ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն
ԱՆԴՕ ՖԷՍԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 22 յունիս 2022-ին:
—————————————
ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ
ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՌՔԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԿ
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ եւ ձեռամբ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան հոգեպարար արարողութեան մասնակցելու համար 1 յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին մեր ուխտաւոր ժողովուրդին համար փոխադրամիջոցներ տրամադրուած պիտի ըլլան հետեւեալ վայրերուն դիմաց.
1.- Ֆանարի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի
2.- Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատուռ
3.- Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոց
4.- Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
5.- Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցի
6.- Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի
7.- Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցի
8.- Ս. Ագնէս վարժարան
9.- Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան
ԾԱՆՕԹ.- Կարեւորութեամբ կ՛ուզենք արձանագրել, որ փոխադրամիջոցները վերոյիշեալ ժամուն պիտի շարժին իրենց վայրերէն:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
ԿԱՅԱՆԱԼԻՔ ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ եկեղեցական ու ազգային մեծաշուք հանդիսութիւններ պիտի կայանան 1-3 յուլիս թուականներուն`
Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
– Ուրբաթ, 1 յուլիս 2022
– Անթիլիասի մայրավանք
– Երեկոյեան ժամը 7:00-ին
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿ
Կազմակերպութեամբ` Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանին
– Շաբաթ, 2 յուլիս 2022
– Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի սրահ
– Երեկոյեան ժամը 7:30-ին
Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
– Կիրակի, 3 յուլիս 2022
– Անթիլիասի մայրավանք
– Առաւօտեան ժամը 10:00-ին
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ
– Կիրակի, 3 յուլիս 2022
– Ս. Աստուածածին վանք, Պիքֆայա
– Երեկոյեան ժամը 7:00-ին
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՏԱՐԱԳ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 26 յունիս 2022-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ պատարագը պիտի մատուցէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂՅ. ԳԱՏԷՀՃԵԱՆ
Ժամերգութիւն` ժամը 8:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ լեցուելու օրուան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ