Սկաուտական աշխատանքներու աշխուժացման, առաջնորդ սկաուտներ պատրաստելու առաքելութեամբ Արցախ կը գտնուի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական խմբապետուհի Մարօ Քէշիշեանը:
Քէշիշեան յառաջիկայ 5 ամիսներուն պիտի աշխատի Արցախի երիտասարդ սկաուտներուն հետ, որոնց հետ առաջին հանդիպումը կայացաւ յունիս 17-ին Արցախի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան գրադարանին մէջ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան` ՀՄԸՄ Արցախի մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներ եւ սկաուտներ: