Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արնելի Արթ»-ի` «Զիքօ Հաուզ»-ին Մէջ Կազմակերպած Ցուցահանդէսը. Տաղանդաւոր Գեղանկարիչ Սարգիս Սիսլեանի Գործերը Դրսեւորեցին Տագնապներու Դիմակալման Իւրայատուկ Ոճ

Յունիս 20, 2022
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Երիտասարդ արուեստաբան Ծովիկ Արնելեանի նախաձեռնած «Արնելի արթ կալըրի»-ն  վերջերս կազմակերպեց գեղանկարիչ Սարգիս Սիսլեանի անհատական ցուցահանդէսը` գործակցաբար «Զիքօ հաուզ»-ի, համանուն տան մէջ: 26 մայիսէն 9 յունիս 2022-ի միջեւ երկշաբաթեայ տեւողութեամբ ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ ներկայութեամբ Ճափոնի դեսպան Օքոպօ Թաքիշիին եւ գաղութի արուեստասէր հասարակութեան:

Աւելի քան քանի մը տասնեակ պատկերներով զարդարուած ցուցասրահին մէջ այցելուներու ուշադրութեան առանցքը կը կազմէր երանգախառն գիծերու խճանկար յիշեցնող արուեստի գործերու փունջը: Գործեր, որոնք իրենց երանգներուն մէջ կը խտացնեն ահաւոր դէպքի մը գոյժը յիշեցնող ներաշխարհի մը տխրութեան, կորուստի, ցասումի, յուսախաբութեան եւ յուզմունքի տագնապահար պոռթկումը:

Արդարեւ, արհեստով ձեւաւորող (տիզայնըր) հօրը օգնելու նպատակով երիտասարդ Սարգիս Սիսլեան երբ կ՛որոշէ մասնագիտանալ ԱԼՊԱ հիմնարկի տեսողական արուեստի ճիւղին մէջ (Visual Art – ALBA), գիծերու եւ գոյներու ներդաշնակութեան հետքերով սուզուած` գեղանկարիչի իր մտայղացքին մէջ կ՛ուրուագծէր շատ մը ծրագիրներ: Սակայն 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը կը կաղացնէ ու կ՛արգելակէ իր ծրագիրներու իրագործումը: Իր վիշտն ու ցասումը զսպելով` ան կ՛ընդառաջէ նշեալ պայթումի զոհերու յիշատակին նուիրուած հաւաքական ցուցահանդէսի մը կոչին: Ապա, գործակցաբար «Արնելի արթ»-ի եւ «Զիքօ հաուզ»-ին, կը կազմակերպէ իր անհատական առաջին այս ցուցահանդէսը, որուն մեկենասութիւնը կը ստանձնեն Պալամանտ համալսարանի գեղարուեստի բաժանմունքը-ԱԼՊԱ  եւ «Օվըր Լեպանոն» հաստատութիւնը (Académie Libanaise des Beaux Arts – University of Balamand, oVR Lebanon): Ցուցահանդէսի համադրողն էր (curator) Մանար Ալի Հասան:

Պէյրութի Մար Մըխայէլ շրջանին բնակիչներէն ըլլալով` Սիսլեանի ընտանիքը եւս անմասն չէր մնացած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետեւանքներէն: Նիւթական վնասներու կողքին, խորտակուած էր նաեւ Սիսլեանի, ինչպէս եւ հազարաւոր ուրիշներու ներաշխարհը: Անոնցմէ ոմանք չդիմանալով, որոշեցին արտագաղթել` այլ ափերու վրայ նոր հորիզոններ փնտռելու: Ուրիշներ վճռեցին մնալ, վերակառուցել ու գոյատեւել: Խորքին մէջ մեկնողներուն թէ մնացողներու ներաշխարհին մէջ մնաց գրեթէ անբուժելի սպի մը, արատ մը, դառն յիշողութիւն մը, որուն մասնակի դարմանումը վիճակուած է «ժամանակ»-ին, երբ նոր ու խոստմնալից դէպքեր ու պահեր իրենց ձգելիք տպաւորութեամբ կը յաջողին վերստին ոգեւորել մնացողներն ու այդ արհաւիրքէն ճողոպրածները:

Երիտասարդ Սարգիս Սիսլեան մնացողներէն էր, որ կրցաւ իր տխուր ներաշխարհին մէջ կծկուած նաւահանգիստի պայթումին ահաւոր «պահ»-ը եւ անոր առթած ապրումները «յաւերժացնել» արուեստի կոճղերուն մէջ: Տաղանդաւոր այս գեղանկարիչին գործերը կը ցոլացնեն բնազդային պոռթկումը` իր եւ իր նման հազարաւոր լիբանանցիներու եւ ցաւակիցներու ապրած սուգին, տխրութեան, ընդվզումին ու զայրոյթին: Սիսլեանի արուեստին ոճը իւրայատուկ է, օրինակ` մատիտի, խառն գոյներու եւ ածուխով թուղթի (paper) կանվայի (canvas), աքրիլիք (acrylic) գծուած թէ զետեղուած տարբեր ձեւի ու չափի գեղանկարներու փունջին մէջ «Թրանսմիւթէյշընզ» (Փոխակերպումներ-Transmutations) ընդհանուր խորագիրին տակ նշուած են` «Տը Ռիլէյթըպըլ» (Առնչակիցը-The Relatable) «Տի Ինեֆապլ» (Անասելին-The Ineffable) եւ «Տի ընքանի» (Արտասովորը-The Uncanny) ենթախորագիրները: Նշեալ պայթումին եւ առհասարակ տիրող ընկերային, տնտեսական, առողջապահական, ապրուստի,  կենցաղային եւ այլ մտահոգութիւններուն պատճառով անոր եւ այլ տագնապահար մարդոց ներաշխարհը չարչրկող բազմաթիւ մտահոգութիւններու, հարցադրումներու խճանկարը ցոլացնող Սիսլեանի վրձինը կ՛արտացոլայ զանազան պիտակներով, ինչպէս` «Անալոկըս» (Համանման -Analogous) պիտակին տակ համախմբուած վեց դիմանկարները, ուր իւրաքանչիւրին մէջ զայրոյթի թէ տխրութեան ապրումը դրսեւորուած է իւրայատուկ ոճով: Նմանապէս` «Օնթոլոկզ» (բնազանց -Ontologs) «Վէյլ» (քող -Veil) եւ այլ` տակաւին երկարող պիտակներու շարքերէն ներս խմբուած գեղանկարներ, որոնց մէջ առանցքային տեղ կը գրաւէ տխրութեան, յուսախաբութեան եւ ցասումի ապրումը, բայց նաեւ` վիշտն ու տառապանքը արհամարհող վերականգնումի, յոյսի եւ գոյատեւմա՛ն վճռակամութիւնը:

Սիսլեանի ստեղծագործական թռիչքը անհուն է: Անոր արուեստի տաղանդը գիծ ու երանգ կը ստանայ ինքնըստինքեան, ինքնաբուխ կերպով` ըստ «պահ»-ի առթած տրամադրութեան, ինչպէս կը հաստատէր ան «Ազդակ»-ի հետ մտերմիկ զրոյցի պահուն: Տիրող տագնապներն ու մարտահրաւէրները արուեստի միջոցով դիմակալելու եւ յաղթահարելու իր ճիգերուն մէջ այս երիտասարդ արուեստագէտը նոյնքան պատրաստակամ է ընդառաջելու իր արմատներու կոչին` Արցախի թէ հայրենիքի մասին ազգային պիտակով ստեղծագործելու, յատկապէս երբ այդ մղումը կը ծնի ինքնաբուխ կերպով: «Ազդակ»-ի այլ հարցումներուն անդրադառնալով` Սիսլեան առայժմ վճռած է Լիբանան մնալ ու շարունակել իր գեղանկարչական երթը: Այս առթիւ իր սերնդակից երիտասարդութեան թէ հաւաքականութեան փոխանցելիք խօսքի մասին հարցումին վերաբերեալ, գեղանկարիչ Սարգիս Սիսլեան կոչ ուղղեց` կառչելու կեանքի մէջ ներկայացող պատեհ «պահերուն», որոնք կրնան չկրկնուիլ, եւ որոնք կրնան անկիւնադարձային դեր ունենալ իրենց կեանքին մէջ եւ օգտագործել զանոնք ի սպաս իրենց անհատական թէ հաւաքական ընկերութեան ծառայութեան: Ան իր շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան զգացումները յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս ցուցահանդէսի իրականացման ու յաջողութեան: Սիսլեան տակաւին շատ ծրագիրներ ունի իր ստեղծագործական մտայղացքի հորիզոններուն գծով, ինչպէս` զինք տպաւորած ականաւոր անձնաւորութիւններու դիմանկարներու գծագրութիւն եւ այլն, սակայն այդ բոլորը կը սպասեն իրենց յարմար ու պատեհ առիթին, պահին, երբ յանկարծ ներքին, ինքնաբուխ մղումով կրնայ գծել ու երանգաւորել իր արուեստի ձիրքերն ու ապրումները:

 

 

 

Նախորդը

Պայքարը Պիտի Շարունակուի Եւ Ընդարձակուի Նոր Ոճով Ու Միջոցներով

Յաջորդը

Ազգային Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Եւ Օսի Քէսմէեան Մանկամսուրի Ամավերջի Հանդէս

RelatedPosts

Սպասում
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցախեան Աղէտներու Դրսեւորումը Շարժապատկերի Մէջ

Յունիս 7, 2022
Սպասում
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցախեան Աղէտներու Դրսեւորումը Շարժապատկերի Մէջ

Յունիս 6, 2022
Սպասում
Արուեստ - Մշակոյթ

Գիտա-Երեւակայական Հերթական Ահազանգ «Նոր Սառցէ Դար»

Ապրիլ 11, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In