Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ֆաթհ Ալի Շահին Գահակալութենէն Ետք` Երեւանի Ալի Ղուլի Խանին Չէզոքացումը Եւ Սաֆար Ալի Բէկի Նահատակութիւնը

Յունիս 22, 2022
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աղապէյիմ Աղա Ջաւանշիր`
Արքունի Հարէմին Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Աղա Մոհամէտ շահին սպանութենէն (17 յունիս 1797) ետք պարսկական բանակը խառնիխուռն հեռացած էր Շուշիէն, իսկ Իպրահիմ Խալիլ խան գիւլեաթաղցի Ռուստամ բէկի աջակցութեամբ վերադարձած էր Ղարաբաղ: Պարսկաստանի մէջ խառնակ վիճակ ստեղծուած էր եւ գահակալական կռիւներ կը մղուէին:

Սատէգ խան Շիկակի, որ Ղազուինի մէջ կեդրոնացած` կը փորձէր չէզոքացնել Ղաջար արքայատոհմը, իր եղբայրներ Ջաֆար Ղուլի խանին եւ Մոհամէտ Ալի Սուլթանի լուր ղրկեց որ ցեղախմբային ուժերով գրաւեն Թեհրանը:

Նոյն ժամանակ մեծ վեզիր Հաճի Իպրահիմ Շիրազի նամակ գրեց գահաժառանգ իշխան Պապա խանի եւ ուղարկեց Շիրազ: Մեծ վեզիրը տեղեկութիւններ կը փոխանցէր Թեհրանի եւ շրջակայքին մէջ տիրող կացութեան մասին, կը թելադրէր վերակազմել բանակը եւ մայրաքաղաքը հակակշիռի տակ առնել:

Թեհրանի քալանթար Միրզա Շաֆի Մազանտարանի մայրաքաղաքին մէջ տեղադրուած թնդանօթները Հաճի Իպրահիմ Շիրազիի տրամադրութեան տակ դրաւ:

***

Երեւանի բնակիչները, երբ իմացան Շուշիի մէջ Աղա Մոհամէտ շահի սպանութեան մասին, ապստամբութիւն բարձրացուցին խանութեան տիրակալ Ալի Ղուլի խանին դէմ:

Ալի Ղուլի խան Երեւանի խանութեան վրայ իր կարճատեւ իշխանութեան շրջանին անշնչելի մթնոլորտ ստեղծած էր: Սաստիկ բռնութիւնները, պարտադրուած կամայական ծանր տուրքերը եւ կիներու ու աղջիկներու առեւանգումները ահաւոր համեմատութիւններ ստացած էին:

Ալի Ղուլի խան, տեսնելով որ պիտի չկարենայ զսպել գազազած ժողովուրդը եւ քաղաքը հակակշիռի տակ պահել, փախուստ տուաւ Երեւանէն: Ան նաեւ յոյս ունէր որ կրնայ գրաւել սպաննուած եղբօր գահը:

Ալի Ղուլի խան Ղաջար ինը եղբայրներուն կրտսերն էր: Մասնակցած էր երէց եղբօր` Աղա Մոհամէտ խանի զինուորական արշաւանքներուն եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր Թեհրանէն հարաւ-արեւելք տարածուող Քարչաք եւ Վարամին գաւառներու գրաւման ժամանակ: Այդ շրջաններուն մէջ կեդրոնացած էր Ղաջարներու Տեւելու ճիւղը, որուն հաւատարմութիւնը եւ նեցուկը անհրաժեշտ էր ցեղային միութիւնը պահպանելու համար: Ղաջարներու ցեղային միութեան պահպանութեան նախանձախնդրութեամբ նաեւ կարելի էր  բացատրել Թեհրանի ընտրութիւնը իբրեւ մայրաքաղաք:

Երեւանցիներէն հալածական Ալի Ղուլի խան իր հետեւորդներով հասաւ Թեհրանի դարպասները: Միրզա Շաֆի արգիլեց անոր մուտքը մայրաքաղաք եւ սպասեց Շիրազէն Պապա խանի գալստեան: Ալի Ղուլի խան մայրաքաղաքէն արեւմուտք գտնուող Ալիշահ Էվազ ամրոցին մէջ կեդրոնացաւ:

***

Պտկաթաղի վանքը Հադրութի շրջանին մէջ, Թաղուտ եւ Ծակուռի գիւղերուն միջեւ, Մինգոլտեղ գետակի աջ ափին:

Գահաժառանգ իշխան Պապա խան Շիրազէն ճամբայ ելաւ 1797 յուլիսին: Քենարկերտի մէջ զայն դիմաւորեց Հաճի Իպրահիմ Շիրազի: Մայրաքաղաքին դարպասները բացուեցան գահաժառանգին առջեւ:

Պապա խան 28 յուլիսին Սուլթան Պապա խան անունով ստանձնեց իշխանութիւնը:

Սուլթան Պապա խան իր մօտ կանչել տուաւ Ալի Ղուլի խանը: Արքայական պահակագունդը զինաթափ ըրաւ Ալի Ղուլի խանին թիկնապահները եւ զայն դահլիճ առաջնորդեց: Պալատականներու ներկայութեան Ալի Ղուլի խանին պարտադրուեցաւ խոնարհիլ Պապա խանին առջեւ, որմէ ետք բոլորը կարգով հայհոյեցին եւ նզովեցին Երեւանի երբեմնի տիրակալը: Այնուհետեւ զայն մօտակայ սենեակը մտցուցին եւ կուրցուցին: Կուրացուած Ալի Ղուլի խան Պարֆորուս (Պապոլ) աքսորուեցաւ, ուր մահացաւ 1824-1825-ին:

***

Ալի Ղուլի խանի չէզոքացումէն ետք թագաւորական բանակը իրերայաջորդ քանի մը ճակատամարտերու ընթացքին ընկճեց Սատէգ խան Շիկակիի ուժերը եւ գրաւեց Ղազուինը:

Շիկակները քաջ եւ հերոսական աշիրէթ են: Անոնք պատմութեան մէջ յիշուած են 1207-էն: Շարաֆնամէի (գրուած` 1597-ին, պարսկերէն) համաձայն անոնք Պոհթանի եւ Հասանքէյֆի էմիրութիւններու ազդեցիկ աշիրէթներէն էին: ԺԶ. դարու օսմանեան տեֆթէրներու համաձայն կեդրոնացած էին Պերեճիկի, Սուրուճի եւ Չմշկածագի շրջաններուն մէջ: ԺԷ. դարուն անոնք Ուրմիոյ լիճէն արեւմուտք տարածուող Սալմաստ եւ Ուրմիա գաւառներու լեռնային շրջաններուն մէջ կեդրոնացան, տիրեցին Պարանտուզ գետի հովիտին մէջ գտնուող Չեհրիք ամրոցին եւ թուրք-պարսկական սահմանին վրայ ազդեցիկ ուժ մնացին:

Սատէգ խան Շիկակի տասը հազար հոգինոց ցեղային կռուող ուժ ունէր: Անոր ուժն ու հեղինակութիւնը նկատի ունենալով Սուլթան Պապա խան ներում շնորհեց անոր, վերահաստատեց զայն իբրեւ Սարապի կառավարիչ եւ Միանէի կառավարչութիւնն ալ անոր յանձնեց:

Սատէգ խան կրկին փորձեց ապստամբիլ, բայց Հաճի Իպրահիմ Շիրազի յաջողեցաւ զսպել զայն եւ քարկոծելով մահապատիժի ենթարկեց:

***

Ֆաթհ Ալի շահ

Սուլթան Պապա խան, իր հակառակորդները ընկճելէն ետք, գահակալական պաշտօնական արարողութեամբ, 1 շաուալ 1212-ին (19 մարտ 1798), Նովրուզէն երկու օր առաջ, Ֆաթհ Ալի շահ անունով թագաւոր օծուեցաւ Թեհրանի մէջ:

Անցեալին պարսից արքաներուն թագը շիի տասներկու իմամներուն անուններով պատրաստուած կ՛ըլլար: Աղա Մոհամէտ շահին կարգադրութեան համաձայն Ղաջար արքայական թագը` Թաճ-Է Քիանի (պարսիկ աւանդական Քիանի կամ Քայանեան արքաներուն անունով) պատրաստուած է 1796-ին, կարմիր թաւիշէ, վրան` 1800 փոքր մարգարիտ, 300 զմրուխտ եւ 1800 սուտակ: Նոր գահակալը վրան Ֆաթհ Ալի շահ արձանագրութեամբ Թաճ- Է Քիանի պատրաստել տուած էր:

Ֆաթհ Ալի շահ արքայական նոր գահ պատրաստել տուաւ Թախտ-է Խուրշիտ (արեւի գահ) անունով: Այնուհետեւ պատրաստել տուաւ նաեւ Թախտ- է Նատերի (հազուագիւտ, անզուգական) գահը:

Արքայական պալատը` Քախ- է Կոլեսթան, Թեհրանի միջնաբերդին մէջ, շարք մը բաժանմունքներէ բաղկացած եւ պարտէզներով շրջապատուած էր:

Ֆաթհ Ալի շահ Հիւսէյն Ղուլի խան Ղաջարի որդին էր, ծնած` 1769 մայիսին, Տամղան: Մանկութեան իր հօրեղբայր աղա Մոհամէտ խանին հետ Շիրազի մէջ պատանդ պահուած էր Քերիմ խան Զանտի պալատը: Ազատելէն ետք մասնակցած էր շարք մը կռիւներու: Ներքին ցեղախմբային կռիւներուն իր հօրեղբօր` Աղա Մոհամէտ խանին աջակից եղած էր: Առաջին անգամ ամուսնացած էր վրացուհի Զիպա Չեհար խանումի, երկրորդ անգամ արաբ Պասթամի ցեղէն Պատր Ճահանի, երրորդ անգամ իրեն ցեղակից Ասիա խանումի հետ: 1786¬ին ներքինի հօրեղբօր ժառանգորդ հռչակուած էր: 1787¬ին գրաւած էր Եազտը եւ 1789-1790¬ին ընկճած էր Զանտ ուժերը:

***

Ղարաբաղի Իպրահիմ Խալիլ խան, Իրանի նոր գահակալին հետ լեզու գտնելու, հաւատարմութիւն ցոյց տալու եւ իր վերահաստատուած իշխանութիւնը պահպանելու նպատակով վատաբար բռնել տուաւ Աղա Մոհամէտ շահը սպաննած սենեկապետ Սաֆար Ալի բէկը եւ ուղարկեց Պարսկաստան:

Իպրահիմ Խալիլ խան Ֆաթհ Ալի շահին կը հաւաստիացնէր ըսելով, որ Աղա Մոհամէտ շահին սպանութիւնը կատարուած է ոչ միայն առանց իր կամքին, այլ հակառակ իր կամքին:

Սաֆար Ալի բէկ Թաւրիզի մօտակայ վայր մը տարուեցաւ, ուր ահաւոր չարչարանքներու ու խոշտանգումներու ենթարկուեցաւ: Անոր ոտքերուն չափով պայտեր պատրաստուեցան: Յետոյ ոտքերը ամէն կողմէ երկաթէ կապանքներով պնդացուցին, մահացու պայտերուն տակ դրին եւ սրածայր գամերով գամեցին: Յորդահոս արիւնը առուակի նման սկսաւ վազել վէրքերէն: Յետոյ շղթաներով կապեցին ձեռքերը, ոտքերը եւ պարանոցը եւ տարին Թաւրիզ:

Թաւրիզի մէջ Սաֆար Ալի բազմատեսակ հարցաքննութիւններու ենթարկուեցաւ, դատուեցաւ եւ չարչարալից մահուան դատապարտուեցաւ: Մահապատիժի վճիռին մէջ դատաւորը կը հրամայէր չարաչար կերպով տանջել զայն, անդամ-անդամ կտրատել, յետոյ ալ ձգել իբրեւ գիշատիչ գազաններուն ու թռչուններուն կեր:

Դատաւորի հրամանին համաձայն դահիճները խստագոյն չարչարանքներով ճամբայ հանեցին զայն դէպի մահապատիժի գործադրման վայրը:

Այդ պահուն մահապարտը բերանը բացաւ եւ սկսաւ անարգել իսլամական կրօնը, եւ խոստովանեցաւ ըսելով որ ինք իսկապէս կը հաւատայ քրիստոնեաներու կրօնին:

Այս խօսքերուն վրայ դահիճները կատաղի գազաններու նման յարձակեցան վրան եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր սուրին ծայրը անոր արիւնով ներկեց:

Այսպէս տանջելով զայն հասցուցին քաղաքէն դուրս, մահապարտներու վայրը: Հոն զայն չարչարանքներով եւ մարմինը կտրատելով սպաննեցին: Կտրատուած մարմինը հոն ձգեցին, որ դատաւորի հրամանին համաձայն գազաններուն ու թռչուններուն կեր դառնայ:

Հայեր, որոնք գիտէին անոր հայ քրիստոնեայ ըլլալը, աղաչեցին որ նահատակին մարմինը իրենց տան թաղելու համար: Իշխանութիւնները թոյլ տուին որ հայեր իրենց «անարգ օրէնքին համեմատ» թաղեն զայն, որովհետեւ աւելի վատթար, ստորին կը համարուէր քրիստոնէական թաղումը, քան գազաններուն կեր դառնալը:

Աւանդութիւնը կ՛ըսէ որ նոյն գիշերը լոյս իջած է անոր գերեզմանին վրայ:

***

Աղապէյիմ աղա Ջաւանշիր

Իպրահիմ Խալիլ խանի եւ անոր կիներէն Խուրշիտ պեկումի (որ Գանձակի Շահվերտի խանին դուստրն էր) դուստր Աղապէյիմ աղա Ջաւանշիր, ծնած` 1780-ին, Շուշի, պիտի ամուսնանար իր զարմիկ Մոհամէտ բէկի հետ, երբ սկսաւ Աղա Մոհամէտ շահին արշաւանքը:

Աղա Մոհամէտ շահին սպանութենէն եւ պարսկական բանակին Շուշիէն հեռացումէն ետք Մոհամէտ բէկ իր փախստական հօրեղբօր փոխարէն ձեռք առած էր Ղարաբաղի խանական իշխանութիւնը: Բայց մելիք Ռուստամի աջակցութեամբ Մոհամէտ բէկ չէզոքացուած եւ Իպրահիմ Խալիլ խան վերադարձած էր Շուշի: Մոհամէտ բէկ Շամախի փախած, բայց կուրացուած եւ Շուշի վերադարձուած էր:

Աղապէյիմ, որ բանաստեղծուհի էր, գրեց. «Ափսոս որ եարս գիշերը եկաւ, գիշերը գնաց. բնաւ չեմ գիտեր իմ կեանքը ինչպէս եկաւ, ինչպէս գնաց»:

Իպրահիմ Խալիլ խան, Թեհրանի հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նպատակով, Աղապէյիմը Ֆաթհ Ալի շահին կնութեան ուղարկեց:

Ֆաթհ Ալի շահ մեծ հարէմ կազմած էր: Իբրեւ հաւատացեալ իսլամ պաշտօնապէս չորս կին կը պահէր. մէկը կը ձգէր եւ ուրիշ մը կ՛առնէր: Կիներէն Մարիամ խանում Պանի Իսրայէլ մազանտարանցի հրեայ ընտանիքէ էր եւ հռչակուած էր իբրեւ «գեղեցկութեան մէջ մրցակից չունեցող»:

Ֆաթհ Ալի շահին կիները իրաւունք ունէին հարէմ մտնելէ առաջ դահլիճէն իրենց ուզած հագուստը ընտրելու: Աղապէյիմ ընտրեց այն հագուստը, որ անցեալին շահին մայրը հագած էր:

Ֆաթհ Ալի շահ, նախապաշարուած` անձեռնմխելի պահեց Աղապէյիմը, զայն հարէմի կիներու պատասխանատու նշանակեց եւ հագուստը մարգարիտներով զարդարել տուաւ:

Աղապէյիմ կարօտով կը յիշէր իր ազատ կեանքը եւ վիշտը արտայայտեց բանաստեղծութիւններու մէջ.

«Ես սիրեցի, Ղարաբաղ, Շաքի, Շիրվան, Ղարաբաղ: Թեհրան նոյնիսկ եթէ դրախտ ըլլայ, երբեք չեմ մոռնար Ղարաբաղ»:

Աղապէյիմ աղա Ջաւանշիր մահացաւ 1832¬ին, Թեհրանի մէջ եւ Քոմի մէջ թաղուեցաւ:

 

 

Նախորդը

Պայքարը Շարունակւում Է, Վրանային Հրապարակով Կամ Առանց Դրա…

Յաջորդը

Կայացաւ «Խոհք Եւ Խօսք» Գիրքին Շնորհահանդէսը

RelatedPosts

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Աղա Մոհամէտ Շահին Սպանութենէն Ետք` Պարսկական Բանակին Խուճապային Փախուստը Եւ Իպրահիմ Խալիլ Խանի Վերադարձը Շուշի
Պատմական

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Աղա Մոհամէտ Շահին Սպանութենէն Ետք` Պարսկական Բանակին Խուճապային Փախուստը Եւ Իպրահիմ Խալիլ Խանի Վերադարձը Շուշի

Յունիս 15, 2022
Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Պարսկական Բանակին Բռնութիւնները Շուշեցիներուն Դէմ Եւ Աղա Մոհամէտ Շահին Սպանութիւնը Շուշիի Մէջ
Պատմական

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Պարսկական Բանակին Բռնութիւնները Շուշեցիներուն Դէմ Եւ Աղա Մոհամէտ Շահին Սպանութիւնը Շուշիի Մէջ

Յունիս 8, 2022
Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Մելիք Մեջլումի Սպանութիւնը Եւ Հաթամ Բ.` Ջրաբերդի Տէր
Պատմական

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մելիք Մեջլումի Սպանութիւնը Եւ Հաթամ Բ.` Ջրաբերդի Տէր

Մայիս 25, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In