Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կայացաւ «Խոհք Եւ Խօսք» Գիրքին Շնորհահանդէսը

June 22, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Թէքէեան մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ Մաղաքիա արք. Օրմանեանի «Խոհք եւ խօսք» գիրքին շնորհահանդէսը:

Գիրքը վերահրատարակուած է երկրորդ անգամ, 93 տարի յետոյ, Օրմանեան սրբազանի մահուան 100-ամեակին առիթով:

«Խոհք եւ խօսք» գիրքը կը ներկայացնէ ազգային-եկեղեցական գործիչ, պատմաբան, Հայ եկեղեցւոյ դաւանաբանութեան անգերազանցելի տեսաբան, Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք Մաղաքիա արք. Օրմանեանի կեանքին եւ գործունէութեան կարեւորագոյն դրուագները: Անոնք կը ներառեն սրբազանին ուսումնառութենէն մինչեւ պատրիարքական շրջանը` ամբողջութեամբ բացայայտելով անոր ապրած ժամանակն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր ջանքերը` Սուրբ Էջմիածինի հոգեւոր Ճեմարանի եւ ընդհանրապէս կրթութեան գործին մէջ:

«Եթէ Օրմանեան գրած ըլլար միայն «Ազգապատում»-ը, «Համապատում»-ը, «Հայոց եկեղեցին», արդէն պիտի անմահանար: Մաղաքիա Օրմանեանը Ներսէս Շնորհալիի հետ մեր եկեղեցւոյ ամէնէն կարկառուն հոգեւորականներէն է», նշեց գիրքի մեկենաս Փառէն արք. Աւետիքեանը:

Շահէ ծ. վրդ. Անանեան յայտնած է, որ Մաղաքիա Օրմանեան ունէր միջազգային համբաւ, սակայն մեզի յայտնի չէին անոր օտարալեզու` ֆրանսերէն եւ իտալերէն գիրքերը. ատոնք արգիլուած գիրքերու շարքին էին երկար ժամանակ` մինչեւ 1962 թուականը, երբ Պօղոս 6-րդ Պապը պաշտօնապէս հանեց արգելքը: Գէորգեան Ճեմարանի տեսուչը անդրադարձաւ նաեւ Օրմանեանի` Ճեմարանի մէջ դասաւանդելու շրջանին եւ ընդգծեց, որ աստուածաբանական կաճառի կայացման գործին մէջ ան անգնահատելի մեծ աւանդ եւ հսկայական ներդրում ունի:

Յակոբ Աւետիքեանը յատնեց, որ սրբազան Օրմանեանը պահպանողականութեան մեծագոյն ներկայացուցիչը կը համարուի: Ան այն կարծիքը յայտնած է, որ հակառակ իրականութեան մէջ Օրմանեանի շուրջ եղած հակասութիւններուն, անոր տուած դասերուն պէտք է դիմեն բոլորը` քաղաքագէտները, կրթութեան պատասխանատուները, դիւանագէտները եւ այլք:

Պատրիարքը գիրքը գրած է Երուսաղէմի եւ Դամասկոսի մէջ Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, երբ աշխարհի վիճակը անորոշ էր, իսկ հայութեան վիճակը անյուսալի եւ ողբալի ընթացքի մէջ էր:

Վերջինս այն կարծիքին է, որ Օրմանեանի անձը այսօր ալ կրնայ օրինակ դառնալ մեզի համար` իրավիճակի կրկնութեան, երեւոյթները ճիշդ տեսնելու, աղէտալի իրավիճակներու մէջ ճշմարտութեան աչքերուն կարենալ նայելու տեսանկիւնէ:

Գիրքին լոյս ընծայումը այսօր առաւել քան արդիական է, երբ շատ արժէքներ հարցականի տակ կը դրուին մեր երկրի եւ աշխարհի մակարդակով:

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ֆաթհ Ալի Շահին Գահակալութենէն Ետք` Երեւանի Ալի Ղուլի Խանին Չէզոքացումը Եւ Սաֆար Ալի Բէկի Նահատակութիւնը

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Խմբապետուհիներէն Մարօ Քէշիշեան Հանդիպում Ունեցաւ Արցախի Սկաուտներուն Հետ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

January 28, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

January 21, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.