Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Նորզելանտացի խումբ մը մասնագէտներ Անթարքթիքայի մէջ կազմակերպած էին 500 մեթր սառոյցէ խաւի մը տակէն անցնող գետի մը վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններու հետախուզական արշաւանք մը: Սակայն հոն անոնց կը սպասէր մեծ «անակնկալ» մը:
Անոնք կ՛ուզէին պարզապէս արձանագրել այդ գետին վրայ կլիմայական փոփոխութեան հետեւանքները: Անոնց համար այդ գետը ուսումնասիրել եւ անոր թիւերը արձանագրելը պահուած աշխարհի մը մէջ առաջին անգամ մտնելու տպաւորութիւնը ունէր:
Անսպասելի հանդիպում
Սառոյցին մէջ փորած հորի մը մէջէն իջեցուած քամերային թելը յանկարծ կը սկսի շարժիլ: Գիտնականները նախ կը մտածեն, որ թեքնիք հարց մը կար: Սակայն քամերային պատկերը յստակացնելով` անոնք մեծ անակնկալի մը առջեւ կը գտնուին: Անոնք կը տեսնեն բազմաթիւ փոքրիկ անասուններ, որոնք կը լողային քամերային շուրջ: Այդ էակներուն մեծութիւնը հազիւ քանի մը միլիմեթրէն մինչեւ մէկ անթիմեթր էր. անոնք ունէին խեցեմորթերու կերպարանք (կարիդոս, խեչափառ, կարկինոս):
Գիտնականներու խումբը կ՛եզրակացնէ, որ հոն գոյութիւն ունի կարեւոր բնաշխարհ մը: Սակայն ամէնէն զարմանալին այն էր, որ այդ անասունները կ՛ապրէին ամբողջական մութի եւ 2 աստիճան տաքութեան ջուրի մը մէջ, ուր ենթադրաբար բնաւ, կամ շատ քիչ ուտելիք գոյութիւն ունի… Գիտնականներ տեղւոյն վրայ ձգեցին իրենց գործիքները եւ մեքենաները` աւելի նկարներ առնելու եւ ուրիշ յաւելեալ տեղեկութիւններ հաւաքելու համար այդ գետին մասին:
Այդ անասունները իրենց բնական վայրէն հանելը այժմ անկարելի է եւ կրնայ անոնց մահուան պատճառ դառնալ, որովհետեւ անոնք կը շրջին շատ յատուկ միջավայրի մը մէջ, եւ սկզբնական գաղափարը այս չէր:
Հետաքրքրական
Ջրախոտերով
«Պոնպոն»
Չիլիի ծովուն մէջ կը գտնուի քոչայույօ կոչուած ջրախոտը: Երբ ան կը չորցուի, կը գործածուի ուտելիքներուն մէջ. ան շատ իւղոտ չէ եւ կը պարունակէ առողջութեան օգտակար ֆայպըրներ եւ փրոթէիններ:
Երկրին գիտնականները կը փափաքին, որ փոքրիկներ այս ջրախոտէն աւելի ուտեն: Հետեւաբար անոնք հնարած են պոնպոնի բաղադրատոմս մը, որ կը պարունակէ այս ջրախոտը: Եւ որպէսզի այս շաքարեղէնը ունենայ հաճելի եւ իւրայատուկ ձեւ մը, անոնք զայն կը շինեն 3D տպագրիչ մեքենայով մը:
Կը Սիրե՞ս
Պաղպաղակ Ուտել
Համեմներ պատրաստող «Ֆրենչ՛զ» ամերիկեան հաստատութիւնը այս ամրան համար նորութիւն մը կ՛առաջարկէ` քեչափի համով սառէ պաղպաղակներ:
Այս ձեւով «Ֆրէնչսիք» պաղպաղակները պատրաստուած են քանատական լոլիկներով եւ պիօ շաքարեղէգի շաքարով: Այս իւրայատուկ նորութեան համար ամերիկեան հաստատութիւնը գործակցած է քանատական «Հափփի փոփս» հաստատութեան հետ, որ մասնագիտացած է բնական նիւթերով փափուկ պաղպաղակներու պատրաստութեան մէջ:
Այս տարօրինակ գաղափարը յառաջացած է ուսումնասիրութենէ մը ետք. ըստ այս ուսումնասիրութեան, քանատացիներուն 79 առ հարիւրը քեչափ շատ կը սիրէ: Հետեւաբար քեչափով պաղպաղակը վստահաբար Քանատայի մէջ մեծ յաջողութիւն պիտի ունենար…
Մտածենք
Կրնա՞ս գտնել, թէ ո՛ր յարկաբաժինին մէջ կ՛ապրի իւրաքանչիւր բնակիչ:
Ապա փորձէ պատմութիւն մը հնարել թիւ 4, 6 եւ 11-ին համար:
***
Ա.- Սեւակը կրնայ մարդոց ոտքերը տեսնել իր պատուհանէն: Ան համալսարան յաճախած է իր քովի երիտասարդ դրացիին հետ: Անոնք երկուքը ժամեր անցուցած են միասին` համակարգիչի վրայ խաղեր խաղալով: Անոր ուսուցիչներէն մէկն ալ կ՛ապրի այս նոյն շէնքին մէջ:
Բ.- Քարմենը Մատրիտէն է: Անոր ամէնէն լաւ ընկերուհին ճաշարանին մէջ մատուցող է: Անոնք յաճախ իրիկունը պարելու կ՛երթան շէնքի մուտքի դրան վրայ բնակող երաժիշտին հետ:
Գ.- Պեթին կ՛ապրի ամէնէն վերի յարկին վրայ: Նոյն յարկին վրայ կ՛ապրի նաեւ տիկին Ալինը, որ համալսարանի դասախօս է: Անոր չիուաուա շնիկը գիշերները միշտ կը հաջէ, երբ կը լսէ վարի յարկէն բարձրացող երաժշտութեան ձայներ:
Դ.- Մաթիուն արժանթինցի է: Ան երկար ժամեր կ՛անցընէ սորվելով, որովհետեւ բժշկութիւն կ՛ուսանի: Իր վարի յարկը բնակող վարձակալին թութակը իրեն մեծ անհանգստութիւն կը պատճառէ:
Ե.- Պետիկը շէնքին մէջի միակ երաժիշտն է: Ան ճաշարանի մը մէջ խոհարարին օգնականն է: Ան կ՛աշխատի իր դրացի Անիին հետ, նոյն ճաշարանին մէջ:
Զ.- Լորնան քուպացի է: Ան շատ կը սիրէ իր շնիկը երաժշտութիւն ունկնդրել: Ան կ՛ապրի հարաւամերիկացի այլ ծագում ունեցող վարձակալին բնակարանին վրայ: Իր յարկին վրայ կ՛ապրին երկու ուրիշ կիներ:
Է.- Քեթին զուիցերիացի նախակրթարանի ուսուցչուհի է: Ան ունի կատու մը, սակայն անոր վարի յարկի դրացին բնաւ անասուն չի սիրեր. հետեւաբար Քեթին չի կրնար իր ճափոնցի դրացիին այցելել: Ան չի սիրեր նաեւ երկու յարկ վարը բնակող Տիճէյը:
Ը.- Ծագումով ֆրանսացի Լէա հիւանդապահուհի է: Ան շատ համով ճաշեր գիտէ եփել եւ յաճախ իր դրացիները ճաշի կը հրաւիրէ: Ան ֆրանսերէն կը խօսի իր քովի դրացիին հետ:
Թ.- Ռալֆի յարկաբաժինը շատ լուսաւոր չէ. սակայն անոր համար ասիկա հարց չէ: Ան միշտ իր համակարգիչին պաստառին առջեւն է: Ան սպաներէն կը խօսի, որովհետեւ շատ կը հաւնի վերի յարկի իր դրացուհին:
Ժամանց



