Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճանի Զօրքերը Սահմանամերձ Շրջաններէն Հեռացնելու Մասին Հայաստանի Պահանջը Մերժուած Է» Կ՛ըսէ Պայրամով

July 8, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ առանձնապէս յառաջընթաց չկայ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:

«Չեմ կրնար ըսել, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ որոշակի յառաջընթաց կայ: Բայց եւ այնպէս, կան որոշակի պատգամներ, կան քննարկումներ», ըսած է ազրպէյճանցի նախարարը:

Անոր համաձայն, Հայաստանի մէջ այս հարցին մէջ տարբեր կարծիքներ կան: Ըստ Պայրամովի, հայ հասարակութեան մէջ վրէժխնդրական կոչեր կան, կան նաեւ իրարմէ տարբեր կարծիքներ:

«Սակայն մենք կը կարծենք, որ այս ծիրին մէջ հայ հասարակութեան մէջ որոշակի փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են: Կը կարծեմ, որ բոլորը պէտք է հասկնան, որ երկարաժամկէտ խաղաղութիւնն ու շրջանի զարգացումը այլընտրանք չունին», աւելցուցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:

Անդրադառնալով սահմանազատման հոլովոյթին` ան յայտնած է. «Հաշուի առնելով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու պատմութիւնը` ատոր (սահմանազատման) հասնիլը դիւրին պիտի չըլլայ: Սակայն հոլովոյթին սկսիլը ինքնին արդէն լաւ քայլ է», աւելցուցած է Պայրամով:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ սահմանազատման յանձնախումբի յաջորդ նիստին օրը տակաւին յայտնի չէ:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնած էր, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման յանձնախումբի յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ:

 

Նախորդը

Հաղորդակցութեան Սակի Յաւելումի Որոշումի Բեկանում Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Զերօ Ճիգեր

Յաջորդը

«Եւրոպական Միութիւնը Անպայման Պիտի Հաղորդակցի Թէ՛ Երեւանի, Թէ՛ Պաքուի Հետ` Լուծելու Համար Բոլոր Կարեւոր, Ներառեալ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Խնդիրները» Կ՛ըսէ Քլաար

RelatedPosts

Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի  Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ  Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»

October 7, 2026
Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ  Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը  Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները
Հայկական

Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.