Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկն ու անոր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփն ու ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինը 19 նոյեմբերին հարաւային Չինաստանի Շինզին քաղաքին մէջ եռակողմ վեհաժողով մը պիտի գումարեն:
Նախարարութիւնը այս հակիրճ հաղորդագրութեամբ բաւարարուեցաւ, առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու:
Նշեալ վեհաժողովը պիտի գումարուի Ասիա-Խաղաղական ովկիանոսի պետութիւններու տնտեսական գործակցութեան` ԱՓԵՔ-ի չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օր գումարուելիք վեհաժողովի ծիրին մէջ:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ սպասուող եռակողմ վեհաժողովի ընթացքին հիւլէական զէնքի տարածման վերջ տալու թղթածրարը պիտի արծարծէ:
Աղբիւրներ օրաթերթին ըսած են, թէ Չինաստանը, Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգները եռակողմ ժողովը գումարելու որոշում տուած են` առանց նախապէս անոր օրակարգին շուրջ համաձայնելու:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը այս ծիրին մէջ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին յայտնեց, որ Թրամփի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ունի միջեւ Չինաստանի կամ Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ հանդիպումի կայացման ծրագիր գոյութիւն չունի:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաօ Նին աւելի ուշ, մեկնաբանելով այս շաբաթ Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներու յառաջիկայ եռակողմ հանդիպումը, յայտնեց. «Գործակցութեան ամրապնդումը, տարակարծութիւններու կարգաւորումը եւ Չինաստանի, Ռուսիոյ ու Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններու կայունացումը կը բխին բոլոր երեք երկիրներու շահերէն, կը համապատասխանեն միջազգային ընտանիքի սպասումներուն եւ կը նպաստեն համաշխարհային իրավիճակի կայունացման, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան զարգացման»:
«Ներկայ պայմաններուն մէջ այս երեք երկիրներու ուսերուն կ՛իյնայ համաշխարհային մարտահրաւէրներուն միասնաբար հակազդելու եւ խաղաղութեան ու կայունութեան նպաստելու կարեւոր պատասխանատուութիւնը», շեշտեց ան:
Նին յիշեցուց, որ Չինաստանը, Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները ՄԱԿ-ի հիմնադիր երկիրներ են եւ համաշխարհային կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամներ:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը աւելցուց, որ երեք պետութիւնները «ուս- ուսի տուած յաղթանակ արձանագրած են համաշխարհային հակաֆաշական պատերազմին ընթացքին»:
Քրեմլին յայտարարեց, որ հինգշաբթի օր Չինաստանի մէջ գումարուելիք ժողովը համաշխարհային հարցերուն վրայ մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ:
Ռուսիոյ նախագահի խորհրդական Եուրի Ուշաքով յայտնեց. «Կարելի չէ չափազանցել այս ժողովին խորհրդանշական կարեւորութիւնը: Անիկա իր տեսակին մէջ առաջինն է: Համաձայնութիւն գոյացաւ զայն կազմակերպելու փոխադարձ հասկացողութեան եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին մեր երեք երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցած դաշինքի ոգիով` կեդրոնանալով ՄԱԿ-ի հիմնադրութեան մէջ մեր երկիրներու գործակցութեան վրայ»:


