Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Ռուսիան, Ինչպէս Ոչ Ոք, Շահագրգռուած Է Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորումով»

June 23, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան կը կասկածի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ աշխատելու պատրաստակամութեան մասին Միացեալ Նահանգներու յայտարարութիւններու անկեղծութեան: Այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տանֆրիտի Ուաշինկթընի` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութեան աջակցելուն վերաբերող յայտարարութիւնը:

«Կը կասկածիմ Քերըն Տանֆրիտի յայտարարութեան անկեղծութեան: Եթէ Ուաշինկթընն ու Փարիզը իսկապէս կարեւոր կը նկատէին Մինսքի խմբակի միջնորդական իւրայատուկ ձեւաչափը, ապա անոնք իրենք իրենց պիտի չարտօնէին անտեսել բոլոր մասնակից պետութիւններուն կողմէ հաստատուած լիազօրութիւնը», ըսաւ Զախարովա:

Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան 24 փետրուարին, առանց որեւէ խորհրդակցութեան խզած են Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահին հետ հաղորդակցութիւնները: Այսպիսով, Զախարովայի համաձայն, եռեակի աշխատանքը մեծապէս անուղղելի վնաս կրած է:

Ան նշած է, որ այս քայլի պատճառներուն վերաբերեալ յստակ բացատրութիւն տակաւին չէ ստացուած:

«Ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ նման անպատասխանատու քայլերը պիտի չկրկնուին: Ձեւացնելը, թէ ոչինչ պատահած է, պարզապէս պիտի չյաջողի: Պէտք է հաշուի առնել նոր իրողութիւնները: Գրաւ դրուած է անոր վրայ, որ Ռուսիան պիտի մեկուսացուի, սակայն անոնք իրենց հաշուարկներուն մէջ կը սխալին եւ իրենք զիրենք մեկուսացուցած են մեզմէ: Մինչդեռ արտաքին աշխարհը միայն Եւրատլանտեանով չի սահմանափակուիր:

«Ռուսական կողմը, ինչպէս ոչ ոք, շահագրգռուած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն կարգաւորումով: Ան չի կրնար արտօնել, որ որոշ արտաքին դերակատարներուն քաղաքականացուած քայլերը խաթարեն շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վերականգնման ուղղուած առանց այդ ալ դժուարին ջանքերը:

«Մենք պիտի շարունակենք ընել մեզմէ կախեալ ամէն ինչ` անվերապահօրէն կատարելու այն պարտաւորութիւններն ու խնդիրները, որոնք արձանագրուած են երեք երկիրներու ղեկավարներու յայտարարութիւններուն մէջ», եզրափակեց Զախարովա:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը լրագրողի խնդրանքով նաեւ անդրադարձաւ 19 յունիսին Վարդենիսի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութեան խախտման պատճառով հայ զինուորի մահուան դէպքին:

«Ազրպէյճանի սահմանամերձ որոշ շրջաններու մէջ պարբերաբար տեղի ունեցող միջադէպերը, խնդիրները կը հաստատեն սահմաններու սահմանազատման հարցով երկկողմանի յանձնախումբի ծրագրաւորուած եւ կանոնաւոր աշխատանքի արդիականութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը:

«Մենք պատրաստ ենք մօտիկ ապագային Մոսկուայի մէջ կատարելու սահմանազատման երկկողմանի յանձնախումբի երկրորդ հանդիպումը: Ինչպէս յայտնի է, 24 մայիսին կողմերը համաձայնած են երկրորդ հանդիպումը կատարել Մոսկուայի մէջ: Ի հարկէ, կարեւոր քայլեր ձեռնարկուած են սահմանի կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու համար», ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

«Կողմերը մօտեցուցած են շարք մը հարցերու շուրջ դիրքորոշումները, քննարկումները շարունակուած են 16-17 յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի տնտեսական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ: Ռուսական կողմը պիտի շարունակէ սերտ աջակցութիւն ցուցաբերել տուեալ հոլովոյթին», ըսած է Զախարովա:

Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին, «3+3» ձեւաչափով երկրորդ հանդիպման օրուան ու վայրին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու աշխատանք կը տարուի:

«Մենք կը կարծենք, որ հանդիպումը կազմակերպող երկիրը պէտք է այս մասին տեղեկութիւն տրամադրէ», ըսաւ Զախարովա:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Կատարէ Վարչապետի Նշանակման Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները

Յաջորդը

Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Փոխվարչապետներու Հանդիպումը

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.