Հակառակ այն իրողութեան, որ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին պատճառով Միացեալ Նահանգներ խզած են Ռուսիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները, սակայն Ղարաբաղի հարցին մէջ պատրաստ են շարունակելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ համագործակութիւնը` յանուն խնդիրի խաղաղ եւ տեւական լուծման: Անցեալ շաբաթավերջին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ բացառիկ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տանֆրիտ:
Ան Երեւան այցելելէ առաջ հանդիպումներ ունեցած էր Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ:
Ի պատասխան «Ազատութեան» յստակացնող հարցումին, արտաքին գործոց փոխնախարարը տեղեկացուցած է, որ Մինսքի խմբակի նիւթը արծարծած է նաեւ Ազրպէյճանի նախագահին հետ իր հանդիպումի ընթացքին, սակայն այլ մանրամասնութիւններ չէ ներկայացուցած:
Պաքուի մէջ` Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններէն ետք ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը ըսած էր, որ շրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու լաւ հեռանկար կայ:
«Ազատութիւն»-ը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարին յիշեցուցած է Հայաստանի վարչապետին արտասանած վերջին խօսքերէն մէկը, թէ Հայաստանի միջազգային գործընկերները կ՛ակնկալեն, որ Երեւանը Ղարաբաղի հարցին մէջ քիչ մը իջեցնէ նշաձողը` ապահովելու համար Հայաստանի եւ Ղարաբաղի շուրջ աւելի մեծ միջազգային զօրակցութիւն: Ան «արդեօք Ուաշինկթըն այդ գործընկերներու շարքի՞ն է, եւ ի՞նչ կը նշանակէ նշաձողի իջեցում` մինչեւ ո՞ւր», հարցումին խուսափած է պատասխանելէ` յորդորելով այդ հարցերը վարչապետ Փաշինեանէն յստակացնել: Փոխարէնը կրկին ընդգծած է, որ թէեւ Հայաստանը իր դրացիներուն հետ ցաւոտ անցեալ ունեցած է, սակայն այսօր շրջանին մէջ կը նշմարուի հաշտեցման եւ խաղաղութեան հասնելու կարելիութիւն:
«Ես խորապէս կը հաւատամ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը այս աշխարհին վրայ իր առաքելութիւնը ունի: Եւ եթէ կան բաներ, որոնց մենք կը հաւատանք, եւ բաներ, զորս մենք կը ցանկանք, ապա մենք պէտք է թէ՛ միասնաբար, թէ՛ անհատապէս հետամուտ ըլլանք անոնց: Ու ես կը կարծեմ, որ հաշտեցման օրակարգը այն օրակարգն է, որ կը վերաբերի իւրաքանչիւր հայու: Ես տեղեակ եմ, թէ ի՛նչ ցաւալի պատմութիւն կայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Եւ ես գիտեմ, թէ որքա՛ն դժուար է յառաջ նայիլ եւ այլ ապագայ պատկերացնել: Սակայն ես համոզուած եմ, որ ձեր ակնդիրներէն իւրաքանչիւրը աւելի լաւ ապագայ կը ցանկայ հայութեան յաջորդ սերունդին, բոլոր հայերուն համար: Այնպէս որ, իմ յանձնառութիւնս է ըսել, որ մենք Միացեալ Նահանգներու մէջ կը ցանկանք ձեզի օգնել` ատոր հասնելու: Եւ ես կրնամ ձեզի հաւաստել, որ մենք ատիկա պիտի ընենք», յայտարարած է Քերըն Տանֆրիտ:


