 Վրաստան պատրաստ է Թիֆլիսի մէջ կատարելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի խորհրդարաններու անդամներու հանդիպումը` խաղաղ երկխօսութեան նպաստելու համար: «Ռիփորթ»-ի վրացական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի վերջին նիստին յայտարարած է Վրաստանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Նիքոլոզ Սամխարածէ:

Խօսելով Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան կարեւորութեան մասին` յանձնախումբի նախագահը յայտնած է Վրաստանի պատրաստակամութիւնը կայունացնող դեր խաղալու շրջանի մէջ խաղաղութեան ապահովման գործին մէջ:
«Մենք պատրաստ ենք մեր ազրպէյճանցի եւ հայ գործընկերները հիւրընկալելու Թիֆլիսի մէջ` խաղաղ երկխօսութիւնը խթանելու համար», ըսած է ան:
Սամխարածէ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Վրաստանի պատուիրակութեան ղեկավարն է: