսէ Քլաար

July 8, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ բացառիկ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել անձամբ պիտի շարունակէ շատ եռանդուն կերպով մասնակից ըլլալ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթին:

«Յոյսով եմ, որ ապագային մենք ականատես պիտի ըլլանք (Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի) ղեկավարներուն նոր հանդիպումներուն, որովհետեւ այս ձեւաչափը իսկապէս կարեւոր է: Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու նախագահ Շարլ Միշելը յաջողած են քննարկել եւ յառաջընթաց արձանագրել շարք մը կարեւոր հարցերու շուրջ: Եւ այս առումով, ի հարկէ, ասիկա այն ձեւաչափերէն մէկն է, որուն վրայ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ կեդրոնանալ` իբրեւ տարբեր հարցերու լուծման առումով առանցքային ձեւաչափ: Միեւնոյն ժամանակ մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ այլ մակարդակներու վրայ: Անձամբ ես, իմ խումբիս, ինչպէս նաեւ նախագահ Միշելի գրասենեակի գործընկերներուն հետ, անպայման պիտի հաղորդակցինք թէ՛ Պաքուի, թէ՛ Երեւանի հետ` լուծելու համար բոլոր այն կարեւոր խնդիրները, որոնք կը քննարկուին: Խօսքը խաղաղութեան համաձայնագիրի, հաղորդակցութեան վերականգնման, սահմանի մասին է: Կան բազմաթիւ առանցքային հարցեր, որոնց պարագային կը կարծեմ, Եւրոպական Միութիւնը ձեռնարկած է, եւ որոնց մէջ եռանդուն կերպով պիտի մասնակցի օգնութիւն ցուցաբերելու համար», ըսած է Քլաար:

Ինչ կը վերաբերի Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու բացման, ապա ան ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը արդէն օգնութեան ձեռք երկարած է այդ խնդիրին լուծման համար:

«Սակայն, ի հարկէ, մենք պիտի շարունակենք աշխուժօրէն ատով զբաղիլ: Նշեմ, որ 22 մայիսին, ղեկավարներու վերջին հանդիպումին ժամանակ այս հարցը քննարկումներու կարեւոր մասն էր: Եւ ղեկավարները ձեռք բերած են որոշակի կարեւոր համաձայնութիւններ, որոնք հիմք դարձած են անցեալ ամիս Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներու հանդիպումին` այս խնդիրի լուծման վերաբերեալ քննարկումներու համար: Ասիկա, ի հարկէ, առանցքային խնդիր է Ազրպէյճանի համար, որ չափազանց կարեւոր է Եւրոպական Միութեան եւ, ի հարկէ, Հայաստանի համար: Ես վստահ եմ, որ յառաջիկային կարելի է լուծում գտնել եւ յառաջ շարժիլ այս շատ կարեւոր հարցին մէջ, որովհետեւ ատիկա բնական հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ բոլոր առնչակիցներուն համար: Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ մեծ ուշադրութիւն յատկացնել այս խնդիրի լուծման», ըսած է Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը:

«Բացի ատկէ, ապագային մենք կրնանք աւելի մեծ համագործակցութիւն հաստատել Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ, ըլլայ այդ համագործակցութիւնը ուժանիւթի, ջրային հարստութիւններու կառավարման, թէ զբօսաշրջութեան միացեալ խթանման ոլորտներուն մէջ. ասիկա օգուտներ պիտի բերէ շրջանի բոլոր երեք երկիրներուն: Կը կարծեմ, որ այն ճամբան, որով մենք այժմ կ՛երթանք, մեծ հեռանկարներ կը բանայ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ ամբողջ շրջանին, նաեւ Եւրոպական Միութեան համար, որովհետեւ երեք երկիրներն ալ մեր կարեւոր դրացիներն են: Եւ մենք, անշուշտ, մեր դրացիներուն կը մաղթենք ամենայն բարիք», նշած է Քլաար:

Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը կարծիք յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համապարփակ կարգաւորումը, որ պիտի նշանակէ փոխադրամիջոցային ենթակառուցուածքներու եւ հաղորդակցութեան վերականգնում, անշուշտ, դէպի շրջան պիտի ներգրաւէ աւելի շատ ներդրողներ, որոնք փոփոխուող հանգամանքներուն մէջ պիտի տեսնեն Հարաւային Կովկասի կարեւորութիւնը միջազգային տարանցման եւ առեւտուրին համար:

 

Նախորդը

«Ազրպէյճանի Զօրքերը Սահմանամերձ Շրջաններէն Հեռացնելու Մասին Հայաստանի Պահանջը Մերժուած Է» Կ՛ըսէ Պայրամով

Յաջորդը

Վրաստան Առաջարկած Է Թիֆլիսի Մէջ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Խորհրդարաններու Անդամներու Հանդիպում Կատարել

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.